Յունական ազդեցիկ «Քաթիմերինի» թերթի հարցումին պատասխանելով, Սպիտակ Տունը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մտադիր է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վստահեցնել, որ նման վայրագութիւններ երբեք պիտի չկրկնուին։
38 ամերիկացի ծերակուտականներու՝ Ճօ Պայտընին ուղղուած նամակին առիթով, որով կը պահանջուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, «Քաթիմերինի» թերթը հարցում ուղղեց Սպիտակ Տան ներկայացուցիչին, որ պատասխանեց, թէ այս կառավարութիւնը յանձնառու է ստանձնել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ երաշխաւորել, որ այդպիսի վայրագութիւններ պիտի չկրկնուին։ Այս գործընթացի կարեւոր բաժինը կը հանդիսանայ Պատմութեան ճանաչումը։
Յունական թերթին ղրկած իր պատասխանին մէջ, Սպիտակ Տունը կը նշէ Ճօ Պայտընի կապտումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար՝ իր նախընտրական պայքարի ընթացքին տրուած խոստումին մէջ։ «Որպէս նախագահական թեկնածու, նախագահ Պայտըն անդրադարձաւ 1,5 միլիոն հայ տղամարդոց, կիներուն եւ փոքրիկներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն։ Ան յայտնեց, թէ չենք կրնար մոռնալ, ոչ ալ լուռ մնալ այս ահաւոր եղեռնագործութեան դէմ։ Մենք միշտ պիտի յարգենք հայ ժողովուրդի դիմացկուն ըլլալու իրողութիւնը այսպիսի ողբերգութեան մը դիմաց։ Այս կառավարութիւնը յանձնառու է յառաջ մղելու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ ապահովելու որ նման վայրագութիւններ երբեք պիտի չրկրնուին։ Այս գործընթացի կարեւոր բաժինը կը հանդիսանայ Պատմութեան ճանաչումը», ըսուած է «Քաթիմերինի» թերթին ուղղուած պատասխանին մէջ։
38 ծերակուտականներ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրին Պայտընին
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 19 Մարտին հաղորդեց, թէ 38 ծերակուտականներ միացած են Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Ռոպըրթ Մենենտեզին՝ միասնաբար պահանջելով նախագահ Ճօ Պայտընէն, որ վերջ մը դնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի ջանքերուն հետեւելու Ամերիկայի նախագահներու կեցուածքին, յստակօրէն ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։
Յոյն-ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեցին այս քայլը եւ այս վերջինին գործադիր վարիչը՝ Արամ Համբարեան, յիշեցուց, որ Պայտըն՝ իբրեւ ծերակուտական արդէն իսկ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ շատ լաւ դիրքի վրայ է իբրեւ նախագահ եւս դատապարտելու Ցեղասպանութիւնը։