Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանը կը հաղորդէ, թէ Յունաստանի Զինեալ Ուժերու սպայից վարժարանի հրամանատար՝ զօրապետ Տիմիթրիոս Խուբիսի հրաւէրով, Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պ. Պօղոս Չոլաքեան, Ուրբաթ՝ 21 Յունիս 2019ի առաւօտուն, ներկայ գտնուեցան սպայից վարժարանի ուսանողներու երդման արարողութեան։ Այս տարուան երդուող սպաներու կարգին կային Հայաստանէն երեք ուսանողներ։
Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու ատենապետը առանձնակի հանդիպում մը ունեցան հայ ուսանողներուն հետ եւ շնորհաւորեցին ու քաջալերեցին զիրենք՝ որպէս Հայաստանի բանակի ապագայի բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ հայ ուսանողներուն։
Երդման արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրն ու ատենապետը հանդիպեցան զօրապետ Տիմիթրիոս Խուբիսի հետ, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իրենց ներկայութեան համար, հաստատելով, որ հայ ուսանողները յաջող ու փայլուն մասնակցութիւն կը բերեն սպայից վարժարանի դասընթացքներուն։ Յաջորդեց պաշտօնական հիւրասիրութիւն։
Սպայից վարժարանի ուսանողներու երդման արարողութիւն
Սպայից վարժարանի ուսանողներու երդման արարողութիւն