Միհրան Ք.
Վերջերս «Ստոխաստիս» (ΣΤΟΧΑΣΤΗΣ) հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ տիկին Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի հեղինակած «Սոֆիա» գիրքին յունարէն թարգմանութիւնը:
Հրատարակիչը՝ պրն. Ղուկաս Աքսելոս ջերմ բարեկամ է հայութեան, հայ գիրին ու գրականութեան եւ միշտ եղած է քաջալերողը հայկական նիւթերով իրեն ներկայացուած թարգմանութիւններուն եւ այլ տարբեր գիրքերու: Անոր տնօրինութեամբ եւ միեւնոյն հրատարակչատունէն լոյս տեսած են, միայն քանի մը հատը նշած ըլլալու համար՝ «Հայաստանն ու Հայկական Հարցը», (Η Αρμενία και το Αρμενικό Ζήτημα), «Հայաստանը դրոշմաթուղթներու ընդմէջէն» (Η Αρμενία μέσα από τα γραμματόσημα), «Արիւնի պարտքը՝ պատուհասողը», (Το Χρέος του Αίματος, ο Τιμωρός), «Հայաստանի Հանրապետութիւնը», (Η Δημοκρατία της Αρμενίας), «Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը», (Η Ιστορία της Αρμενικής Γενοκτονίας), «Ուիլիամ Սարոյեանի հետ պտոյտ մը դէպի արեւելք», «Ταξίδι στην Ανατολία με τον Ουίλιαμ Σαρογιάν», «Քեզի համար սիրտս կը խայտայ» (Για σένα η καρδιά μου χτυπά), եւ տակաւին ուրիշ տասնեակ մը այլ գիրքեր…:
Ահա եւ նորագոյնը՝ «Սոֆիան», թարգմանութեամբը պրն. Յովհաննէս-Սարգիս Աղապատեանի, որ ծանօթ անուն է արդէն յունահայերուս եւ հելլէն գրական շրջանակներուն՝ թարգմանական իր վաստակով:
Այն քիչերէն, որոնք նուիրուած են բծախնդիր աշխատանքի, որպէսզի յոյն ընթերցող հասարակութեան արժանավայել ներկայացնեն հայկական գրականութենէ հատընտիրներ եւ մեր պատմութենէն նշանակալի եղելութիւններ:
«Արմատախիլ՝ Սեւ ծովէն-Հալէպ» ենթախորագրով «Սոֆիա» գիրքը 153 էջերու երկայնքին կը խտացնէ ոդիսականը, ապա նաեւ աւելի վերջ, իբրեւ ընտանիքի տիպար մայր ու մեծ մայր՝ օրինակելի կեանքը պոնտոսցի յոյն, բայց հայացած կնոջ մը, որ տակաւին 7-8 տարեկան փոքր աղջնակ՝ ճակատագրի դժխեմ խաղով Սեւ ծովու ափերէն երկարող պոնտական լեռներու մէջ ծուարած խաղաղ գիւղէ մը կ’իյնայ Հալէպ եւ կը յանձնուի խնամքին որբանոցի մը, որուն տնօրէնը ընտանիքի տէր ու երեք զաւակներու հայր հայ մըն է՝ Միսաք Սիսեռեան:
Գիրքը առանձին գլուխներով՝ օղակ առ օղակ ներկայացուած նկարագրականն է դէպքերու, որոնք իրարու հիւսուելով կը կազմեն ամբողջական շղթայ մը, որ Սոֆիային կեանքի զգայացունց պատմութիւնն է, բայց եւ այնպէս հեղինակին պատումի ոճը մեղմ է, անսեթեւեթ, առանց յաւելեալ զեղումներու:
Վերաբերումի էապէս մարդկային երեսով, բայց եւ ստեղծուած դժբախտ պայմաններու բերումով Սոֆիային հայացումը ձեւով մը «փրկութիւն» կ’ըլլայ՝ մղձաւանջային անցեալէ ետք, նոյնքան մղձաւանջային ապագայի մը անորոշութեան դիմաց գտնուող մենուճար որբ աղջկան համար: Այսուհանդերձ, բոլորովին տարբեր գոյներով անշուշտ, անիկա քիչ-շատ մեզի կը յիշեցնէ բազմահազար հայ աղջնակները, որոնք ենթակայ դարձան Ֆէթհիյէ Չեթինի մեծ մօր ճակատագրին: Հիմնակա’ն, խոշո’ր տարբերութեամբ մը սակայն, որ բազմահազարները բարբարոսաբար յափշտակուեցան ու բռնի թրքացուեցան, մինչ Սոֆիան, պարմանուհի հասակին կը համոզուի, որ պէտք է ընդառաջէ իր տարիքին թերեւս կրկինէն աւելին ունեցող տնօրէնին հետ ամուսնանալու առաջարկին, երբ այս վերջնոյն երեք զաւակները իրենց մայրը կը կորսնցնեն ու կ‘որբանան:
Ամուսինը՝ Միսաք Սիսեռեան աւանդապահ հայ մըն է՝ կարծր ու անթեք: Կ’ուզէ, որ իր կինը ամբողջական հայ ըլլայ եւ կը գտնէ միջոցը՝ փոխելու-հայացնելու նաե’ւ կնոջ անունն ու մականունը, ինչ որ մեծ ցնցում կը պատճառէ Սոֆիային, քանի որ միայն անոնք մնացած էին, որ զինք կը կապէին իր ծագումին, ծնողքին , մանկութեան ու հայրենի գիւղի յիշատակներուն: Տակաւին պարմանուհի՝ հազիւ 15-16 տարեկանին, որբացած երեք երեխաներու մայրութեան եւ ընտանեկան ծանր բեռը ունի Սոֆիան, բայց կը տոկայ: Միաժամանակ երախտապարտ է, որ «փրկուեցաւ» եւ ընտանեկան դիրք ունենալու արժանացաւ: Կը համակերպի հայ դառնալու գաղափարին, կը հայանայ լեզուով ու կենցաղով: Կ’ունենայ նաեւ իր՝ հարազատ զաւակները եւ իբրեւ գիտակից մայր՝ նուիրական պարտականութիւն կը համարէ հոգածու ըլլալ անխտիր անոնց բոլորին բարոյականին ու հայեցի կրթութեան:
Կը հայանայ, բայց իր երակներուն մէջ հոսողը յոյնի արիւնն է, որուն կանչը կը փորձէ լռեցնել ինք եւ մխիթարութիւնը փնտռել յունական երգերու մէջ…:
Անգամի մը համար, միա’յն մէկ անգամ, անձնաթուղթով Մարի Գէորգեան եղած Սոֆիան կը համարձակի իր յոյն ըլլալը «պոռթկալ», երբ կը ծնի գրքին հեղինակը՝ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան: Ամուսնոյն մեղմօրէն կ’ըսէ. «մեր բոլոր զաւակները հայկական ընտանիք կը կազմեն, այս աղջիկս յոյն երիտասարդի կնութեան տանք…» եւ բնականաբար կը հանդիպի Միսաք Սիսեռեանի խոժոռ մերժումին…:
Գիրքը՝ խռոված հոգիի հանդէպ յետ մահու հատուցում մը կարելի է նկատել աղջկան կողմէ իր մօր՝ Սոֆիային, որ իր կենդանութեան՝ անունով ու կենցաղով թէեւ հայացաւ, հաւատարիմ իր ամուսնոյն՝ հայ մօր մը պարտականութիւնը լրիւ ու խղճամիտ կատարեց , բայց ամբողջ կեանքի ընթացքին լուռ ու անտրտունջ հին յուշերովը ապրեցաւ, որոնք թէեւ ողբերգական, բայց եւ այնպէս զինք կը կապէին յոյնի իր ծագումին:
Իսկ հեղինակը՝ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան այս գիրքով իր «նշանը» կնքած եղաւ մօրը ծագումին հետ եւ հարազատ արտայայտիչը՝ անոր խռովքներուն:
Սոֆիայի կեանքին ընդմէջէն եւ վստահաբար անոր յուշերու պատումին վրայ՝ հեղինակը կու տայ բռնի գաղթականութեան դատապարտուած պոնտոսի յոյներուն ողբերգական մէկ պատկերը, ինչ որ այլապէս կ‘արժեւորէ գիրքը այն իմաստով, որ անիկա կը պարզէ նաեւ հայրենիքէն արմատախիլ պոնտոսի ժողովուրդի պատմութեան շատ չպեղուած, այլեւ եղերական մէկ երեսը:
Այս տեսանկիւնէն, գեղարուեստական փորձով ներկայացուած Սոֆիային կեանքի պատմութիւնը յուզիչ դրուագ մըն է՝ նոյնինքն յունական նորագոյն պատմութենէն…:
Ահա նաեւ մղումը պրն. Սերգօ Աղապատեանին, որ ձեռնարկէ այս գիրքի թարգմանութեան:
Վարձքը կատար հեղինակին եւ թարգմանիչին:
Յունարէնի թարգմանուած «Սոֆիա» գրքին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 23 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7-ին,Գալիթէայի քաղաքապետարանի ժողովասրահին մէջ, Մանճարիոթաքի 76 , ուր կարճ անդրադարձումով խօսք պիտի առնեն Տամիանոս Վասիլիատիս (մանկավարժ եւ գրագէտ), Միրոֆորա Էֆսթաթիատու (տոքթ. ազգագրագիտութեան) եւ Միխալիս Խարալամպիտիս (գրագէտ):