Կազմակերպութեամբ Յունաստանի «Համազգայինի» Շրջանային Վարչութեան եւ «Սթոխասթիս» հրատարակչատան՝ Ուրբաթ 23 Մարտ 2018ի երեկոյեան ժամը 7ին, Քալիթէայի քաղաքապետարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Սոֆիա. Տարագրութիւն Սեւ Ծովէն դէպի Հալէպ» գիրքին յունարէն թարգմանութեան ներկայացումը։
Կազմակերպիչներու հրաւէրին ընդառաջացած էին հայկական եւ յոյն-պոնտական միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչներ եւ գրասէր հասարակութիւն։ Ներկայ էր նաեւ Քալիթէայի մշակութային հարցերու փոխ քաղաքապետը։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Սթոխասթիս» հրատարակչատան պատասխանատու Լուքաս Աքսելով, որ յայտնեց թէ հրատարակչատան հիմնադրութեան թուականէն՝ 1969էն ի վեր, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ պահանջատիրութեան հետ կապակցուած բաւական մեծ թիւով հրատարակութիւններ կատարուած են, յատկապէս թարգմանիչ եւ գրագէտ Սարգիս Աղապատեանի հետ գործակցելով։
«Սոֆիա. Տարագրութիւն Սեւ Ծովէն դէպի Հալէպ» գիրքի յունարէն թարգմանութեան ձեռնարկած է հրատարակչատունը՝ հաւատալով, թէ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու առընչակից ճանապարհներու մասին պատմող այս գիրքը սերունդէ սերունդ փոխանցուող ազգային արժէքներու մասին կարեւոր վկայութիւն մըն է։
Յունաստանի «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին՝ շեշտելով, թէ հայութիւնը Սփիւռքի մէջ ապաստանելով հանդերձ՝ կարողացաւ դիմադրել պատմութեան արհաւիրքին, եւ պահպանելով իր մշակոյթը, լեզուն ու գրականութիւնը յաջողեցաւ պահել հայու ինքնութիւնն ու դիմագիծը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մասին՝ նշելով թէ ազգային դիմագիծի պահպանման, յիշողութեան ու վերապրելու ուժին վրայ խարսխուած փաստագրական եւ վաւերական գիրք մըն է «Սոֆիա» գիրքին պատմութիւնը։ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան իր յոյն մօր կեանքի հանգրուանները, անոր յուշերն ու մտածումները մարմնաւորած է իր գիրքին մէջ, հայ եւ յոյն ժողովուրդները իրարու միախառնող իր ընտանիքին մասին պատմելով։
Խօսքով հանդէս եկաւ գիրքի թարգմանիչ, գրագէտ Սարգիս Աղապատեան, որ բացատրեց թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առաւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի գիրքը թարգմանելու եւ յունարէնով հրատարակելու գաղափարը։ Ան գնահատեց Լուքաս Աքսելոսի եւ «Սթոխասթիս» հրատարակչատան կողմէ երկար տարիներու համագործակցութիւնը, որ իր բեղուն արդիւնքը տուած է Հայ Դատի եւ հայութեան նիւթերու շուրջ կարեւոր գիրքերու յունարէն հրատարակութիւններով։
Յաջորդաբար խօսք առաւ կրթական մշակ եւ գրագէտ Տամիանոս Վասիլիատիս, որ գիրքէն հատուածներ հանդիսադրելով՝ խօսեցաւ հեղինակին կողմէ պատկերուած ընտանեկան պատմութեան մասին, որ միաժամանկ երկու ազգերու՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ճաշակած դաժան էջերու վաւերագրութիւն մըն է։ Ան յիշատակեց իր սեփական մօր՝ Մարթայի պարագան, որ պոնտոսցի յոյն մայր մը ըլլալով, անհուն համբերութեամբ լեցուն կեանք մը ապրեցաւ, նուիրուելով իր ընտանիքին։ Շեշտեց, թէ գիրքին մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտուի մարդու անհատականութեան ու արժանապատուութեան զգացումը, որ անձնական ազատութեան առաջնորդող կարեւոր ազդակն է։
Վերջաւորութեան՝ խօսք առաւ ազգագրութեան տոքթ. Միրոֆորա Էֆսթաթիատու, որ անդրադառնալով գիրքի կառուցուածքին եւ լեզուին մասին, ըսաւ, որ անիկա շատ մատչելի եւ բանաստեղծական ոճ ունի, եւ իւրօրինակ ձօն մըն է դստեր կողմէ իր սիրելի մօրը։ Ան վերլուծումը կատարեց գիրքին մէջ տեղ գտած հակասող պատկերներուն, որ խորիմաստ դարձուածքներ կուտան կեանքի առօրեայ պահերուն։ Երգ ու լաց, ուրախութիւն ու սարսափ, յոյս ու հիասթափութիւն… Զօրաւոր զգացումներու կառուցուածք մը, որ գիրքի լեզուին կուտայ բանաստեղծական իւրայատուկ արտայայտութիւն։ Նշեց տակաւին, Պոնտոսի գեղեցիկ բնութեան նուիրուած հարուստ նկարագրութիւններու պարագան, որ այնքան հարազատ ու սրտագրաւ են իւրաքանչիւր յոյն պոնտոսցիի համար։ Ան բաղկացուցիչ մասերով քննարկում կատարեց գիրքի հերոսներու յուզական աշխարհին, որոնց կեանքը բնորոշուեցաւ Ցեղասպանութեան թողած «վէրք»ի ազդեցութեամբ։
Ձեռնարկին նախատեսուած էր նաեւ գրագէտ Միխալիս Խարալամպիտիսի ներկայութիւնը, որ հիւանդութեան պատճառով սակայն, չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ, բայց գրաւոր ողջոյնի խօսքով մը իր գնահատականը արտայայտեց գիրքին մասին։
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց գիրքի հեղինակ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան, որ յատկապէս ժամանած էր Աթէնք, ներկայացման ներկայ գտնուելու համար։ Ան նկատել տուաւ, թէ գիրքի նպատակն էր բացայայտել այն իրողութիւնը, որ իր մայրը, հակառակ իր դժուար եւ տառապալից կեանքին, երբեք չէր դառնացած կեանքի պայմաններուն հանդէպ եւ միշտ սրտբաց զգացումներով օգտակար դարձած էր շրջապատին: Ան ըսաւ.- «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է այսօր հանդիպիլ մօրս ժողովուրդին, յոյներու եւ Պոնտոսի յոյներու։ Ինծի համար ամէնէն մօտիկ ժողովուրդը, որ իմ ժողովուրդս ալ է, ջերմ ու հարազատ, որովհետեւ կեանք մը ամբողջ մօրս հետ ապրելով միշտ լսած եմ ձեր մասին եւ սիրած եմ ձեզ նախքան ձեզի հանդիպիլս»։ Ան շարունակեց. «Երեւակայութեանս մէջ միշտ գրաւած է Պոնտոսի բնութեան հրաշալի գեղեցկութիւնը եւ անոր ազգագրական որոշ իւրայատկութիւնները։ Մայրս միշտ մնաց կառչած իր արմատներուն կանչին, կարօտին եւ երազին։ Ան միշտ ինծի թելադրած է իր կեանքի պատմութիւնը գրել եւ ես խոստացած էի անպատճառ գրել։ Կ’երեւի ասիկա յարմարագոյն ժամն էր գրելու իր մահուընէ տասնամեակ մը վերջ եւ իր յիշատակը յաւերժացնելու։ Վստահ եմ, որ մայրս կ‘ուզէր իր կեանքի պատմութիւնը գրելով շեշտել՝ սպանդի, գաղթականութեան անմարդկային դիմագիծը, որ պէտք է ջնջուի ժողովուրդներու կեանքի էջերէն։ Ինք պարզելով իր տառապանքներն ու խռովքները կ‘ուզէր որ չի կրկնուին այն չարիքները, զորս կ՛աղաւաղեն անմեղ մարդոց կեանքերը»։ Հեղինակը իր խօսքը աւարտեց գերմանացի հեղինակ Կէօթէի այն խօսքով, թէ` «Կ’ապրի ան, որ կ‘ապրի ուրիշներուն համար», աւելցնելով որ իր մայրը այս սկզբունքով առաջնորդուած է իր կեանքին մէջ։
Ձեռնարկի աւարտին հեղինակը մակագրեց գիրքը։
Ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ ձեռնարկի կազմակերպիչներու, դասախօսներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ, ընթրիք տեղի ունեցաւ, ի պատիւ տիկին Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի։
«Համազգային»ի Թղթակից