Խ. ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

­Յու­նո­ւար 12ին ­Ռու­սաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րու­թեան խօս­նա­կը յայ­տա­րա­րեց, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պի լուծ­ման նպա­տա­կով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նոր փու­լը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Յու­նո­ւար 23ին, ­Ղա­զախս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Աս­թա­նա­յի մէջ: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հե­տե­ւանք էր ­Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­մար­տին պե­տա­կան ու­ժե­րու յաղ­թա­նա­կին՝ քա­ղա­քի ա­րե­ւե­լեան թա­ղա­մա­սե­րէն հա­կա­պե­տա­կան ու­ժե­րու հե­ռա­ցու­մով եւ 22 ­Դեկ­տեմ­բեր 2016ին յայ­տա­րա­րո­ւած զի­նա­դու­լով:
­Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու փու­լը ­Ռու­սաս­տան-­Թուր­քիա-Ի­րան ե­ռա­կող­մա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն է: Ե­րեք մրցա­կից ու­ժեր, ո­րոնց շա­հե­րը ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ի վեր յա­ճախ ի­րա­րու բա­խած էին, ի վեր­ջոյ յան­գե­լու հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան: Ե­թէ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Հըզ­պալ­լա­յի ռազ­մա­վա­րա­կան զի­նակ­ցու­թիւ­նը Ա­սա­տի վար­չա­կար­գին հետ ու­նէր կրօ­նա­գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան են­թա­հող, ո­րուն ար­մատ­նե­րը կ­՚եր­կա­րին մին­չեւ 1980ա­կան թուա­կան­նե­րու սկիզ­բը՝ Իս­լա­մա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ար­դիւն­քով ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ստեղ­ծո­ւած ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան նոր ի­րա­վի­ճա­կը, միւս կող­մէ՝ ռու­սա­կան հա­շո­ւար­կում­նե­րը շատ ա­ւե­լի խառն ու բարդ էին: ­Մոս­կո­ւա­յի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ա­սա­տի վար­չա­կազ­մին կաս­կա­ծի տակ չէր դրո­ւեր: ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ­Սու­րիա կը մնար միակ եր­կի­րը, որ կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րէր ռու­սա­կան նա­ւա­տոր­մին ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ: ­Բայց առ­նո­ւազն 2008ի ­Կով­կա­սի մէջ ռուս-վրա­ցա­կան հնգօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ի վեր մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ ինք­զինք որ­պէս գեր­պե­տու­թիւն վե­րա­հաս­տա­տե­լու ո­րո­շում տո­ւած ­Փու­թի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նը պէտք ու­նէր հմուտ կեր­պով ե՛ւ անհ­րա­ժեշտ պա­րա­գա­յին զի­նո­ւո­րա­կան ուժ ցու­ցադ­րե­լու, ե՛ւ միա­ժա­մա­նակ չան­տե­սե­լու դի­ւա­նա­գի­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ռազ­մա­կա­նօ­րէն դե­ռեւս միա­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գի մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հզօ­րու­թիւ­նը զսպե­լու խա­ղին մէջ: Այս­պէ՛ս, թէեւ զօ­րա­կից Ա­սա­տի եւ ա­նոր կող­քին ուղ­ղա­կիօ­րէն մաս­նա­կից պա­տե­րազ­մին՝ ­Փու­թին իր կա­պե­րը չխզեց Ա­սա­տի ան­կու­մին վրայ գրաւ դրած ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ եւ ­Ծո­ցի միւս եր­կիր­նե­րուն հետ, ոչ ալ Իս­րա­յէ­լի, հա­կա­ռակ ­Նե­թա­նիա­հո­ւի կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղա­կի մի­ջամ­տու­թեանց ­Սու­րիոյ մէջ ընդ­դէմ Ա­սա­տի վար­չա­կար­գին:
Ա­մէ­նէն խնդրա­յա­րոյ­ցը, ան­շուշտ, ­Թուր­քիոյ դիր­քո­րո­շումն էր: 2009ի ­Յու­նո­ւա­րին ­Տա­ւո­սի մէջ Իս­րա­յէ­լի օ­րո­ւան նա­խա­գահ ­Շի­մոն ­Փե­րէ­սի հետ հրա­պա­րա­կա­յին բա­խու­մէն ետք, ի պաշտ­պա­նու­թիւն ­Կա­զա­յի պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն՝ Էր­տո­ղան իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թեան նէօ-օ­թո­մա­նիզ­մի (նոր-օս­մա­նա­կա­նու­թեան) «խա­ղա­ղա­սի­րա­կան» դի­մա­կը վար ա­ռաւ եւ գրա­ւը դրաւ մարտն­չող իս­լա­մի յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ: ­Յա­ջորդ եր­կու տա­րի­նե­րուն ­Թուր­քիան ար­դէն փո­խա­րի­նած էր մինչ այդ իս­լա­մի պաշտ­պա­նու­թեան դե­րը իր վրայ ա­ռած Ի­րա­նը: Էր­տո­ղան, սա­կայն, սխալ գոր­ծեց՝ մտա­ծե­լով, որ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին Ա­սա­տի վար­չա­կար­գին դէմ դիր­քո­րո­շո­ւե­լով եւ աշ­խու­ժօ­րէն ա­ջակ­ցե­լով ա­նոր դէմ ըմ­բոս­տա­ցած ու­ժե­րուն, նե­րա­ռեալ՝ իս­լա­մա­կան­նե­րուն, պի­տի ու­նե­նար Ա­րեւ­մուտ­քի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ ի մաս­նա­ւո­րի չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար քրտա­կան գոր­ծօ­նը: ՏԱՀԵ­Շի նման խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն վրայ վե­րահս­կո­ղու­թիւն բա­նեց­նե­լու իր ինք­նա­խաբ­կան­քին զու­գա­հեռ, Ան­գա­րա կար­ծեց, որ ­Ռու­սիոյ հետ բա­խու­մէ չխու­սա­փե­լու իր պատ­գա­մը 2015ի ա­ւար­տին ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նար կա­սեց­նե­լու հա­մար ­Մոս­կո­ւա­յի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ա­սա­տին: ­Ռու­սա­կան ռազ­մա­կան օ­դա­նա­ւի վա­րառ­նու­մի գրգռու­թե­նէն մէկ տա­րի անց, ի դի­մաց թրքա­կան ներ-քա­ղա­քա­կան ո­լոր­տի կտրուկ վատ­թա­րա­ցու­մին եւ ՏԱՀԵ­Շի ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րուն, Ան­գա­րա ըն­դա­ռա­ջեց ռու­սա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ ձեռն­պահ մնաց ­Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­մար­տի վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նին հա­կա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն ո­րե­ւէ զօ­րակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լէ:
Աս­թա­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հրա­ւէ­րը սկզբնա­կան շրջա­նին թե­րա­հա­ւա­տու­թիւն ա­ռա­ջա­ցուց: ­Բայց սու­րիա­կան հա­կա­պե­տա­կան ու­ժե­րու հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը՝ մաս­նակ­ցե­լու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, կտրա­կա­նա­պէս ա­ւել­ցուց ա­նոնց ի­րա­կա­նաց­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը: ­Ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը լաւ ընտ­րո­ւած է. ­Յու­նո­ւար 20ին ­Տո­նըլտ Թ­րամփ Ս­պի­տակ ­Տուն մտնե­լով նա­խա­գա­հա­կան եր­դում պի­տի տայ եւ Աս­թա­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ընդ­դի­մա­նա­լու ոչ մէկ տրա­մադ­րու­թիւն ցոյց տո­ւած է, եւ ե­ռեա­կի եր­կու ան­դամ­նե­րը՝ ­Թուր­քիա եւ ­Ռու­սաս­տա­նը, ա­ռանձ­նա­պէս հրա­ւի­րե­ցին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նոր վար­չա­կար­գը՝ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու: Յս­տակ չէ տա­կա­ւին, թէ Թ­րամփ ի՛՛նչ դիր­քո­րո­շում պի­տի ու­նե­նայ ­Սու­րիոյ տագ­նա­պին եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճշդո­րոշ­ման մէջ: ­Մին­չեւ հի­մա ան միայն նշան­ներ տո­ւած է Օ­պա­մա­յի ու­ղե­գի­ծին հա­կադ­րո­ւե­լու: Օ­պա­մա դէմ էր Իս­րա­յէ­լի բնա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, Թ­րամ­փի նշա­նա­կած Իս­րա­յէ­լի մօտ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նը բա­ցա­յայ­տօ­րէն թեր է դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը ­Թէլ Ա­ւի­ւէն Ե­րու­սա­ղէմ փո­խադ­րե­լու: Օ­պա­մա­յի մեծ յա­ջո­ղու­թիւնն էր Ի­րա­նի հետ կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, Թ­րամփ կրնայ յե­ղաշր­ջել զայն: Օ­պա­մա դէմ էր Ա­սա­տի վար­չա­կար­գին, Թ­րամփ կար­ծես հա­մա­ձայն է, որ ­Ռու­սաս­տան գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար ըլ­լայ տագ­նա­պի լուծ­ման:
Ե­թէ Աս­թա­նա­յի մէջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը սկսին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը մաս­նա­կից ըլ­լան կամ ոչ, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան նոր ի­րա­վի­ճա­կի մը նա­խան­շա­նը պի­տի տրո­ւի: Ո՛չ ո­քի ու­շադ­րու­թե­նէն պի­տի վրի­պի այն, որ անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րուն ­Ժը­նե­ւի մէջ, Մ.Ա.Կ.ի ո­լոր­տէն ներս եւ Ա­րեւմ­տեան ու­ժե­րու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեամբ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ սկսե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը եր­կու ա­ռի­թով ձա­խո­ղե­ցան: Ա­սա­տի վար­չա­կար­գը չէր փա­փա­քեր ա­ռանց ռազ­մա­կան կա­րե­ւոր յաղ­թա­նա­կի մը, ինչ­պէս՝ ­Հա­լէ­պը իր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նե­լէ ա­ռաջ, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նստիլ: ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սա­կայն ընդ­դի­մու­թիւ­նը չյա­ջո­ղե­ցաւ ներ­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յաց­նել պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կազ­մին շուրջ: Ո՛չ ա­րեւմ­տեան պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը հո­վա­նա­ւո­րէին այս­պէս կո­չո­ւած աշ­խար­հա­կան ընդ­դի­մու­թիւնն ու ա­նոր զի­նեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ ­Սու­րիա­կան Ա­զատ ­Բա­նա­կը, կրցան հա­մո­զել զա­նոնք, ո՛չ ալ իս­լա­մա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն ա­ջակ­ցող ­Թուր­քիան, ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան թէ ­Քա­թա­րը կրցան ի­րա­կա­նաց­նել միա­ցեալ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը: ­Հիմ­նա­կա­նին մէջ բո­լորն ալ կը պնդէին Ա­սա­տի հրա­ժա­րե­լուն նա­խա­պայ­ման ըլ­լա­լը: Ի տար­բե­րու­թիւն ա­րեւմտեան ձա­խո­ղու­թեան, ­Ռու­սաս­տան կար­ծես կրցած է պե­տու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան մի­ջեւ միջ­նոր­դի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նել: Ընդ­դի­մու­թիւ­նը, նե­րա­ռեալ իս­լա­մա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, Ա­սա­տի հրա­ժա­րա­կա­նի ան­հե­թեթ նա­խա­պայ­մա­նէն հրա­ժա­րած կը թո­ւին ըլ­լալ, մինչ քրտա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բա­ցա­ռո­ւած է, ի բա­ւա­րա­րու­թիւն ­Թուր­քիոյ, բայց նաեւ Ա­սա­տի վար­չա­կար­գի պա­հան­ջին:
­Մոս­կո­ւա, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կը փոր­ձէ խա­ղա­ղա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը Ա­րեւ­մուտ­քէն փո­խադ­րել Եւ­րա­սիա, այ­սինքն՝ իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիէն ներս: Ե­թէ ­Մինս­քը նախ­կին խորհր­դա­յին տա­րա­ծաշր­ջա­նի տագ­նապ­նե­րու լուծ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նա­տե­ղիի վե­րա­ծո­ւած է ար­դէն, Աս­թա­նա­յին հա­մար կը նա­խա­տե­սո­ւի նմա­նօ­րի­նակ սթա­թուս մը՝ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տագ­նա­պին առն­չու­թեամբ: ­Թէ որ­քա­նո՞վ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ե­թէ սկսին, պի­տի կա­րե­նան ար­դիւն­քի հաս­նիլ, ան­շուշտ խիստ հար­ցա­կան է: Ա­նոնք կրնան տագ­նա­պի ա­ւար­տին սկիզ­բը ըլ­լալ, կամ պար­զա­պէս խա­ղա­ղա­սի­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցի սկիզբ մը, որ կրնայ նաեւ ա­ւարտ չու­նե­նալ: ­Բայց ե­թէ սկսին, յստա­կօ­րէն նա­խան­շան պի­տի ըլ­լան միա­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գի փո­փո­խու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թեան: