Սուրիոյ մէջ վերջերս ազատագրուած Ղնեմիէ հայկական գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խաչը, որ օծուած էր Բերիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, Չորեքշաբթի՝ 28 Յունիս 2017ին տեղադրուեցաւ գմբէթին վրայ ձեռամբ Արտակ Վրդ. Արապեանի եւ Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի, ներկայութեամբ՝ Ղնեմիէ Գիւղի հայ բնակչութեան: Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ։ Ղնեմիէի հայ առաքելական Ս.Գէորգ եկեղեցին կառուցուած է 1875ին Ղնեմիէի ժողովուրդին կողմէ։ Սակայն տեղացի ծերունիներու վկայութեան համաձայն, 1875ը նորոգութեան թուական կը համարուի, մինչդեռ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուան հնութիւն ունեցած է։ 1959ին, օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ Արք.Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը։ Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 Օգոստոս 1959ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը՝ 31 Յուլիս 1960ին, ձեռամբ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի։ 1997ին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդութեան կողմէ վերանորոգուած է եկեղեցւոյ գմբէթը։ 1985ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս.Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը։ Տեղին է յիշել, որ նախքան սուրիական պատերազմը՝ Ղնեմիէ գեղատեսիլ գիւղին մէջ սուրիահայ միութիւններ իրենց տարեկան ճամբարներն ու արշաւները կը կազմակերպէին։ Իսկ ամէն տարի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին հանդիպակաց Կիրակին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցի։
Սուրիական տագնապի առաջին տարիներուն, գիւղը գրաւուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ, որուն հետեւանքով բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, իսկ եկեղեցին սրբապղծուեցաւ։ Գիւղի սուրիական բանակին կողմէ ազատագրումէն ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Լաթաքիոյ մէջ օծեց եկեղեցւոյ Ս. խաչը։ Այժմ եկեղեցին գտած է իր նախկին տեսքը, իսկ բնակչութիւնը վերադառնալով՝ լծուած է գիւղի վերականգնման աշխատանքներուն։
Սուրիա — Ղնեմիէ
Սուրիա՝ Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը վերստին տեղադրուեցաւ