Տօքթ.­Սար­գիս Ա­տամ

Երբ որ, ­Հա­յե­րը 301 թո­ւա­կա­նին Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս , որ­պէս պե­տա­կան կրօնք ըն­դու­նե­ցին, այդ շրջա­նին ­Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին կող­մէն հա­րե­ւան ­Պար­սիկ­նե­րը կրա­կա­պաշտ էին:­ Պար­սիկ ­Հազ­կերտ Բ. թա­գա­ւո­րը ու­զեց հա­յե­րը կրա­կա­պաշտ դարձ­նել եւ հրա­մա­յեց որ,­ Հայ ժո­ղո­վուր­դը չճանչ­նայ Ք­րիս­տո­նէու­թիւն եւ պաշ­տէ կրա­կը:
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը մեր­ժե­լով այս դա­ւա­նա­փո­խու­թեան ա­ռա­ջար­կը, չի հնա­զան­դե­ցաւ ­Պար­սիկ թա­գա­ւո­րի հրա­մա­նին ու վճռա­կա­մօ­րէն ո­րո­շեց կրօն­քը ու հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար ­Պար­սիկ­նե­րու դէմ պայ­քա­րիլ:
­Պա­տե­րազ­մը պի­տի մղո­ւէր եր­կու ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րու մի­ջեւ, ա­նոնց­մէ մին իր ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լու ու պաշտ­պա­նե­լու գի­տակ­ցու­թեամբ 60.000 նոց ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ­Հա­յոց բա­նա­կը որ, մա­հո­ւան դէմ յան­դի­ման գա­լէ եւ նա­հա­տա­կո­ւե­լէ վախ չու­նի, իսկ միւ­սը ­Հա­յոց ինք­նու­թիւ­նը եւ խղճի ա­զա­տու­թիւն ոտ­նա­հա­րե­լու վճռա­կամ եւ ի­րենց կրօն­քը զրա­դաշ­տու­թիւ­նը(zerdüştlük) ­Հա­յե­րու պար­տադ­րե­լու նպա­տակ ու­նե­ցող 300.000 նոց ­Պար­սիկ բա­նակ մը:
26 ­Մա­յիս 451 թո­ւա­կա­նին այ­սօ­րո­ւայ Ա­րե­ւե­լեան ­Թուր­քիոյ «Ա­ւա­րայր»ի դաշ­տի վրայ սկսաւ, ­Հա­յե­րու եւ ­Պար­սիկ­նե­րու մի­ջեւ ա­ւե­լի քան 35 տա­րի շա­րու­նա­կւող «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ» պա­տե­րազ­մը: ­Հա­յոց բա­նա­կին գլու­խը կը գտնո­ւէր ­Մա­մի­կո­նեան­նե­րու տոհ­մէն ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեան զօ­րա­վա­րը:
­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին հե­րո­սա­բար կռո­ւող ­Հա­յոց քաջ զօ­րա­վա­րը նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ, ի­րեն հետ նա­հա­տա­կո­ւե­ցան նաեւ աւելի քան 1036 վկայ զի­նո­ւոր­ներ, նա­խա­րար­ներ, մար­տի­րոս­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ: ­Ճա­կա­տա­մար­տին մաս­նա­կից էին նաեւ բազ­մա­թիւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնց­մէ էր Սբ.­Ղե­ւոնդ ­Քա­հա­նան:
­Պա­տե­րազ­մը տե­ւեց շուրջ 35 տա­րի, ո­րուն վեր­ջա­ւո­րու­թեան մօտ, ­Հայ զօր­քե­րուն գլուխն էր, նա­հա­տակ ­Վար­դան զօ­րա­վա­րի եղ­բօ­րոր­դի «ՎԱՀԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ»ը:
­Հա­յե­րը կռո­ւե­ցան հե­րո­սա­բար ու քա­ջու­թեամբ, ա­պա մեծ կո­րուստ­ներ տո­ւին ու պար­տո­ւե­ցան:
Պար­սիկ ­Թա­գա­ւոր ­Հազ­կերտ. Բ. ­Հա­յե­րու քա­ջու­թիւ­նը տես­նե­լով, կ’ազ­դո­ւի եւ իր զօր­քե­րը ետ կը քա­շէ, եւ այս­պէ­սով ­Հա­յե­րը թէ ա­զատ եւ թէ Ք­րիս­տո­նեայ կը մնան:
­Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը ­Հայ ազ­ատագ­րա­կան պայ­քա­րի պատ­մու­թեան ա­նու­րա­նա­լի ու ան­մո­ռա­նա­լի է­ջե­րէն մին է:
Այդ շրջա­նին Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը ­Հա­յոց հա­մար դար­ձած էր, ոչ թէ միայն պաշ­տա­մունք, այլ նաեւ օ­րէնք, ար­դա­րու­թիւն, ապ­րե­լա­կերպ, քա­ղա­կակրթու­թիւն, մշա­կոյթ ու սկզբունք:
Ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թը, դպրո­ցը եւ կրօն­քը ան­քակ­տե­լիօ­րէն ի­րա­րու կա­պո­ւած էին, որ, կա­րե­լի չէր ի­րար­մէ ան­ջա­տել:­ Կորսնց­նել կրօն­քը, հա­յուն հա­մար կը նշա­նա­կէր կորսնց­նել իր ազ­գու­թիւ­նը:
­Մեծ կամ փոքր ժո­ղո­վուրդ, ե­թէ կը պայ­քա­րին ի­րենց գո­յա­տեւ­ման հա­մար,կա­րող են ապ­րիլ ու գո­յա­տե­ւել:
Ա­ռանց պայ­քա­րի կա­րե­լի չէ յա­ջո­ղու­թեան ու յաղ­թա­նա­կի ճամ­բան բա­նալ, թէեւ Աւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տը ­Հա­յոց հա­մար ռազ­մա­կան տե­սա­կե­տով մեծ պար­տու­թիւն մըն է, սա­կայն եւ այն­պէս ­Հայ պատ­մու­թեան մէջ, իր կա­րե­ւոր, ի­մաս­տա­լից ու ու­րոյն տեղն ու­նի որ­պէս ­Բա­րո­յա­կան ­Յաղ­թա­նակ:
Այս ­Ճա­կա­տա­մար­տով, ­Հա­յուն ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի հա­սած է, պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ցոյց տո­ւած հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը, անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը, քա­ջու­թիւ­նը, ազ­գա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը մեր յա­ռա­ջի­կայ սե­րունդ­նե­րուն պի­տի ըլ­լայ ներ­շն­չու­մի աղ­բիւր եւ նաեւ ճգնա­ժամա­յին պա­հե­րու ժո­ղո­վուր­դը ոտ­քի պա­հող ո­գի ու ուժ:
­Հայ ­Ժո­ղո­վուր­դը 485 թո­ւա­կա­նէն ի վեր «­Բուն ­Բա­րե­կեն­դան»էն ա­ռաջ 2017 տա­րո­ւայ հա­մար 23 ­Փետ­րո­ւար 2017 թո­ւա­կա­նին կը հան­դի­պի) սի­րով, հպար­տու­թեամբ ու խան­դա­վա­ռու­թեամբ աշ­խար­հիկ հան­դէս­նե­րով ու ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով կը յի­շէ Սր­բոյ ­Վար­դա­նանց տօ­նը:
Այս ա­ռի­թով կը շնոր­հա­ւո­րենք ­Ղե­ւոնդ, ­Լե­ւոն, ­Մու­շեղ, ­Յով­սէփ, Ար­տակ, Աբ­րա­համ, ­Վար­դան, ­Սա­մո­ւէլ,­ Խո­րէն, Հ­մա­յակ,­ Վա­հան, ­Տա­ճատ,­ Գա­րե­գին, Ար­սէն, ­Մա­մի­կոն, եւ բո­լոր միւս ա­րա­կան ա­նուն­նե­րը, ո­րոնք ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան յա­տուկ օր չու­նին: