Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2022-ին, օրհնութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի եւ Թեմիս Կրօնական ժողովի տնօրինումով, Քրիստոնեայ Ընդհանրական եկեղեցւոյ նախավկայ սարկաւագ եւ առաջին նահատակ՝ Սուրբ Ստեփանոսի տօնին առիթով, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ:
Պատարագեց եւ քարոզեց, շրջանիս եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Ս. Խորանին սպասարկեցին բարշ. Լեւոն սրկ. Ունանեան եւ փոքր դպիր Գրիգոր Ունանեան:
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս դպրաց դասը, դպրապետութեամբ բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի, իսկ խմբավարութիւնն ու օրուան շարականներուն եւ մեղեդիի երգեցողութիւնը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ կատարեց երաժիշտ Կարօ Պարտաքճեան:
Աւարտին, եւ նախ քան արձակման Աւետարանի ընթերցումը, եկեղեցւոյս բարեշնորհ սարկաւագներ Աւետիս Պարսամեան, Պետրոս Պարսամեան եւ Լեւոն Ունանեան ըստ աւանդութեան սաղավարտ հագած, օրուան տօնի շարականի երգեցողութեան ժամուն բուրվառով խնկարկեցին Ս. Խորանն ու ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Յաջորդեց եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ հիւրասիրութիւն, ի պատիւ եկեղեցւոյս ծառայողներուն՝ պատրաստուած եկեղեցասէր Տիկնանց մարմնոյ կողմէ:
Այս առթիւ եւ ըստ սովորութեան, յանուն Թաղային խորհուրդի եւ Տիկնանց մարմնոյ, ատենապետ պրն. Կարպիս Պէքէրէճեան առ ի շնորհակալութիւն՝ նուէրներ յանձնեց սարկաւագներուն եւ դպրաց դասի խմբավարին:
Վարձքը կատար բոլորին:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը Ֆիքսի «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ