«­Սուրբ ­Սո­ֆիա»ի տա­ճա­րը մզկի­թի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ
Էր­տո­ղան ան­գա­մ մը եւս ոտ­նա­հա­րեց
հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը

Ուր­բաթ՝ 10 ­Յու­լի­սին, ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան ո­րո­շում ստո­րագ­րեց, ո­րով «­Սուրբ ­Սո­ֆիա»ն ­վե­րա­ծո­ւե­ցաւ մզկի­թի։ ­Մինչ կը սպա­սո­ւէր, որ Էր­տո­ղան իր ո­րո­շու­մը պի­տի հրա­պա­րա­կէ 15 ­Յու­լի­սին, սա­կայն՝ այդ ը­րաւ Ուր­բաթ օր՝ ­Թուր­քիոյ բարձ­րա­գոյն վար­չա­կան դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ։ 
­Յի­շեց­նենք, որ «­Սուրբ ­Սո­ֆիա»ի տա­ճա­րը, որ ­Կոս­տանտ­նու­պոլ­սոյ գրա­ւու­մէն յե­տոյ վե­րա­ծո­ւած էր մզկի­թի, 1934ին ե­ղաւ թան­գա­րան եւ այդ կար­գա­վի­ճա­կին մէջ մնաց մին­չեւ այ­սօր։
­Թուրք նա­խա­գա­հը հրա­պա­րա­կեց մզկի­թի վե­րա­ծե­լու հրա­մա­նա­գի­րը եւ յայտ­նեց, որ ա­ռա­ջին ա­ղօթ­քը պի­տի կա­տա­րո­ւի 24 ­Յու­լի­սին։
­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ո­րո­շու­մը մեծ դժգո­հու­թիւն յա­ռա­ջա­ցա­ցուց աշ­խար­հի տա­րած­քին։ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս յայտ­նեց, որ ­Յու­նաս­տան բուռն կեր­պով կը դա­տա­պար­տէ ­Թուր­քիոյ ո­րո­շու­մը՝ «Ս. ­Սո­ֆիա»ի տա­ճա­րը մզկի­թի վե­րա­ծե­լու։ Ան նաեւ շեշ­տեց, որ ­Թուր­քիոյ այս շար­ժու­մը պի­տի ազ­դէ Ան­գա­րա­յի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սթ. ­Փե­ցաս յայտ­նեց, որ ­Թուր­քիոյ այս ա­պօ­րի­նի քայ­լը ան­պա­տաս­խան պի­տի չմնայ եւ պի­տի յա­ջոր­դեն պատ­ժա­մի­ջոց­ներ եւ­րո­պա­կան ու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։
UNESCOն ­կոչ ուղ­ղեց թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ան­յա­պաղ սկսիլ երկ­խօ­սու­թիւն, որ­պէս­զի ետ առ­նո­ւի ո­րո­շու­մը, որ կը ստո­րա­դա­սէ «Ա­յիա ­Սո­ֆիա»ի հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան ժա­ռան­գու­թեան բա­ցա­ռիկ ար­ժէ­քը։
­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը իր յու­սա­խա­փու­թիւ­նը յայտ­նեց ո­րո­շու­մին հա­մար եւ կոչ ուղ­ղեց ­Թուր­քիոյ ե­րաշ­խա­ւո­րել բո­լո­րի հա­ւա­սար ի­րա­ւուն­քը այ­ցե­լե­լու տա­ճա­րը, որ մին­չեւ հի­մա որ­պէս թան­գա­րան կը գոր­ծէր։
Ֆ­րան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը իր վիշ­տը յայտ­նեց մզկի­թի վե­րած­ման հա­մար եւ նշեց թէ այս ո­րո­շու­մը հար­ցա­կա­նի տակ կը դնէ ար­դի ­Թուր­քիոյ դիր­քը։
­Բա­ւա­կան բուռն ե­ղաւ ­Գեր­մա­նիոյ մա­մու­լի ար­ձա­գան­գը՝ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը ներ­կա­յաց­նե­լով որ­պէս «­Կոս­տանտ­նու­պոլ­սոյ երկ­րորդ գրա­ւո­ղը»։
­Յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ նաեւ ­Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բե­րը, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ գեր­մա­նա­կան կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու սի­նո­տը։

«Ար­ժէք­ներ ոտ­նա­հա­րե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին սկզբունք­ներ
ան­տե­սե­լու ­Թուր­քիոյ վար­քա­գի­ծը կը շա­րու­նա­կո­ւի».

Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս

­Քիչ ա­ռաջ հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով ի­մա­ցանք, թէ թրքա­կան դա­տա­րա­նը ո­րո­շած է ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ յու­նաց «Ա­յիա ­Սո­ֆիա» պատ­մա­կան մայր տա­ճա­րը վե­րա­ծել մզկի­թի:
Ար­դա­րեւ, 537 թո­ւա­կա­նին կա­ռու­ցո­ւած այս տա­ճա­րը բիւ­զան­դա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան ա­րո­ւես­տի գա­գա­թը կը նկա­տո­ւի: ­Բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեան ան­կու­մով եւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան գրա­ւու­մով1453ին, տա­ճա­րը վե­րա­ծո­ւած էր մզկի­թի եւ ա­պա 1935ին, թան­գա­րա­նի: Անց­նող օ­րե­րուն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տեր եւ ընդ­հան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­ներ կոչ ուղ­ղե­ցին ­Թուր­քիոյչդի­մե­լու «Ա­յիա ­Սո­ֆիա»ն ­վերս­տին մզկի­թի վե­րա­ծե­լու քայ­լին եւ պա­հե­լու ա­նոր ներ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը: ­Հայ թէ օ­տար մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու­զե­ցին մեր տե­սա­կէ­տը ու­նե­նալ այս մա­սին: ­Մենք չու­զե­ցինք կար­ծիք յայտ­նել նա­խա­տե­սե­լով թրքա­կան դա­տա­րա­նին տա­լիք ո­րո­շու­մին բնոյ­թը: Կ­՚ու­զենք հե­տե­ւեալ ընդգ­ծում­նե­րը կա­տա­րել.
Ա­ռա­ջին. ­Թուր­քիանիր նա­խա­գա­հին ներ­կայ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ճամ­բով, հո­գե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ ոտ­նա­հա­րե­լու, մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քով ճշդո­ւած սկզբունք­ներ ան­տե­սե­լու եւ պատ­մու­թիւ­նը նեն­գա­փո­խե­լու իր վար­քա­գի­ծը փաս­տօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ: Երկ­րորդ. մեկ­նե­լով ներ­կա­յի եւ ա­պա­գա­յի իր ներ­քին թէ ար­տա­քին շա­հե­րէն, ինչ­պէս նաեւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րէն, ­Թուր­քիան նոյ­նիսկ կ­՛ան­տե­սէ իր հին թէ նոր բա­րե­կամ­նե­րու թե­լադ­րու­թիւ­նը: Եր­րորդ. ­Թուր­քիա իր այս ո­րո­շու­մով գի­տակ­ցօ­րէն կը հա­րո­ւա­ծէ քրիս­տո­նեայ-իս­լամ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու վստա­հու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը տե­ղա­կան, շրջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, հա­կա­ռակ այս գծով կա­տա­րո­ւած զգու­շա­ցում­նե­րուն:
­Չոր­րորդ. ­Թուր­քիա իր ներ­կայ քայ­լով կու գայ ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­լու, որ Ա­րեւ­մուտ­քին եւ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն բա­ցո­ւե­լու իր ցոյց տո­ւած նշան­նե­րը կեղծ էին:
­Հին­գե­րորդ. ո՞ւր էին ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի ղե­կա­վար­նե­րը, քա­ղա­քա­կան թէ հո­գե­ւոր, երբ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­կա­նող հա­զա­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­ներ ա­խոռ­նե­րու, սրճա­րան­նե­րու, մզկիթ­նե­րու եւ այլ հան­րա­յին վայ­րե­րու վե­րա­ծո­ւե­ցան…:
Ա­յո՛, ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ա՛յ­լա­պէս կը շա­րու­նա­կո­ւի նո՛յն ցե­ղաս­պա­նին կող­մէաշ­խար­հի լռու­թեան դի­մաց: Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան այ­լա­մերժ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը ա՛յ­լա­պէս կը թա­փան­ցէ ա­մէն տեղ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հէն սկսեալ մին­չեւ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­ներ` աշ­խար­հի լռու­թեան դի­մաց:

 Կա­րօ ­Փայ­լան անդ­րա­դար­ձած է «Ս. ­Սո­ֆիա»ի մզկի­թի
վե­րա­ծո­ւե­լու ո­րո­շու­մին

­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լան անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց «­Սուրբ ­Սո­ֆիա» տա­ճա­րին՝ մզկի­թի կար­գա­վի­ճա­կին վե­րա­դարձ­նե­լու ո­րո­շու­մին։ Այս մա­սին, ­Փայ­լան գրած է ­Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին մէջ։
«Տ­խուր օր՝ քրիս­տո­նեա­նե­րու եւ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք կը հա­ւա­տան բազ­մա­կար­ծիք ­Թուր­քիոյ: «­Սուրբ ­Սո­ֆիա»ի տա­ճա­րը մզկի­թի կար­գա­վի­ճա­կի վե­րա­դարձ­նե­լու ո­րո­շու­մը պի­տի բար­դաց­նէ կեան­քը այս­տեղ ապ­րող քրիս­տո­նեա­նե­րուն եւ Եւ­րո­պա­յի մահ­մե­տա­կան­նե­րուն հա­մար: «­Սուրբ ­Սո­ֆիա»ն ­մեր հա­րուստ պատ­մու­թեան խորհր­դա­նիշն էր: Ա­նոր գմբե­թը բա­ւա­կա­նա­չափ մեծ էր բո­լո­րին հա­մար»։