Գա­րէա­յի մատ­ռան «Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ» խո­րա­նի օծ­ման տա­րե­դար­ձին եւ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան ա­ռի­թով ի գի­տու­թիւն մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին կը հա­ղոր­դենք, թէ Չո­րեք­շաբ­թի, 28 Յու­նիս 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, Գա­րէա­յի մա­տու­ռին մէջ, Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ եւ Մա­տա­ղօրհ­նու­թեամբ պի­տի նշո­ւի «Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ» խո­րա­նին օծ­ման տա­րե­դարձն ու ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը:

Ս. Պա­տա­րա­գին պի­տի հան­դի­սա­պե­տէ եւ իր Հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցէ,
Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Գե­րաշ­նորհ
Տ. Գե­ղամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Խա­չե­րեան

Ա­ւար­տին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն, ա­պա հո­գե­հանգստեան պաշ­տօն շրջա­նիս հան­գու­ցեալ քա­հա­նա­նե­րու, սար­կա­ւագ­նե­րու, դպիր-դպրու­հի­նե­րու, ծա­ռա­յող­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Այ­սու կը հրա­ւի­րո­ւի ուխ­տա­ւոր եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, մաս­նա­կից դառ­նա­լու տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, եւ մեր Սր­բա­զան հայ­րե­րուն հա­ւատ­քով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու:

ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳԱՐԷԱ-ԿԷՍԱՐԵԱՆԻԻ