Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան տնօրինումով, կազմակերպութեամբ Գալամաթայի Թաղային Խորհուրդին, Շաբաթ՝ 1 Յունիս 2019ի երեկոյեան ժամը 6ին, Գալամաթայի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Ս. Պատարագը մատուցեց Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին Տիկնանց Մարմնոյ եւ դպրաց դասի եօթը անդամուհիներ՝ Մարի Հաճեան, Մարի Տէտէեան, Երջան Սոլաքեան, Կիւլա Գոլսուզեան, Հռիփսիմէ Գարամանեան, Արշալոյս Տրդատեան-Նաքու եւ երէցկին Լուսի Շահինեան:
Տ. Նարեկ քահանայ հայրը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Քրիստոսի Համբարձման ու Հայաստանի 1918ի առաջին Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին Մայիսեան յաղթանակներուն մասին, վեր առնելով զոյգ առիթներուն հոգեւոր թէ ազգային բնոյթը:
Պատարագին ներկայ եղան Գալամաթայի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամ-անդամուհիները, համեստ թիւով Գալամաթաբնակ հայրենակիցներ եւ Աթէնքէն 93ամեայ ուխտաւոր՝ պրն. Եփրեմ Գասպարեան, որ յոտնկայս մասնակցեցաւ երգեցողութեան:
Յաջորդեց հիւրասիրութիւն:
Ներկայ մը