Գոքինիոյ «Սուրբ Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն ու Տիկնանց Մարմինը կը հաղորդեն, որ Կիրակի՝ 17 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9ին տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, ապա՝ ժամը 10ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ձեռամբ՝ յունահայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի:
Ներկայ գտնուած են Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ տիկ. Արաքսի Գոլանեան, աւետարանական համայնքի հովիւ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, Աթէնքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ հովիւ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան եւ Նէոս Գոզմոսի «Սուրբ Կարապետ» եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան եւ շուրջ 400 ուխտաւորներներ:
Գոքինիոյ «Սուրբ Յակոբ» եկեղեցին անգամ մը եւս տօնեց իր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը: Աննկարագրելի զգացումներով համակուած ուխտաւորներու խուռներամ բազմութիւնը, մէկ տեղ հաւաքուած, եկած էր ստանալու բարեխօսութիւնը եւ օրհնութիւնը Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին: Հո՛ս կը կայանար հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ ամուր Հաւատքը: Հաւատք մը՝ որ չճանչցաւ պաշտօն կամ տիտղոս եւ հաւատք մը, որ համախմբեց բոլոր դասակարգի մարդիկը, ըլլան անոնք մեծ կամ փոքր: Պատարագի ընթացքին իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր հոգիին մէջ Սուրբ Յակոբ Հայրապետին բարեխօսութիւնը կ՛աղերսէր:
Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը հակիրճ ձեւով պատմեց օրուան Սուրբին կեանքէն որոշ դրուագներ եւ առօրեայ մեր կեանքին շաղախելով զանոնք՝ ըսաւ.- «Առաքելական դարաւոր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ սուրբերը արժէքներ են եւ այսօր այդ արժէքներուն պէտք չէ սովորական ձեւով նայինք, այլ անոնց օրինակը պէտք է կեանքի վերածենք, որպէսզի մեր ապրած կեանքը օրհնութեամբ լեցուի: Հրաշքները նշաններ են աւետելու, որ այդ անձը Աստուծոյ ընտրեալն է, եւ այդ ընտրեալներէն էր Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետը:
Եւ այսօր իւրաքանչիւրիս պարտքն է, որպէսզի ուխտենք ըլլալ ծառայասէր եւ նուիրեալ մեր հաւատքին եւ մեր առաքելութեան»:
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ ապա հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ եկեղեցւոյ կամաւոր սպասաւորներուն, ըլլան անոնք հոգեւորական կամ աշխարհական: Բոլորին վարձքը կատար եւ Աստուած իւրաքանչիւրին ուխտը ընդունելի ընէ։
«Սուրբ Յակոբ» եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը
«Սուրբ Յակոբ» եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը