Շատ սիրելի
եղբայրներ եւ քոյրեր,
«Որովհետեւ Աստուծոյ
շնորհքը, աղբիւր՝ մարդոց փրկութեան, յայտնուեցաւ» (Տիտոսի 2,11)
Սուրբ Պօղոս Առաքեալի Տիտոսին ուղղուած նամակին մէջ կը սկսի հանդիսաւոր «ՅԱՅՏՆՈՒԵՑԱՒ» բառով։ Այս խօսքով, Եկեղեցին ամփոփ կերպով կ՚ուզէ արտայայտել Սուրբ Ծննդեան էութիւնը։ «Շատ անգամներ եւ բազմաթիւ օրինակներով անցեալի մէջ Աստուած խօսեցաւ մեր Հայրերու բեռնով» (Եբրայեցիներու 1,1): Սակայն հիմա աւելին եղած է՝ Նա յայտնուեցաւ։ Ինք զինք ցոյց տուաւ։ Նա դուրս եկած է անմատչելի լոյսէն, որուն մեջ կը բնակի։ Ինքը եկաւ մեր մեջ։ Այս է Սուրբ Ծննդեան մեծ ուրախութիւնն էր հին եկեղեցոյ համար: Աստուած յայտնուեցա: Այլեւս պարզապէս գաղափար մը չէ: Նա «յայտնուեցաւ»։ Այժմ մենք զմեզ կը հարցնենք. Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ: Իրականութեան մէջ Ինքը Ո՞վ է: «… յայտուեցան Աստուածոյ բարութիւնն ու սէրը մարդոց հանդէպ» (Տիտոսի 3,4)։ Նախաքրիստոնեական ժամանակներու մարդոց համար, աշխարհի սարսափներու ու հակասութիւններու դիմաց կը վախնաէին, որ նոյնիսկ Աստուած բոլորովին բարի չէ, բայց, կարող էր նաեւ ըլլալ՝ դաժան եւ կամայական, սա իսկական «աստուածայայտնութիւն» էր, մեծ լոյս. որ յայտնուեցաւ մեզի. Աստուած մաքուր բարութիւն է: Նոյնիսկ այսօր, մարդիկ որոնք չեն կրնար հաւատքով ճանչնալ զԱստուած, ինք զինքնին կը հարցնեն՝ արդեօք աշխարհը հաստատող եւ աջակցող գերագոյն ոյժը իսկապէս բարի՞ է, թէ՞ չարը նոյնքան զօրեղ եւ ինքնատիպ չէ, որքան լաւը ու գեղեցիկը, որոնք կարգ մը պահերուն մէջ կը հանդիպինք այս աշխարհին մէջ։ «Աստուծոյ բարութիւնը յայտնուեցաւ…Եւ իր սէրը մարդոց հանդէպ»: Այս է նոր եւ վստահ մխիթարութիւնը, որոնք տրուեցան մեզի Սուրբ Ծննդեան տօնին:
Սուրբ Ծննդեան առթիւ, մեր եկեղեցիներու մէջ կը կարդանք Եսայի մարգարէի գրքի մէջէն մի հատուած, որ աւելի թանձրացեալ կերպով կը նկարագրէ Սուրբ Ծննդեան տօնին տեղի ունեցած Աստուածայայտնութիւնը: «Մեզի համար մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ: Իր ուսերուն վրայ է զօրութիւնը, եւ իր անունը պիտի ըլլայ՝ Հրաշալի Խորհրդական, Հզօր Աստուած, Յաւերժ Հայր, Խաղաղութեան Իշխան: Մեծ պիտի ըլլայ իր հզօրութիւնը, եւ խաղաղութիւնը վերջ պիտի չունենայ» (Եսայիա 9,5): Ասիկա միակ բնագիրն է Հին Կտակարանին մէջ, ուր կ՚ըսուի մանուկին մասին: Իր անունը պիտի ըլլայ հզօր Աստուած, Հայր յաւիտեան: Մանուկը, իր տկարութեան մէջ, հզօր Աստուած է: Մանուկը, իր բոլոր կարիքներու եւ կախումնաւորութեան մեջ, յաւերժ Հայր է: «Եւ խաղաղութիւնը վերջ պիտի չունենայ»:
Աստուած յայտնուեցաւ որպէս Մանուկ: Ճիշտ այս կերպով կը հակադրէ ամէն տեսակ ուժգնութիւն եւ կը բերէ խաղաղութիւն: Այս պահուն, երբ աշխարհին շարունակ կը սպառնայ ուժգնութենէ շատ մը վայրերու մէջ եւ շատ ձեւերով: Տիրոջ կ՚աղաղակենք. Դուն, Աստուած հզօր, յայտնուեցար մանուկի պէս եւ ինք զինքդ ցոյց տուիր մեզի, որպէս Ան որ մեզ կը սիրէ եւ որուն միջոցաւ սէրը պիտի յաղթէ։ Եւ դուն մեզի հասկցուրցիր թէ Քեզի հետ միասին պետք է խաղաղարար ըլլանք։ Մենք կը սիրենք քու մանուկ ըլլալդ, քու ոչ ուժգնութիւնդ, սակայն մենք կը տառապինք որովհետեւ, ուժգնութիւնը կը շարունակուի աշխարիհ մէջ, եւ, հետեւաբար, մենք նաեւ կ՚աղօթենք Քեզի՝ ցոյց տուր Քու զօրութիւնդ, ով Աստուած: Մեր այս ժամանակներու մէջ այս աշխարհի մէջ, քու խաղաղութիւնդ տիրէ մեր այս աշխարհի մէջ։
Ոչ մէկ զգացականութիւն։ Ճիշտ Յիսուսի իրական մարդկութեան նոր փորձառութեան մէջ կը բացայայտուի հաւատքի մեծ խորհուրդը։ Մանուկ Յիսուսին միջոցաւ յայտնուեցաւ Աստուծայ խոնարհութիւնը, Աստուած աղքատացաւ: Իր Որդին կը ծնի ախոռի աղքատութեան մեջ։ Մանուկ Յիսուսով Աստուած դարձաւ կախումնաւոր, պէտք ունեցող մարդոց սիրոյ: Այսօր Սուրբ Ծնունդը դարցաւ խանութներու տօն, որ իր շլացուցիչ փայլը կը ծածկէ Աստուծոյ խոնարհութեան խորհուրդը, որ մեզ կը հրաւիրէ խոնարհութեան եւ պարզութեան: Եկէք աղօթենք Տիրոջ, որ օգնէ մեզի նայելու այս ժամանակի փայլուն ճակատներուն, մինչեւ որ գտնենք Բեթղեհէմի ախոռի Մանուկը, այդպէսով բացահայտելու իսկական ուրախութիւնն ու ճշմարիտ լոյսը։
Ամէն ոք, որ այսօր կ՚ուզէ մտնել Բեթղեհէմի Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան եկեղեցի, կը յայտնաբերուի, դուռը, որ ժամանակին հինգ ու կէս մեթր բարձրութիւն ունէր, որովհետեւ կայսրերն ու խալիֆները կը մտնէին շէնքը, հիմնականօրէն պարսպատուած է: Մնաց մէկ ու կէս մեթր ցած բացուածք մը։ Հաւանաբար նպատակը եկեղեցին աւելի լաւ պաշտպանելն էր հաւանական յարձակումներէ, բայց ամենէն առաջ թոյլ չտալ, որ մարդիկ ձիով մտնեն Աստուծոյ տունը: Իւրաքանչիւր ոք, որ կ՚ուզէ մտնել Յիսուսի ծննդեան վայրը, պէտք է խոնարհի: Մենք պէտք է վար դնենք մեր կեղծ վստահութիւնները, մեր մտաւոր հպարտութիւնը, որ կը խանգարէ մեզ ու չկարողանանք տեսնել Աստուծոյ բնակիլը մեր մէջ: Մենք պէտք է ծռինք, հոգեւորապէս երթանք, ոտքով, որպէսզի մտնենք հաւատքի դռնէն եւ հանդիպինք մեր նախապաշարումներու ու կարծիքներու տարբեր Աստուծոյն՝ նորածին Մանուկի խոնարհութեան մէջ ծածկուած Աստուածը։ Այսպէսով, մենք Սուրբ Ծննդեան առթիւ հրաժարինք կեդրոնացումէ նիւթականին վրայ: Եկէք, թոյլ տանք, որ պարզ դառնանք՝ ինչպէս մեր Տէրն ու Աստուածը պարզ դարձաւ: Եւ այս պահուն մենք առաջին հերթին աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք պէտք է ապրին Սուրբ Ծնունդը՝ աղքատութեան, պատերազմի, ցաւի, գաղթականներու վիճակի մէջ, որպէսզի Աստուծոյ բարութեան շող յայտնուի անոնց վրայ. որպէսզի այն բարութիւնը, որ Աստուած ախոռին մէջ իր Որդիի ծնունդով կամեցաւ աշխարհ բերել, դիպչի իրենք եւ մեզ։ Ամէն
Հայր Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան
Առաքելական կառավարիչ
Յունաստանի Հայ կաթողիկէ Համայնքի