ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

0
1869

«Ան­բա­ւե­լին երկ­նի եւ երկ­րի ի
խան­ձա­րուրս պա­տե­ցաւ, ոչ մեկ­նե­լով
ի ­Հօ­րէ ի սուրբ այ­րին բազ­մե­ցաւ»

­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան շա­րա­կա­նագ­րին աս­տուա­ծաշն­չա­կան հիմ­քով, աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան խոր­քով, բա­նաս­տեղ­ծա­կան ո­ճով եւ ե­րաժշ­տա­կան կուռ կա­ռու­ցո­ւած­քով յօ­րի­նած ­Սուրբ Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նի շա­րա­կա­նի այս տու­նը, ի շարս այ­լոց, ծալք առ ծալք կը բա­նայ տօ­նին նո­ւի­րո­ւած «­Խոր­հուրդ մեծ եւ սքան­չե­լի» շա­րա­կա­նին ընդ­մէ­ջէն Աս­տո­ւա­ծորդ­ւոյն եւ խոս­տա­ցո­ւած Փրկ­չին մար­դե­ղաց­ման խորհր­դա­լի դէպ­քը։
­Հին Կ­տա­կա­րա­նի գիր­քե­րէն խորհր­դան­շա­կան պատ­կեր­նե­րով յայտ­նո­ւած ու մար­գա­րէա­կան յայտ­նու­թիւն­նե­րով նա­խա­տե­սո­ւած ­Մե­սիա­յին՝ Փրկ­չին ժա­մա­նա­կի լրու­մին ի մէջ մարդ­կանց յայտ­նո­ւի­լը՝ «­Խոր­հուրդ խո­րին ան­հաս անս­կիզբն»,- ինչ­պէս պի­տի բնու­թագ­րէր հայ ե­կե­ղեց­ւոյ այլ շա­րա­կա­նա­գիր մը։ ­Շատ մը կրօն­ներ ընդ­դի­մա­ցան եւ մեր­ժե­ցին քրիս­տո­նէու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ չկա­րո­ղա­ցան ըմբռ­նել այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ Աս­տո­ւած կրնայ նիւ­թե­ղէն աշ­խար­հին բնու­թեան սահ­մա­նա­փակ պայ­ման­նե­րու մէջ յայտ­նո­ւիլ. Ա­րա­րի­չը ա­րա­րեալ­նե­րուն հետ դա­սո­ւիլ։ Եւ սրբա­զան շա­րա­կա­նա­գի­րը ի՜նչ գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րա­ւոր ո­ճով եւ սեղմ բա­ռե­րու մէջ կը յայտ­նէ ան­սահ­ման Աս­տու­ծոյն սահ­մա­նա­փա­կո­ւի­լը՝ ը­սե­լով.- «Ան՝ որ եր­կին­քին ու երկ­րին մէջ չի բա­ւեր, խան­ձա­րու­րի մէջ փաթ­թո­ւե­ցաւ եւ, ա­ռանց ­Հօր­մէ բաժ­նո­ւե­լու, ե­կաւ եւ սուրբ քա­րայ­րին մէջ բազ­մե­ցաւ»։
Աս­տո­ւա­ծորդ­ւոյն մար­դե­ղաց­ման եւ աշ­խար­հի ու մարդ­կու­թեան Փրկ­չին գալս­տեան հրա­շա­լի դէպ­քին պա­տու­մը եր­կին­քի եւ երկ­րի մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճակ­նե­րու հա­կա­սու­թիւն մը կը պար­զէ։ ­Սուրբ Ծնն­դեան նման կա­րե­ւոր դէպ­քի մը պարզ ու ան­շուք մսու­րի մը մէջ պա­տա­հի­լը՝ հե­ռու ճոխ ու փա­ռա­ւոր պայ­ման­նե­րէ, հան­դի­սա­ւոր հան­գա­մանք­նե­րէ, ար­քա­յա­կան փո­ղով ու թմբու­կով պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէ եւ բա­ցի քա­նի մը խաշ­նա­րած հո­վիւ­նե­րէն եւ տիե­զեր­քին մէջ տի­րող իւ­րօ­րի­նակ շար­ժու­մը նկա­տած Ա­րե­ւել­քէն ե­կած ե­րեք մո­գե­րէն՝ աշ­խար­հին ան­լուր ու ան­տե­ղեակ ըլ­լա­լը, երբ մարդ­կա­յին մտա­ծե­լա­կեր­պը պի­տի են­թադ­րէր դէպ­քին ա­մե­նա­փա­ռա­ւոր ձե­ւով պա­տա­հի­լը մէկ կող­մէ, իսկ միւս կող­մէ՝ ամ­բողջ եր­կին­քը ցնծու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ դասք հրեշ­տա­կաց փա­ռա­բա­նան­քի օրհ­ներ­գու­թիւն­նե­րով Փրկ­չի Ծնն­դեան ա­ւե­տու­մը մար­դոց։
Աս­տո­ւա­ծա­յին տնօ­րի­նու­մով՝ ­Սուրբ Ծնն­դեան լուռ ու անշ­շուկ, պարզ ու հա­մեստ պայ­ման­նե­րու մէջ պա­տա­հի­լը, հա­մես­տու­թեան եւ խո­նար­հու­թեան բնոյ­թով կը յատ­կան­շէ զայն։
­Խո­նար­հու­թիւ­նը ­Սուրբ Ծնն­դեան ու­շագ­րաւ յատ­կա­նիշ­նե­րէն մէկն է։ ­Սուրբ Ծնն­դեան հա­մեստ պայ­ման­նե­րը ո­չին­չով նսե­մա­ցու­ցին Փրկ­չին աս­տո­ւա­ծա­յին հան­գա­մանքն ու բնու­թիւ­նը։
­Սուրբ Ծ­նուն­դով Ճշ­մար­տու­թիւ­նը յայտ­նո­ւե­ցաւ աշ­խար­հին. այն աշ­խար­հին՝ որ հե­ռու աս­տո­ւա­ծա­յին, յա­ւի­տե­նա­կան ճշմա­րիտ ար­ժէք­նե­րէ, մնա­յուն փնտռտու­քի մէջ էր, ըլ­լայ այդ հարս­տու­թիւն, փառք ու պա­տիւ, զօ­րու­թիւն, այդ բո­լո­րը միշտ ալ ժա­մա­նա­կա­ւոր եւ ան­ցո­ղա­կան ե­ղած են։ ­Յի­սու­սի աշ­խարհ գա­լով, աշ­խարհ ե­կաւ Ճշ­մար­տու­թիւ­նը.- «Ես եմ ճա­նա­պար­հը, ճշմար­տու­թիւ­նը եւ կեան­քը» (Յհ 14.6)։ Եւ մար­դիկ ճանչ­ցան զԱս­տո­ւած, լսե­ցին Աս­տու­ծոյ խօս­քը, ի­մա­նա­լի դար­ձաւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը եւ Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը՝ ի հե­ճուկս այս աշ­խար­հի հո­ղա­նիւ­թեայ կեան­քին եւ թա­գա­ւո­րու­թեանց փառ­քին։ Աս­տու­ծոյ յայտ­նու­թիւ­նը մար­դուն իս­կա­կան ար­ժէք­նե­րու ար­ժե­չափ մը հաս­տա­տեց։ Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թեան ի՞նչ ձե­ւով տի­րա­նա­լու ձգտող հրեայ մե­ծա­հա­րուստ ե­րի­տա­սար­դին, ­Յի­սուս պա­տաս­խա­նեց.- «Ե­թէ կ’ու­զես կա­տա­րեալ ըլ­լալ, գնա՛, ինչ որ ու­նիս ծա­խէ եւ աղ­քատ­նե­րուն տուր, այդ­պի­սով եր­կին­քի մէջ գանձ պի­տի ու­նե­նաս, եւ յե­տոյ՝ հե­տե­ւէ ին­ծի» (Մտ 19.21), իսկ աշ­խար­հի յոր­դա­ռատ հունձ­քէն յղփա­ցած եւ ամ­բողջ կեանք մը «կե՛ր, ա՛րբ եւ ու­րա՛խ լեր»ի ինք­նա­բաւ վստա­հու­թեամբ ապ­րե­լու պատ­րաս­տո­ւող մե­ծա­հա­րուս­տին Աս­տու­ծոյ հրեշ­տա­կը ը­սաւ.- «Ան­մի՛տ մարդ, այս գի­շեր իսկ հո­գիդ քեզ­մէ պի­տի առ­նեն. ո­րո՞ւն պի­տի մնայ պատ­րաս­տածդ»։ (Ղկ 12.20)։
­Խո­նար­հու­թիւ­նը քրիս­տո­նէա­կան այն ա­ռա­քի­նու­թիւնն է, ո­րով մարդ կը ճանչ­նայ ինք­զինք, իր չափն ու սահ­ման­նե­րը ու, մա­նա­ւա՛նդ, կը ճանչ­նայ եւ կ’ըն­դու­նի ու­րի­շը իր էու­թեամբ եւ ար­ժա­նիք­նե­րով, հա­կա­ռակ ամ­բար­տա­ւա­նին, որ իր ան­ձէն զատ կը մեր­ժէ ըն­դու­նիլ ո­րե­ւէ ար­ժէք եւ հան­գա­մանք, եւ որ խո­տե­լի է ան Աս­տու­ծոյ հա­մար, ինչ­պէս որ ­Սաղ­մո­սեր­գուն կ’ը­սէ.- «­Դուն սաս­տե­ցիր ա­նի­ծեալ ամ­բար­տա­ւան­նե­րը, քու պա­տո­ւի­րան­նե­րէն մո­լո­րած­նե­րը» (Սղ 119.21)։
­Սուրբ Ծնն­դեան մսու­րէն մե­զի ե­կող պատ­գամ­նե­րէն մին խո­նար­հու­թիւնն է, որ ինք­նին հրա­ւէր մըն է մե­զի ճանչ­նա­լու, ըն­դու­նե­լու, յար­գե­լու եւ պա­հե­լու մեզ­մէ ան­դին եւ վեր ար­ժէք­ներ, ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց գլխա­ւորն է Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւ­նը եւ Ա­նոր փրկա­գոր­ծա­կան սի­րոյ աղ­բե­րա­ցու­մը մար­դոց հան­դէպ։ Եւ Աս­տո­ւա­ծա­ծա­նօ­թու­թեան ընդ­մէ­ջէն «­Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ» (Առ 1.1)։ ­Վա­ղան­ցուկ ար­ժէք­նե­րու եւ հարս­տու­թեանց փո­խա­րէն, Ճշ­մա­րիտ ար­ժէք­նե­րու ճա­նա­չու­մը եւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը մեզ կ’ա­ռաջ­նոր­դէ իս­կա­կան եւ յա­ւի­տա­նա­կան կե­ցու­ցիչ ար­ժէք­նե­րու հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու՝ ինչ­պէս որ ­Յի­սուս կ’ը­սէ.- «­Ձեր հարս­տու­թիւ­նը մի՛ դի­զէք երկ­րի վրայ…., այլ ձեր հարս­տու­թիւ­նը դի­զե­ցէք եր­կին­քի մէջ, ուր ցեցն ու ժան­գը չեն կրնար փճաց­նել, եւ ոչ ալ գո­ղե­րը պատդ քան­դե­լով ներս մտնել եւ գող­նալ» (Մտ 6.19)։
­Սուրբ Ծնն­դեան պատ­գամն է՝ խո­նարհ հո­գիով ջա­նալ, փո­խա­նակ մար­դա­հա­ճոյ ըլ­լա­լու, աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ ըլ­լալ։ Այդ մէ­կը կը յա­ջո­ղո­ւի մե­զի, ե­թէ մեր կեան­քին մէջ ձեռք ձգե­լիք հարս­տու­թիւն­ներն ու ար­ժէք­նե­րը Աս­տու­ծոյ խօս­քին եւ պա­տո­ւի­րան­նե­րուն ար­ժե­չա­փին վրայ հաս­տա­տենք։
Ք­րիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի պրիս­մա­կէն դի­տե­լով կեան­քը՝ մեր ­Հայ­րե­րը պատ­մու­թեան բո­լոր դա­րե­րուն ջա­նա­դիր ե­ղան ճշմա­րիտ ար­ժէք­նե­րու հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու եւ այդ ար­ժե­չափ­նե­րով դի­զո­ւած ­Հայ­կա­կան Ազ­գա­յին ­Հարս­տու­թիւն ժա­ռան­գե­ցին մե­զի եւ մե­զի պա­տո­ւի­րան կտա­կե­ցին պա­հել, պահ­պա­նել այդ Ազ­գա­յին ­Հո­գեմ­տա­ւոր ­Ժա­ռան­գու­թիւ­նը, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը ըլ­լայ միշտ հա­րուստ եւ գո­յու­թիւ­նը՝ ա­պա­հով։
­Սուրբ Ծնն­դեան այս պատ­գա­մէ՛ն թե­լադ­րո­ւած եւ գօ­տեպն­դո­ւած՝ կը սկսինք ­Նոր ­Տա­րին։ ­Սուրբ Ծննդեան այս պատ­գա­մը թող դա­րե­րէն ե­կող ու դա­րե­րուն գա­ցող մեր ­Հայ­րե­րուն հա­րա­զատ ձայ­նով մշտա­հունչ պատ­գամ մնայ մեր մտքե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ։
­Մեր բաղ­ձանքն ու մաղ­թանքն է, որ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ան­հա­տա­կան թէ հա­ւա­քա­կան կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը միշտ հա­րուստ մնան մեր պա­պե­րուն ո­գի ի բռին փայ­փա­յած եւ ծով զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով պահ­պա­նած մեր Ազ­գա­յին եւ ­Հո­գե­ւոր ­Ժա­ռան­գու­թեան ար­ժէք­նե­րով։

Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ։

5 ­Յու­նո­ւար 2019, Ա­թէնք

ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ` ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ