Ուր­բաթ, 23 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ին ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։00-ին,կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Գո­մո­թի­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին, քա­ղա­­քի շքեղ հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Սուրբ Ծնն­դեան նո­ւի­րո­ւած հա­մերգ շրջա­նի հա­սա­րա­կա­կան միու­թիւն­նե­րու եւ հա­մայնք­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։
­Հա­մեր­գին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ ­Գո­մո­թի­նիի հայ հա­մայն­քի Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան «Է­րե­բու­նի» երգ­չա­խում­բը։
­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան շրջա­նի մետ­րա­պո­լի­տը, ինչ­պէս նաեւ տար­բեր հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վար­նե­րուն տրո­ւե­ցաւ յու­շա­նո­ւէր եւ հա­մեր­գի ա­ւար­տին բո­լոր երգ­չա­խում­բե­րը միա­սին բեմ բարձ­րա­նա­լով եր­գե­ցին «­Լուռ գի­շեր» եր­գը:
­Նաեւ, ­Չո­րեք­շաբ­թի 28 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։30-ին, նոյն հա­մեր­գաս­րա­հէն ներս ­Սուրբ Ծնն­դեան նո­ւի­րո­ւած այլ ձեռ­նարկ մը ձեռ­նարկ մը, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Գո­մո­թի­նիի հայ հա­մայնքի փոք­րիկ­նե­րը։ ­Ձեռ­նար­կը սկիզբ ա­ռաւ հայ հա­մայն­քի նո­րա­կազմ «­Նոր ­Սե­րունդ» երգ­չա­խում­բի փոք­րիկ­նե­րով, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին Ս. Ծնն­դեան նո­ւի­րո­ւած եր­կու եր­գեր, ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
­Նաեւ Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան «Ու­րար­տու» պա­րա­խում­բի փոք­րիկ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան եր­կու պա­րեր, պա­րու­սու­ցու­թեամբ ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի։ Այս ա­ռի­թով, հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն յանձ­նուե­ցաւ յու­շա­նո­ւէր մը։ ­Յայ­տագ­րին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ նկար­չու­թիւն։
Ա­ւար­տին, բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը եւ ծնող­նե­րը միա­սին բարձ­րա­ցան սրահ որ­պէս­զի միաս­նա­բար դի­տէն թատ­րոն։

ԹՂԹԱԿԻՑ