Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի ե­կե­ղե­ցա­կան-ազ­գա­յին օ­րա­ցոյ­ցի բարձ­րա­կէ­տը հան­դի­սա­ցող տա­րե­կան ե­ռօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը դէ­պի Ար­տա­զի Ս. ­Թա­դէոս Ա­ռա­քեա­լին վան­քը, հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին յու­զում­նե­րով եւ ապ­րում­նե­րով կը յա­գեց­նէ հա­մայն ի­րա­նա­հա­յու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս ատր­պա­տա­կան­ցի հա­յը:
63րդ ­տա­րին ըլ­լա­լով՝ Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ սոյն ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը 27-29 ­Յու­լիս 2017ին, բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեանբ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Գ­րի­գոր Եպս. ­Չիֆթ­ճեա­նի:
Ի­րա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն եւ ար­տա­սահ­մա­նէն մե­ծա­թիւ ուխ­տա­ւոր­ներ ժա­մա­նած էին Ս. ­Թա­դէի ­Վանք՝ ժա­մա­սա­ցու­թեամբ, Ս. ­Պա­տա­րա­գով եւ ազ­գա­յին ժո­ղովր­դա­կան տօ­նախմ­բու­թեամբ կա­տա­րե­լու Ս. ­Թա­դէոս Ա­ռա­քեա­լի եւ Ս. ­Սան­դուխտ ­Կոյ­սին տօ­նը:
­Վան­քե­րու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան յանձ­նա­խում­բը, շա­բաթ­ներ ա­ռաջ լծո­ւած ըլ­լա­լով կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, խորհր­դա­տո­ւու­թեամբ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, յանձն ա­ռած էր ուխ­տա­ւոր­նե­րուն կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը եւ այլ անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­ներ:
­Նա­խա­պէս վան­քի շրջա­պա­տին մէջ լա­րո­ւած հա­րիւ­րա­ւոր վրան­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը կա­տա­րո­ւած ըլ­լա­լով վան­քե­րու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ, ուխ­տա­ւոր­ներ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 27 ­Յու­լի­սին վանք ժա­մա­նե­լով, տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցան, նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­լով յա­ռա­ջի­կայ եր­կու օ­րե­րու ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր յայ­տա­գիր­նե­րուն:
Ուր­բաթ՝ 28 ­Յու­լիս 2017ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։00ին վանք ժա­մա­նեց Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն: Սր­բա­զա­նը զան­գի ղօ­ղանջ­նե­րուն ներ­քեւ հո­գե­ւոր դա­սի եւ ժո­ղովր­դա­յին դի­մա­ւո­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ, օրհ­նե­լով հացն ու ա­ղը, իսկ տա­ճա­րին մէջ, կա­նո­նա­կան ա­ղօթ­քէն ետք, իր ա­ռա­ջին պատ­գա­մը յղեց ուխ­տա­ւոր բազ­մու­թեան: Սր­բա­զա­նը մաղ­թեց, որ ե­ռօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը ա­ղօ­թա­նո­ւէր կեան­քի ա­ռաջ­նոր­դող ազ­դակ հան­դի­սա­նայ բո­լոր ուխ­տա­ւոր­նե­րուն հա­մար.- «Այս վան­քին քա­րե­րը ոչ միայն կը խօ­սին, ո՛չ միայն կը պատ­մեն ան­ցեա­լի մա­սին, այ­լեւ կը լսեն: Ա­նոնք բաց ա­կանջ­ներ են մեր ա­ղօթք­նե­րը ներծ­ծող եւ Աս­տու­ծոյ ա­կան­ջին մէջ ար­ձա­գան­գող»,- ը­սաւ Սր­բա­զա­նը՝ կոչ ուղ­ղե­լով ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րուն մաս­նա­կից ըլ­լա­լու եւ օգ­տո­ւե­լու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ըն­ձե­ռած բա­ցա­ռիկ հո­գե­ւոր ա­ռիթ­նե­րէն: Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն, մաս­նակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սի եւ ա­ղօ­թակ­ցու­թեամբ հա­ւա­տա­ցեալ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն:

Ուխ­տի ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ՝ տա­ճա­րին մէջ

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան գլխա­ւոր օ­րը, ­Շա­բաթ՝ 29 ­Յու­լիս 2017ին, Ս. ­Թա­դէի վան­քի տա­ճա­րին մէջ պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Ատր­պա­տա­կա­նի ա­ռաջ­նոր­դը: ­Խո­րա­նին կը սպա­սար­կէին Ուր­միոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Ներ­սէս Քհնյ. ­Պա­սի­լեան եւ ­Թաւ­րի­զի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Մար­տի­րոս Քհնյ. ­Ղու­կա­սեան: Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Թաւ­րի­զի «­Կո­մի­տաս» երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Վար­դան ­Վահ­րա­մեա­նի: Ս. ­Խո­րա­նին կը սպա­սար­կէին թե­մի սար­կա­ւա­գաց եւ դպրաց դա­սե­րը` զոյգ բուր­վա­ռով, քշո­ցակ­րու­թեամբ, կե­րո­նակ­րու­թեամբ եւ մո­մակ­րու­թեամբ:
Ա­պա, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դը իր հո­գե­ւոր պատ­գա­մը սկսաւ բիւր փառք ու գո­հու­թիւն ըն­ծա­յե­լով ա­մե­նա­կալ Աս­տու­ծոյ, որ այս տա­րի եւս ա­ռիթ ըն­ծա­յած էր Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մին, պահ­պա­նել վան­քի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րուն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը իր ժո­ղո­վուր­դով, ո­րուն ա­ղօ­թա­կից կ­՛ըլ­լան նաեւ ներ­կայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը Ս. ­Թա­դէի վան­քին մէջ. «Այս սուրբ վան­քին տե­սած ցաւն ու տա­ռա­պան­քը դա­րե­րու ըն­թաց­քին, մեր յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով ու մա­նա­ւանդ մեր սրտի խո­րե­րէն բխած ա­ղօթք­նե­րով կը փոր­ձենք ա­մո­քել»,- ը­սաւ Սր­բա­զա­նը: Ա­պա՝ ան վան­քի ան­ցեալ պատ­մու­թե­նէն՝ հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն մին­չեւ ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թիւն, յի­շար­ժան քա­ղո­ւածք­ներ կա­տա­րե­լով, անդ­րա­դար­ձաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ապ­րած տա­ռա­պան­քին եւ պայ­քա­րի հզօր ու­ժին ու դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեան. «Այս սրբա­տաշ քա­րե­րուն մէջ քա­րա­ցած է ար­ցուն­քը մեր ժո­ղո­վուր­դին: Այս քա­րե­րուն մէկ մա­սը կար­ծես մեր ազ­գի տարտ ու ցա­ւէն սեւ­ցեր են, մա­շո­ւեր, բայց մեր ժո­ղո­վուր­դին նման դա­րե­րու փո­թո­րիկ­նե­րուն եւ փո­շիին դի­մաց ան­վե­հեր կանգ­ներ են: 1915 թո­ւին, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­զա­տո­ւած վա­նե­ցի­ներ հա­զիւ հա­սած այս վան­քը ա­պաս­տան գտնե­լու, ա­կա­նա­տես­նե­րու գրա­ծին հա­մա­ձայն, մօ­տե­ցեր են տա­ճա­րին եւ լի­զեր ու համ­բու­րեր են սրբա­տաշ քա­րե­րը, փառք տա­լով Աս­տու­ծոյ ի­րենց փրկու­թեան հա­մար: Երկ­րա­շարժ­ներ փլցու­ցեր են այս վան­քը, ա­ւե­լի քան եօ­թը տաս­նեակ վա­նա­կան­ներ թա­ղո­ւեր են ա­ւե­րակ­նե­րուն տակ 1319 թո­ւին, բայց հի­մե­րը չեն սա­սա­նո­ւեր տա­ճա­րին, նման մեր ա­ռա­քե­լա­կան մայ­րե­նի սուրբ ե­կե­ղեց­ւոյ, ո­րուն հի­մե­րը ո՛չ ոք կրնայ թուլց­նել կամ սա­սա­նեց­նել»,- ը­սաւ Սր­բա­զա­նը:
Իր քա­րո­զի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Սր­բա­զան ­Հայ­րը Ս. ­Թա­դէոս Ա­ռա­քեա­լի եւ Ս. ­Սան­դուխտ ­Կոյ­սի բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը հայ­ցեց բո­լոր ուխ­տա­ւոր­նե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի ա­նոնց խնդրանք­նե­րը Աս­տու­ծոյ գա­հին հաս­նին եւ ի բա­րին կա­տա­րո­ւին. «Ո՜վ չու­նի ցաւ, ո՜վ չու­նի մտա­հո­գու­թիւն, ո՜վ չի մտա­ծեր իր կամ իր ըն­տա­նի­քին եւ զա­ւակ­նե­րուն ա­ռող­ջու­թեան եւ ա­պա­հո­վու­թեան մա­սին ներ­կայ չա­րիք­նե­րով լե­ցուն այս աշ­խար­հին մէջ: ­Կեան­քը ան­հա­ւա­տա­լի ան­հե­թե­թու­թիւն­նե­րով լե­ցուն է: Աշ­խար­հի մէկ ծայ­րէն միւ­սը լա­ցի ձայ­ներ կը լսո­ւին, պա­տե­րազմ­նե­րու ու թշնա­մու­թեան բա­ցա­յայտ նշան­ներ կ­՛ե­րե­ւին ա­մէն տեղ` ա­րե­ւել­քէն ա­րեւ­մուտք եւ հիւ­սի­սէն հա­րաւ, ա­ւե­րիչ վա­ռօ­դի հո­տը մարդ­կու­թեան կեան­քին մէջ չի դադ­րիր: ­Մէկ խօս­քով՝ տա­ռա­պան­քի, նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ ա­նա­պա­հով կա­ցու­թեան մէջ կ­՛ու­տենք այ­սօ­րո­ւան մէկ պա­տառ հա­ցը: Ուս­տի, թող Աս­տո­ւած լսէ մեր բո­լո­րին ա­ղա­չան­քը, եղ­բայ­րու­թիւն ու սէր սեր­մա­նէ մար­դոց սրտե­րուն մէջ, որ­պէս­զի քա­լենք Աս­տու­ծոյ ցոյց տո­ւած ճամ­բով, ապ­րինք աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ կեան­քով, միշտ ա­պա­ւի­նե­լով մեր ա­մե­նա­զօր Փրկ­չին փրկա­րար խա­չին զօ­րու­թեան»,- ը­սաւ Սր­բա­զա­նը:
­Հո­գե­ւոր իր պատ­գա­մի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը յա­տուկ գնա­հա­տա­գիր յանձ­նեց Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի ազ­գա­յին բա­րե­րար ­Հա­մա­զասպ Ոս­կա­նեա­նին, որ վան­քե­րու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան յանձ­նա­խում­բին հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն ըլ­լա­լով՝ այս տա­րի եւս կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցեր էր, մե­կե­նա­սը դառ­նա­լով Սր­բա­զան ­Հօր հե­ղի­նա­կած «Ու­ղե­ւո­րու­թիւն Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մում՝ հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րի հետ­քե­րով» մե­ծա­ծա­ւալ գիր­քի Ա. հա­տո­րին, ո­րուն տիտ­ղո­սա­թեր­թի ներ­քեւ ամ­փո­փո­ւեր են թե­մի ա­ւե­լի քան 200 ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն 95ին մա­սին նո­րա­գոյն տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ հնա­գի­տա­կան այլ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին թե­մի պատ­մա­կան ան­ցեա­լին:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, Ս. ­Թա­դէի Ա­ջով կա­տա­րո­ւե­ցաւ ջրօրհ­նէք եւ ա­պա ­Սուրբ Ա­ջով գլխա­ւո­րո­ւած ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց թա­փօ­րը ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի շրջա­փակ, եւ ա­պա՝ ամ­բողջ տա­ճա­րին շուր­ջը դառ­նա­լով ե­կաւ ա­ռաջ­նոր­դա­կան յար­կա­բաժ­նին` վա­նա­հօր սե­նեա­կին առ­ջեւ, ուր երգ­չա­խում­բը կա­տա­րեց «­Կի­լի­կիա»ն: Ա­պա՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը «­Պահ­պա­նիչ»ով օրհ­նեց ժո­ղո­վուր­դը, գնա­հա­տա­կան իր խօս­քը ուղ­ղեց ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան, երգ­չա­խում­բին, կրտսե­րաց դպրաց դա­սին, տիկ­նանց միու­թեան, ու յատ­կա­պէս վան­քե­րու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան յանձ­նա­խում­բին, կա­տա­րո­ւած կազ­մա­կերպ եւ բծախն­դիր աշ­խա­տան­քին հա­մար: Այս ա­ռի­թով, Սր­բա­զան ­Հայ­րը գրա­ւոր օրհ­նու­թիւն յանձ­նեց յանձ­նա­խում­բի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն, առ ի գնա­հա­տանք ա­նոնց զո­հա­բե­րու­թեան:

Հս­կու­մի ժա­մեր­գու­թիւն

Ա­մէ­նօ­րեայ ա­ռա­ւօ­տեան եւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րէն բա­ցի, Ուր­բաթ գի­շեր ժա­մը 8ին տա­ճա­րին մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ գի­շե­րա­յին ժա­մեր­գու­թիւն, մաս­նակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սին եւ բա­րե­պաշտ ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դին: Այս տա­րի եւս, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ զե­տե­ղո­ւած գա­մե­րով պա­տո­ւած հսկայ խա­չին վրայ ուխ­տա­ւոր­ներ ի­րենց սրտի փա­փաք­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­ցին եւ դրին՝ խնդրե­լով Ս. ­Թա­դէոս Ա­ռա­քեա­լին եւ Ս. ­Սան­դուխտ ­Կոյ­սին բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը: Ուխ­տա­ւոր­նե­րէն շա­տեր ծնրա­դիր հե­տե­ւե­ցան խորհր­դա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան, ա­ղօ­թե­լով աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար:
­Յայտ­նենք, թէ թե­մի քա­հա­նայ հայ­րե­րը ­Հինգ­շաբ­թի, Ուր­բաթ եւ ­Շա­բաթ օ­րե­րուն նաեւ մկրտու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րե­ցին, ի­րենց ե­րե­խա­նե­րը վան­քին մէջ կնքե­լու ուխտ ու­նե­ցող ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար:
Իսկ ­Շա­բաթ՝ 29 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, վան­քէն մէկ քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կանգ­նո­ւած յա­տուկ վրա­նի տակ, պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ` գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Չալտ­րա­նի կու­սա­կալ ­Քա­րիմ ­Հո­սէյն­զա­դէի, յար­գանք ըն­ծա­յե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, ուխ­տագ­նա­ցու­թեան այս ա­ռի­թով:
­Պաշ­տօ­նա­կան սոյն հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դը, Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Ժո­ղո­վի եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ­ներ ­Դոկտ. Ա­րա ­Մե­լի­քեան եւ ­Ռու­բիկ ­Ջա­նա­նեան, ինչ­պէս նաեւ՝ սոյն ժո­ղով­նե­րու ան­դամ­ներ, վան­քե­րու ուխ­տագ­նա­ցու­թեան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, պե­տա­կան տար­բեր կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ յա­տուկ հրա­ւի­րեալ­ներ: ­Պաշ­տօ­նա­կան խօս­քեր փո­խա­նա­կո­ւե­ցան Սր­բա­զան ­Հօր եւ պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մի­ջեւ:

Ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դա­վառ ծրա­գիր` վան­քի շրջա­փա­կին մէջ

Ուր­բաթ գի­շեր՝ 28 ­Յու­լի­սին, գի­շե­րո­ւան ժա­մը 10էն սկսեալ, Ս. ­Թա­դէի վան-քի ա­րեւմ­տեան շրջա­փա­կին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թաւ­րի­զի հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու միու­թեան վար­չու­թեան եւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ ­Կա­րէն ­Սար­գի­սեա­նի, տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դա­վառ ծրա­գիր, եր­գե­րու, նո­ւագ­նե­րու եւ աս­մունք­նե­րու կա­տա­րու­մով: ­Գի­շե­րը «ա­զատ բեմ» յայ­տա­րա­րո­ւե­լէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ներ­կայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կա­մա­ւո­րա­բար մաս­նա­կից դար­ձաւ ծրագ­րին, մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր: ­Ներ­կայ տա­ղան­դա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­թե­նէն շա­տեր ի­րենց եր­գի, նո­ւա­գի եւ աս­մուն­քի ձիր­քե­րը ցոյց տո­ւին, միան­գամ եւս փաս­տե­լով հայ ազ­գի տա­ղան­դա­շատ նոր սե­րուն­դի դրա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը:
Ս. ­Թա­դէի Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը այս տա­րի եւս բա­ցա­ռիկ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի վե­րա­նո­րո­գու­թեան եւ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման, գնա­հա­տե­լու այն` ինչ որ մեր գո­յու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, եւ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին հա­մար էա­կան:

Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րան՝ Ատր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի