Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ մատաղօրհնութիւն Գարէայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» խորանի օծման տարեդարձին եւ անուանակոչութեան տօնին առիթով
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, կը հաղորդենք, թէ Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Գարէայի մատուռին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ մատաղօրհնութեամբ պիտի նշուի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» խորանին օծման տարեդարձն ու անուանակոչութեան տօնը:
Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ,
շրջանիս հոգեւոր հովիւ
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Ս. Պատարգի աւարտին տեղի պիտի ունենայ մատաղի օրհնութիւն, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն շրջանիս հանգուցեալ քահանաներու, սարկաւագներու, դպիր-դպրուհիներու, ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին։
Ս. Պատարագի Դպրաց դասի երգեցողութիւնը
պիտի խմբավարէ բարեշնորհ
Պետրոս սրկ. Պարսամեան:
Այսու կը հրաւիրուի ուխտաւոր եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, մասնակից դառնալու տօնակատարութեան, եւ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ մեր Հայրերուն հաւատքով վերանորոգուելու:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳԱՐԷԱ-ԿԵՍԱՐԵԱՆԻԻ