Կի­րա­կի՝ 24 ­­Փետ­րո­ւար 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­­Պա­տա­րագ։ Ս. եւ Ան­մահ ­­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­­Փա­շա­յեան։ ­­Հայր ­­Սուր­բը՝ ­­Ճա­շու ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը բա­ցատ­րե­լէ ետք, անդ­րա­դար­ձաւ ­­Սում­կա­յի­թի զո­հե­րուն եւ, իր խօս­քը ուղ­ղե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին, ը­սաւ.- «­­Միշտ վառ պա­հե­ցէք մեր ան­մեղ զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը, գէթ խունկ ու ա­ղօթք մա­տու­ցէք ա­նոնց մատ­ղաշ հա­սա­կին, ու մա­նա­ւանդ՝ պատ­րաստ ե­ղէք ա­մէն պա­րա­գա­յի մեր հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան։ Այ­սօր ֆի­զի­քա­պէս չկան այդ ան­մեղ զո­հե­րը, սա­կայն մեր հո­գի­նե­րուն մէջ միշտ ներ­կա­յու­թի՛ւն են եւ, ա­ւե­լի՛ն, կան ա­նոնց յա­ջորդ­նե­րը. շա­րու­նա­կե­ցէք ձեր պայ­քա­րը յա­նուն ար­դա­րու­թեան ու ազ­գի գո­յա­տեւ­ման, միշտ ե­կե­ղե­ցւոյ հո­վա­նիին ներ­քոյ»։ ­­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ, նո­ւի­րո­ւած ­­Սում­կա­յի­թի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։ Օ­րո­ւան բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ­­Հայր ­­Սուր­բը, որ նշեց օ­րուան յի­շա­տա­կի ձեռ­նար­կին կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
Ա­պա, հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէի շրջա­նի մօտ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. ­­Կա­րօ ­­Նա­տեան, որ փո­խան­ցեց ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէի սրտի խօս­քը՝ նո­ւի­րո­ւած ­­Սում­կա­յի­թի կո­տո­րա­ծին։ Ա­պա, օ­րո­ւան բա­նա­խօս Հ.Յ.Դ. ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Յ. ­­Գա­սա­պեան» ­­Կո­մի­տէի ա­տե­նադ­պիր ­­Յո­վիկ ­­Գա­սա­պեան ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց ­­Սում­կա­յի­թի պատ­մա­կա­նը՝ բո­լո­րիս տա­նե­լով 31 տա­րի­ներ ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած այդ ա­հա­ւոր ու դա­տա­պար­տե­լի կո­տո­րա­ծին ու տե­ղա­հա­նու­թեան՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած՝ ընդ­դէմ հայ բնակ­չու­թեան, ո­րուն մէջ կա­յին մե­ծաւ մա­սամբ ե­րե­խա­ներ, կի­ներ եւ ծե­րեր։ Ձեռ­նար­կը իր ա­ւար­տին հա­սաւ գա­ղու­թի ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն տիկ. Աստ­ղիկ ­­Գա­նա­պե­տեա­նի կող­մէ ար­տա­սա­նո­ւած ­­Դա­նիէլ ­­Վա­րու­ժա­նի «­­Ջար­դը» ո­տա­նա­ւո­րով։