Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճէպ ­Թա­յիպ Էր­տո­ղան ու կու­սա­կից­նե­րը ե­րե­ւա­կա­յե­լի ու ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն դի­մե­ցին, որ­պէս­զի նա­խա­գա­հի սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը ան­սահ­ման կեր­պով ըն­դար­ձա­կող օ­րէն­քին մա­սին ­Կի­րա­կի՝ 16 Ապ­րի­լի հան­րա­քո­ւէն յաղ­թա­նակ բե­րէ նա­խա­գա­հին։ Եւ ինք­զինք քա­ղա­քա­կիրթ ու ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան դրօ­շա­կիր դա­սող աշ­խար­հը, ան­գամ մը եւս, հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ դի­տեց Էր­տո­ղա­նի յե­լու­զա­կու­թիւ­նը՝ տեղ մը ող­ջու­նե­լով ար­դիւն­քը, իսկ տեղ-տեղ ալ բա­ւա­կա­նա­նա­լով կրա­ւո­րա­կա­նու­թե­նէ ան­դին չանց­նող քննա­դա­տու­թիւն­նե­րով։
Եւ ա­հա՛, Էր­տո­ղա­նի դի­մաց բա­ցո­ւե­ցաւ բռնա­տէր սուլ­թան դառ­նա­լու վեր­ջին դու­ռը, ո­րուն մա­սին ե­րա­զած ու գոր­ծած էր ան շուրջ 15 տա­րիէ ի վեր։
­Ներ­քին ու ար­տա­քին աղ­բիւր­նե­րէ քա­ղե­լով՝ ար­ձա­նագ­րենք քա­նի մը փաս­տա­ցի տո­ւեալ­ներ, ո­րոնք ցոյց կու տան, թէ ինչ­պի­սի՛ մե­քե­նա­յու­թեան մը հե­տե­ւանքն էր Էր­տո­ղա­նի ի նպաստ «ա­յո»ն ­հան­րա­քո­ւէի։
­Տա­րա­կար­ծու­թիւն չկայ, թէ Էր­տո­ղան միշտ ալ խար­դա­խու­թեան դի­մած է քո­ւէ­ներ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, սա­կայն այս ան­գամ գե­րա­զան­ցեց իր նա­խորդ մրցա­նիշ­նե­րը։ ­Հան­րա­քո­ւէին ար­դիւն­քը ցոյց կու տայ, որ Էր­տո­ղա­նի ծրա­գի­րը ա­պա­հո­ված է քուէ­նե­րուն միայն 51.4 առ հա­րիւ­րը, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ ­Թուր­քիոյ բնակ­չու­թեան մօ­տա­ւո­րա­պէս կէ­սը դէմ էր այդ ընտ­րան­քին։
­Նա­խա­գա­հին պա­հան­ջին դէմ քո­ւէար­կած է ­Թուր­քիոյ մե­ծա­գոյն քա­ղաք­նե­րուն բնակ­չու­թեան մեծ մա­սը։ ­Քո­ւէար­կու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է հսկող աչ­քե­րէ հե­ռու. Էր­տո­ղան չար­տօ­նեց, որ եւ­րո­պա­ցի դէ­տեր հե­տե­ւին քո­ւէար­կու­թեան՝ զա­նոնք հռչա­կե­լով ­Թուր­քիոյ ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջամ­տող ա­հա­բե­կիչ­ներ։ Իսկ ա­նոնք, ո­րոնք յա­ջո­ղած են հե­տե­ւիլ «աճ­պա­րա­րու­թեան», կը հա­ւաս­տեն, որ 1,5էն մին­չեւ 2,5, իսկ ըստ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու՝ մին­չեւ 5 մի­լիոն քո­ւէ­նե­րու զեղ­ծում ե­ղած է. օ­րի­նակ, քո­ւէար­կու­թեան հսկե­լու պատ­րո­ւա­կով շրջա­գա­յող ոս­տի­կան խում­բեր քո­ւէար­կած են մէ­կէ ա­ւե­լի կեդ­րոն­նե­րու մէջ, չկնքո­ւած պա­հա­րան­նե­րով մեծ թի­ւով քո­ւէ­ներ նե­տո­ւած են տու­փե­րու մէջ, ո­րով­հե­տեւ քո­ւէար­կու­թեան կեդ­րոն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հրա­հանգ ուղ­ղո­ւած է, որ ար­տօ­նեն նաեւ նման քո­ւէ­ներ, «ո­րով­հե­տեւ երբ ժո­ղո­վուր­դը քո­ւէ տա­լու ե­կած է եւ կնքո­ւած պա­հա­րան չկայ, կա­րե­լի չէ քո­ւէի ի­րա­ւուն­քէ զրկել ոե­ւէ մէ­կը, հոգ չէ թէ սա ան­կա­նո­նու­թիւն է»,- յո­խոր­տա­ցած է Էր­տո­ղա­նի կու­սակ­ցու­թեան մէկ բան­բե­րը։
­Տա­կա­ւին, ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը ար­ձա­նագ­րած են, որ շուրջ հա­զար կեդ­րո­նէ հա­ւա­քո­ւած տու­փե­րու մէջ, միայն «ա­յո՛» քո­ւէ­ներ գտնո­ւած են։ Ու ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք, որ Էր­տո­ղան շա­հած է շուրջ 1,2 մի­լիոն քո­ւէի ա­ռա­ւե­լու­թեամբ, յստակ կ­’ըլ­լայ, թէ իս­կա­պէս ի՛նչ էր հան­րա­քո­ւէին ար­դիւն­քը։
Ա­հա այս­պի­սի՛ պայ­ման­նե­րու մէջ էր, որ Էր­տո­ղան օ­րի­նա­կա­նու­թեան կնի­քը դրաւ հան­րա­քո­ւէի ար­դիւն­քին վրայ՝ պաշ­տօ­նա­պէս գող­նա­լով ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը։
­Կարգ մը մեկ­նա­բան­նե­րու նկա­տո­ղու­թե­նէն չի վրի­պիր, որ Էր­տո­ղա­նի կոր­զած ար­դիւն­քը միայն ­Կի­րա­կի՝ 16 Ապ­րի­լի խաղ­քու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քը չէր, այլ սուլ­թան­ցուն այս նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար կ­’աշ­խա­տէր ա­ւե­լի քան 10 տա­րիէ ի վեր։ Շղթա­յին վեր­ջին օ­ղակ­նե­րը կազ­մո­ւե­ցան ­Կիւ­լէ­նի վե­րագ­րո­ւած յե­ղաշր­ջա­կան փոր­ձէն (ան­ցեալ ա­մառ) ետք ծայր տո­ւած բռնա­դա­տու­թիւն­նե­րով. ա­ւե­լի քան 100.000 պե­տա­կան «անվս­տա­հե­լի» պաշ­տօ­նեա­նե­րը գոր­ծազր­կո­ւե­ցան, 40.000 ընդ­դի­մա­դիր­ներ կը մնան կա­լան­քի տակ, ա­նոնց շար­քին՝ շուրջ 150 լրագ­րող­ներ ու խմբա­գիր­ներ, շուրջ 180 պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան, թերթ ու տե­ղե­կա­տու այլ աղ­բիւր­ներ փա­կո­ւե­ցան, քիւր­տե­րու դէմ հա­լա­ծանք­ներն ու բռնա­դա­տու­թիւն­նե­րը նո­ւա­ճե­ցին քա­ղա­քա­կան ու զի­նո­ւո­րա­կան դաշ­տե­րը…։
Ա­ւե­լի ետ եր­թա­լով, յի­շե­ցում կա­տա­րո­ւե­ցաւ, որ շուրջ 10 տա­րի ա­ռաջ, Էր­կե­նե­քո­նի մա­սին տե­ղին ու ան­տե­ղի հա­լա­ծանք­նե­րը խոր­քին մէջ ջուր բե­րած են բա­նա­կա­յին­ներն ու ա­պակ­րօ­նա­կան­նե­րը չէ­զո­քաց­նե­լու իս­լա­մա­կան Էր­տո­ղա­նի ծրա­գիր­նե­րուն, ո­րոնք օ­րին լայ­նա­տա­րած բա­զուկ­նե­րով դի­մա­ւո­րուած էին ներ­սէն ու դուր­սէն։
«Ա­յո՛» քո­ւէն խլե­լէ ետք, Էր­տո­ղան կը խոս­տա­նայ «յա­ւե­լեալ բա­րե­կար­գում­ներ» կա­տա­րել, սկսե­լով դա­տա­րա­նա­յին կա­լո­ւա­ծէն։ ­Նոր դրու­թիւ­նը նա­խա­գա­հին ի­րա­ւունք կու տայ ըստ կամս հրա­մա­նա­գիր­ներ ար­ձա­կե­լու, նա­խա­րար նշա­նա­կե­լու ու վար առ­նե­լու, խորհր­դա­րա­նը ի­րո­ղա­պէս խրտո­ւի­լա­կի վե­րա­ծե­լու, ստի­պո­ղա­կան վի­ճա­կի դրու­թիւն յայ­տա­րա­րե­լու եւ մա­հա­պա­տիժ կի­րար­կե­լու, որ­պէս­զի քիւր­տեր, ընդ­դի­մա­դիր­ներ եւ այ­լա­խոհ­ներ չէ­զո­քաց­նէ ա­ռանց հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան։ ­Սա ար­դէն Եւ­րո­պա­յի մէջ ո­րոշ ա­հա­զան­գեր հնչե­ցու­ցած է։ Ան նաեւ կրնայ օ­րէնք­նե­րը այն­պի­սի «բա­րե­լա­ւում­նե­րու» են­թար­կել, որ կա­րե­նայ նա­խա­գա­հա­կան, նե­րո­ղու­թի՜ւն՝ սուլ­թա­նա­կան ա­թո­ռին վրայ մնալ մին­չեւ… 2034։
­Մէկ խօս­քով, ­Սուլ­թան ­Հա­միտն ու ա­նոր վեր­ջին ժա­ռան­գորդ­նե­րը պատ­մու­թեան անց­նե­լէ մօ­տա­ւո­րա­պէս 100 տա­րի ետք, Էր­տո­ղան վար կ­’առ­նէ թրքա­կան «ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան» վեր­ջին դի­մա­կը, աշ­խար­հին ցոյց տա­լու հա­մար, որ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի հրա­պա­րա­կած ա­պակ­րօ­նա­կան եւ ժո­ղովրդա­վա­րա­կան ծած­կոյ­թը քուր­ջի կտոր է ե­ղած միայն, աշ­խար­հը խա­բե­լու դրօ­շակ մը…։

***

Ինչ­պի­սի՞ ար­ձա­գանգ­նե­րով ու հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ Էր­տո­ղա­նի «յաղ­թա­նա­կը»։
­Թուր­քիոյ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը, «խար­դա­խու­թիւն» բա­ցա­գան­չե­լով, փո­ղոց ի­ջան ու դա­տա­րան դի­մե­ցին, չե­ղեալ հռչա­կել տա­լու հա­մար հան­րա­քո­ւէին ար­դիւն­քը։ ­Դա­տա­րա­նը մեր­ժեց ըն­դա­ռա­ջել բո­ղո­քին, ա­ռանց նո­ւա­զա­գոյն քննու­թիւնն իսկ կա­տա­րե­լու։ ­Չէ՞ որ «սուլ­թան»ը ար­դէն կան­խո­րո­շած էր ա­մէն բան…
Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը ե­ղաւ ա­ռա­ջին ող­ջու­նո­ղը. ո՛չ մէկ զար­մանք։ ­Հա­ւա­նա­բար պէտք չէր զար­մա­նալ նաեւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին գրկա­բաց դի­մա­ւո­րու­մին հա­մար. չէ՞ որ ա­նոր ղու­մա­շը շատ տար­բեր չէ… Ա­մե­րի­կեան տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը լայ­նօ­րէն ար­ձա­գան­գեց Թ­րամ­փի եւ Էր­տո­ղա­նի մի­ջեւ հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, շնոր­հա­ւո­րան­քի ար­տա­յայ­տու­թե­նէն ա­ւե­լի՝ շեշ­տե­լով, որ Ս­պի­տակ ­Տան պե­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է՝ ­Սու­րիոյ վրայ ա­մե­րի­կեան վեր­ջին յար­ձա­կու­մին Էր­տո­ղա­նի զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար, որ կը նշա­նա­կէ «շա­րու­նա­կենք ի­րա­րու կռնակ քե­րել»։
­Քա­նի մը այ­լա­խոհ աղ­բիւր­ներ նշե­ցին, որ Թ­րամփ շա­հա­բեր ձեռ­նարկ­ներ ու­նի ­Պոլ­սոյ մէջ։ ­Պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րը ակ­նար­կու­թիւն ը­րին, թէ քո­ւէար­կու­թեան պա­հուն ան­կա­նո­նու­թիւն­ներ պա­տա­հած են, այս­պէ­սով ո­րոշ հե­ռա­ւո­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով թրամ­փեան խան­դա­վա­ռու­թե­նէն, իսկ նախ­կին պաշ­տօ­նա­տար մը անհրա­ժեշտ նկա­տեց ­Թուր­քիան հե­ռաց­նել ՆԱԹՕէն։ Ոչ ոք բա­ցա­յայ­տօ­րէն ը­սաւ, որ նա­խա­գա­հը անլր­ջու­թեան եւ անձ­նա­կան շա­հե­րու հե­տամ­տու­թեան նոր ա­պա­ցոյց մը տո­ւած է…
Եւ­րո­պա­յի մէջ, քո­ւէար­կու­թեան ան­կա­նո­նու­թիւն­նե­րու մա­սին ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն քննա­դա­տու­թիւն­ներ ար­ձա­կո­ւե­ցան, իսկ ժո­ղովր­դա­յին մա­կար­դա­կի վրայ, կարգ մը եր­կիր­նե­րու թուրք բնա­կիչ­նե­րուն կո­չեր ուղ­ղո­ւե­ցան տուն վե­րա­դառ­նա­լու, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք մե­ծա­մաս­նու­թեամբ քո­ւէար­կած էին Էր­տո­ղա­նի ի նպաստ։ Ֆ­րան­սա­յի, Աւստ­րիոյ ու ­Գեր­մա­նիոյ պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րը մտա­հո­գու­թիւն ար­տա­յայ­տե­ցին, մատ­նան­շե­ցին, որ երկ­րին երկ­փեղ­կո­ւած վի­ճա­կը յղի է ա­նա­խորժ հե­տե­ւան­քե­րով, ու կոչ ը­րին Էր­տո­ղա­նի, որ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն հետ լե­զու գտնէ։

***

Բ­նա­կա­նա­բար կը ծա­գին ան­խու­սա­փե­լի հար­ցում­ներ. Էր­տո­ղա­նի սան­ձար­ձա­կու­թիւ­նը՝ մին­չեւ ո՞ւր, ի՞նչ հե­ռան­կար­ներ՝ ­Թուր­քիոյ հո­րի­զո­նին։ Աշ­խար­հի նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է մեծ ու փոքր նա­խըն­թաց­ներ, երբ բռնա­տի­րա­կան ե­ռան­դով գոր­ծող պե­տա­կան մար­դիկ ուշ կամ կա­նուխ պա­տու­հաս դար­ձած են ի­րենց երկ­րին, դրա­ցի­նե­րուն ու աշ­խար­հին։ 1933ին հրա­պա­րակ ե­կած ­Հիթ­լէ­րի նկատ­մամբ հան­դուր­ժո­ղու­թիւնն ու «աչք գո­ցել»նե­րը աշ­խար­հը հաս­ցու­ցին Բ. Աշ­խար­հա­մար­տին…։
­Մու­սո­լի­նիէն մին­չեւ ­Քամ­պո­տիոյ ­Կար­միր Խ­մեր­նե­րը, ­Սու­հար­թո­ներ, Ի­տի Ա­մին­ներ եւ այլ բռնա­տէր­ներ ու խա­մա­ճիկ­ներ ի­րենց ա­նուն­նե­րը ար­ձա­նագ­րած են եր­կար ցան­կին վրայ։
Էր­տո­ղան եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն վտան­գա­լից լա­րա­խա­ղա­ցու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն Ա­րե­ւել­քի ու Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ, վար­քա­գիծ՝ որ ուշ կամ կա­նուխ իր հա­կա­հա­րո­ւա­ծը պի­տի բե­րէ Ան­գա­րա­յի վա­րիչ­նե­րուն, որ­քան ալ այս հանգ­րո­ւա­նին ե­րա­զա­յին թո­ւի նման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն։
Էր­տո­ղա­նի կը վե­րագ­րո­ւի հե­տե­ւեալ «ի­մաս­տու­թիւն»ը. ան ա­ռի­թով մը ը­սած է. ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը նմա­նի շո­գե­կառ­քով ճամ­բոր­դու­թեան մը. երբ վեր­ջին կա­յա­րանդ հաս­նիս, այդ շո­գե­կառ­քէն վար կ­՚իջ­նես։ ­Հի­մա, կը թո­ւի թէ Էր­տո­ղան հա­սած է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան շո­գե­կառ­քէն վար իջ­նե­լու կա­յա­րա­նը։
­Սա կրնայ Էր­տո­ղա­նի ծրա­գիր­նե­րուն վախ­ճա­նա­կան կէ­տը ըլ­լալ, սա­կայն պար­զա­պէս հանգ­րո­ւան մը՝ ­Թուր­քիոյ վի­ճա­կին վատ­թա­րաց­ման ճամ­բուն վրայ, վատ­թա­րա­ցում՝ որ կրնայ օր մը տա­նիլ… ­Թուր­քիոյ տա­րան­ջատ­ման (Ա. Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք կա­տա­րո­ւա­ծին տար­բե­րա­կով), մէկ կող­մէ՝ ընդ­դի­մադ­րու­թեան ստեղ­ծե­լիք ա­լիք­նե­րուն պատ­ճա­ռով, միւս կող­մէ՝ քիւրտ ու այլ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ուղ­ղո­ւած դա­նակ­նե­րուն ոս­կո­րին հաս­նե­լով։ Աշ­խար­հը կրնայ ի վեր­ջոյ նոր ­Թուր­քիոյ մէջ տես­նել հին «հի­ւանդ մար­դը»։
Ն­ման ե­ղե­լոյ­թի կրնան նպաստ բե­րել նաեւ ար­տա­քին շար­ժում­ներ, քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ այլ ճի­գեր, ո­րոնք պի­տի մի­տին ­Թուր­քիոյ դա­ւա­դի­րի ու ոճ­րա­գոր­ծի դի­մա­գի­ծը լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լու. նման դաշ­տի մէջ, ­Կիպ­րոս, ­Յու­նաս­տան, ա­րա­բա­կան եր­կիր­ներ, քիւր­տեր ու հա­յերս, ու­րիշ­նե­րու կող­քին, զի­րար պի­տի գտնենք բնա­կան դաշ­նա­կի­ցի դիր­քե­րու վրայ, որ­պէս­զի քա­ղա­քա­կիրթ ու ժո­ղովր­դա­վար աշ­խար­հը դուրս մղո­ւի կրա­ւո­րա­կան քննա­դա­տո­ղի վի­ճա­կէն, չբա­ւա­կա­նա­նայ ­Թուր­քիոյ դի­մաց Եւ­րո­պա­յի դուռ­նե­րը փակ պա­հե­լով, ալ անց­նի ճնշու­մի ու այլ կան­խա­մի­ջոց­ներ որ­դեգ­րե­լու փու­լը։
Ու մենք այս ծի­րին մէջ ա­հա­գին ը­նե­լիք ու­նինք բազ­մա­թիւ մա­կար­դակ­նե­րու եւ գի­ծե­րու վրայ, որ­պէս­զի պա­տեհ հանգ­րո­ւա­նին ար­դա­րու­թեան շո­գե­կառ­քը մեր ար­դար պա­հանջ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ շար­ժենք։