Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նոր կայքէջը սկսաւ գործել www.ancg.gr հասցէով, յունարէն լեզուով, նորաձեւ ու արդիական տպաւորիչ ձեւաւորումով։ Կայքէջը կարեւոր միջոց մըն է, որպէսզի յոյն հասարակութիւնը կարողանայ դիւրաւ տեղեկանալ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի բոլոր երեսներուն վերաբերեալ, քաղել տեղեկութիւններ մեր ազգի պատմութեան, տարբեր ժամանակաշրջաններու, հանգրուաններու մասին ու իրազեկուիլ մեր գաղութի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն շուրջ։ Այցելուներուն համար դիւրաւ համակարգուած կայքէջը, նիւթերու լայն բովանդակութիւն կը պարունակէ՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի, Հայաստանի ու Արցախի, յունահայ գաղութի, Հայ դատի յանձնախումբի վերաբերեալ տարբեր գլուխներով։
Կայքէջին միջոցաւ ուղղակի կապ կայ Facebook, Twitter, Instagram, YouTube ընկերային ցանցերուն մէջ Յանձնախումբի այլ յղումներուն, որոնք շարունակաբար կը թարմացուին, ինչպէս նաեւ մեր գաղութի միութիւններու կայքէջերուն առաջնորդող յղումներու։
Յատուկ տեղ տրամադրուած է Հայ դատի յանձնախումբերու համաշխարհային ցանցը ներկայացնող բաժնի մը, ուրկէ կարելի է յղում կատարել նաեւ Երեւանի, Մոսկուայի, Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի կեդրոնական հինգ գրասենեակներու կայքէջերուն։ Այլ բաժին մը տրամադրուած է մամլոյ յայտարարութիւններուն, որոնք տարբեր առիթներով յղուած են հելլէն մամուլին եւ կը վերաբերին քաղաքական յստակ կեցուածքներու։
Իւրաքանչիւր բաժնի մէջ ներառնուած են մասնակի գլուխներ, ուր կը ներկայացուին պատմական տուեալներ, լուսանկարչական արխիւ եւ նիւթերուն առընչուած հետաքրքրական այլ փաստեր։
Կայքէջին մէջ տեղադրուած տեղեկութիւններուն ընդմէջէն, իւրաքանչիւր յոյն քաղաքացի, լրագրող, քաղաքական դէմք կամ հաստատութեան ներկայացուցիչ, առիթը կ’ունենայ սերտելու եւ ուսումնասիրելու իրեն վերաբերող նիւթերու բաժինները։ Յատուկ գործիք մըն է նաեւ ուսանողներու համար, որոնք կը փափաքին յաւելեալ ուսումնասիրել հայ ժողովուրդի մասին տեղեկութիւնները։