Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան կազ­մի տա­րե­կան սե­մի­նա­րի ծի­րէն ներս, ­Կի­րա­կի 3 ­Դեկ­տեմ­բեր 2023-ի ա­ռա­ւօտ, նա­խօ­րօք ծրագր­ման հա­մա­ձայն, խումբ մը քայ­լիկ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ խմբա­պետ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեա­նին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. պա­տա­րա­գին եւ ա­պա մաս­նա­կից դար­ձան հո­գե­ւոր նիւ­թով զրոյ­ցին։
Ս. պա­տա­րա­գէն ետք, հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով խմբա­պե­տու­թեան փա­փա­քին խօ­սե­ցաւ ­Յի­սու­սի հրա­շա­փառ ծնուն­դին մա­սին։ Ան նախ պատ­մեց մեր ­Տի­րոջ ծննդեան դրո­ւա­գը, շեշ­տը դնե­լով նաեւ դէպ­քի կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Ա­նոր աշ­խարհ ա­ռա­քո­ւե­լու մար­դա­սի­րա­կան գե­րա­գոյն նպա­տա­կին մա­սին, զոր հիմ­նո­ւած էր սի­րոյ ու ծա­ռա­յու­թեան գա­ղա­փա­րին վրայ։ ­Քա­հա­նայ ­հայ­րը իր խօս­քի վեր­ջա­ւո­րու­թեան շեշ­տեց, թէ իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեայ, մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սու­սի կող­մէ յանձ­նո­ւած յա­տուկ պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նի։ ­Յար­գել հայրն ու մայ­րը։ ­Սոր­վիլ ու աշ­խա­տիլ։ ­Սի­րել մեր նմա­նը։ ­Ծա­ռա­յել մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու ազ­գին ե­ւայլն։ Եւ մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սու­սի Ս. Ծ­նուն­դը լա­ւա­գոյն եւ մե­ծա­գոյն օ­րի­նակն վե­րոն­շեալ պատ­գամ­նե­րուն։
Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան ու շի­նիչ հարց ու պա­տաս­խան, ո­րու ա­ւար­տին խմբա­պետ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան, յա­նուն ներ­կայ գայ­լիկ­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նին։

ԹՂԹԱԿԻՑ