Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պե­տա­կան կազ­մը, ա­մէն տա­րի կը կազ­մա­կեր­պէ սե­մի­նար մը, ո­րուն ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ կրօ­նա­կան նիւ­թի մը շուրջ յա­տուկ պահ մը կը տրա­մադ­րո­ւի։
Գոր­ծակ­ցա­բար Գո­քի­նիոյ Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեա­նին, Շա­բաթ 11 Փետ­րո­ւար 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00-ին, խմբա­պե­տա­կան կազ­մը ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցի։ Օ­րո­ւան նիւթն էր Ք­րիս­տո­սի բնու­թիւ­նը։
Տէր Պա­րէտ քա­հա­նայ լայ­նօ­րէն բա­ցատ­րեց Ք­րիս­տո­սի բնու­թեան շուրջ Հայ եւ Յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ըմբռ­նումն ու մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կարգ մը տար­բե­րու­թիւն­նե­րը։
Ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան ու շի­նիչ հարց ու պա­տաս­խան։ Քա­հա­նայ հայ­րը լայն ժա­մա­նակ ու ա­ռիթ տրա­մադ­րեց խմբա­պետ­նե­րուն, որ­պէս­զի օ­րո­ւան նիւ­թին եւ ընդ­հան­րա­պէս կրօ­նա­կան այլ կէ­տե­րու շուրջ յայտ­նեն ի­րենց մօ­տե­ցու­մը, տե­սա­կէտ­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ