ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

­Պա­րե­րազ­մի ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը, կար­ծես թէ, ան­վեր­ջա­նա­լի են մեր ազ­գին հա­մար։ ­Հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան նոր սահ­մա­նին գծու­մով, ­Սիւ­նի­քի տա­րածք­ներ կ­՚անց­նին թշնա­միին հսկո­ղու­թեան տակ։ Ան, բնա­կա­նա­բար, կը շա­հա­գոր­ծէ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան թոյլ կե­ցո­ւած­քը, ինչ­պէս որ ան կը բխի 9 ­Նո­յեմ­բե­րի ա­հա­ւոր հա­մա­ձայ­նագրէն։ ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ դար ա­ռաջ, Անդ­րա­նի­կը եւ ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հը պայ­քար մղե­ցին, որ ­Սիւ­նի­քը պա­հեն հայ­կա­կան, անդ­րա­դառ­նա­լով ա­նոր ու­նե­ցած կա­րե­ւո­րու­թեան։ ­Խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, ­Գա­րե­գին Նժ­դեհ կազ­մա­կեր­պեց ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն եւ հռչա­կեց «­Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն»ը, ո­րուն շնոր­հիւ շրջա­նը մնաց ­Հա­յաս­տա­նի կազ­մին մէջ։
­Սիւ­նիք կամ ­Սի­սա­կան, ­Մեծ ­Հայ­քի 9-րդ ­նա­հանգն էր։ ­Վա­նի ­Թա­գա­ւո­րու­թեան ժա­մա­նա­կէն շի­նո­ւե­ցան բեր­դեր, քա­ղաք­ներ և ջ­րանցք­ներ։ Սր­բա­զան Ս­տե­փան Օր­փէ­լեան պատ­մի­չին հա­մա­ձայն, ­Բար­թո­ղի­մէոս Ա­ռա­քեա­լի ժա­մա­նու­մով, ­Սիւ­նի­քի բնա­կիչ­նե­րը կը դառ­նան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեա­նե­րը։ Ար­շա­կու­նի­նե­րու ժա­մա­նակ, 4-րդ ­դա­րուն, ­Սիւ­նի­քը կը ստա­նայ մար­զի կար­գա­վի­ճակ ու կը յի­շա­տա­կո­ւի իբ­րեւ ա­մէ­նահ­զօր նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Իր հե­ծե­լա­զոր­քը ու­նէր մօ­տա­ւո­րա­պէս 20.000 հե­ծեալ­ներ։
987 թո­ւա­կա­նին Սմ­բատ ­Սիւ­նին կը հիմ­նէ ­Սիւ­նի­քի կամ ­Կա­պա­նի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, են­թա­կայ ­Բագ­րա­տու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան։ ­Մայ­րա­քա­ղա­քը՝ ­Շա­ղա­տը, ա­պա ­Կա­պա­նը, իսկ կը նե­րառ­նէր ­Նա­խի­ջե­ւա­նը եւ Ար­ցա­խի տա­րածք­ներ, 1008 գիւ­ղե­րով, 48 վան­քե­րով եւ 43 բեր­դե­րով։ ­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին հո­ղա­մասն է, որ ին­կաւ ­Սել­ճուք­նե­րուն ձեռ­քը, 1170-ին։
13-րդ ­դա­րուն, ­Զա­քա­րեան եղ­բայր­նե­րը, ծա­գու­մով ­Բագ­րա­տու­նեաց տոհ­մէն, Վ­րաս­տա­նի ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րու ար­քա­յա­տոհ­մէն նշա­նա­կո­ւած իշ­խան­ներ, ժա­մա­նա­ւո­րա­պէս կ­՚ա­զա­տագ­րեն ­Սիւ­նի­քը եւ ­Հա­յաս­տա­նի շրջան­ներ, ա­պա­հո­վե­լով ինք­նա­վա­րու­թիւն։ ­Սիւ­նիք կը հաս­տա­տո­ւին Օր­փե­լեան­նե­րու եւ ­Խաղ­բա­կեան-Պ­ռո­շեան­նե­րուն տոհ­մե­րը։
1230-ա­կան­նե­րուն, շրջա­նը կ­՚անց­նի մոն­կոլ­նե­րուն ձեռ­քը։ 1297-ին Սր­բա­զան Ս­տե­փա­նոս Օր­փե­լեա­նը, ­Կոմս ­Տար­սա­յի­ճի որ­դին, կը գրէ իր ա­մե­նա­յայտ­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, «­Պատ­մու­թիւն ­Նա­հան­գի ­Սի­սա­կան» կամ «­Պատ­մու­թիւ­նը ­Տանն ­Սի­սա­կան»։
17-րդ ­դա­րուն, ­Սիւ­նի­քի ­Սի­սիան քա­ղա­քին մէջ կը ծնի Իս­րա­յէլ Օ­րին, ծա­գու­մով՝ Պ­ռո­շեան իշ­խա­նա­կան տոհ­մէն։ Ու­նե­նա­լով բազ­մա­թիւ գա­ղա­փա­րա­կից­ներ ­Սիւ­նի­քի եւ Ար­ցա­խի մէջ, կը սկսի իր ա­զա­տագրա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը թրքա­կան եւ պարս­կա­կան լու­ծէն, դի­մե­լով եւ­րո­պա­կան մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան։ Իր ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին մա­հը, ընդ­հա­տեց գոր­ծը։
­Նոյն ժա­մա­նակ, Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն կազ­մա­ւո­րո­ւած էին մե­լի­քու­թիւն­նե­րը։ 18-րդ ­դա­րուն, Ար­ցա­խի մէջ հինգ մե­լի­քու­թիւն­նե­րը, ի­րար դաշ­նա­կից, կը վա­յե­լեն ինք­նիշ­խա­նու­թեան կար­գա­վի­ճակ, ճանչ­ցո­ւած ­Պար­սից ­Շա­հէն։
1720-ա­կան­նե­րուն, ­Դա­ւիթ ­Բէ­կի կազ­մա­կեր­պած ապս­տամ­բու­թեան շնոր­հիւ, ­Սիւ­նի­քը նոյն­պէս կը ճանչ­ցո­ւի իբ­րեւ ինք­նա­վար մե­լի­քու­թիւն, գրե­թէ ան­կախ պարս­կա­կան ար­քա­յու­թե­նէն։ ­Քա­ջա­սիրտ ղե­կա­վա­րը կը մղէ յաղ­թա­կան կռիւ­ներ նաեւ Օս­ման­ցի ­Թուր­քե­րուն դէմ։ Մ­խի­թար Ս­պա­րա­պե­տը շա­րու­նա­կեց ­Դա­ւիթ ­Բէ­կին գոր­ծը, իր մա­հէն ետք։ ­Սա­կայն՝ դա­ւա­ճան հա­յեր կտրե­ցին իր գլու­խը ու յանձ­նե­ցին ­Թաւ­րի­զի փա­շա­յին։ Ի­րենց «վար­ձատ­րու­թիւնն» ալ՝ գլխա­տում փա­շա­յին հրա­մա­նով։
­Սիւ­նեաց հե­րոս­նե­րուն պայ­քա­րը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ եր­կու ա­ռան­ձին ժա­պա­ւէն­նե­րու, ­Հայ­ֆիլ­մէն։ «­Դա­ւիթ ­Բէկ»-ը, որ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ 1944-ին, օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցաւ սո­վե­տա­կան քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նա­յին կող­մէն, որ­պես­զի բարձ­րա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ո­գին, քա­նի որ ըն­թաց­քի մէջ էր «­Մեծ ­Հայ­րե­նա­կան ­Պա­տե­րազմ»-ը ֆա­շիս­տա­կան ­Գեր­մա­նիոյ դէմ։
19-րդ ­դա­րուն ռու­սա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը Անդր­կով­կա­սի մէջ վե­րա­ցուց մե­լի­քու­թիւն­նե­րը, հայ իշ­խան­ներն ալ ստա­ցան ազ­նո­ւա­կան տիտ­ղոս­ներ։ ­Սիւ­նի­քը ան­ցաւ ցա­րա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ։
1918-ի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րուն, ­Սիւ­նի­քը ե­ղաւ կռիւ­նե­րու թա­տե­րա­բեմ հա­յե­րու եւ թուրք-թա­թար­նե­րու մի­ջեւ։ 1920-ին ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի զօր­քը, թէժ մար­տեր մղե­լէ ետք ներ­խու­ժած ­Կար­միր ­Բա­նա­կին դէմ, կ­՚ա­զա­տագ­րէ ­Սիւ­նի­քը եւ 25 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­Տա­թե­ւի ­Վան­քին մէջ կը յայ­տա­րա­րո­ւի «­Զան­գե­զու­րի ան­կա­խու­թիւն»ը։ ­Գա­րե­գին Նժ­դեհ կը նշա­նա­կո­ւի տիկ­տա­դոր։
­Մինչ այդ, պոլ­շե­ւիկ­նե­րը եւ քե­մա­լա­կան­նե­րը ար­դէն ո­րո­շած էին, որ ­Նա­խի­ջե­ւա­նը, ­Սիւ­նի­քը եւ Ար­ցա­խը նե­րառ­նո­ւին նո­րաս­տեղծ Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ։ 1921-ի Ապ­րի­լին, դար­ձեալ ­Տա­թե­ւի վան­քին մէջ, կը հռչա­կո­ւի «­Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն»ը։ ­Մար­տե­րը, ­Կար­միր ­Բա­նա­կին դէմ շա­րու­նա­կո­ւե­ցան մին­չեւ ­Յու­լիս, երբ որ ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի զո­րա­խում­բը ստի­պո­ւե­ցաւ նա­հան­ջել դէ­պի ­Պարս­կաս­տա­նի լեռ­նե­րը, հաս­տատ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ հան­դերձ, որ ­Սիւ­նի­քը պի­տի մնայ ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տա­նի կազ­մին մէջ։
­Հայ պատ­մա­բա­գէտ­նե­րը կը նշեն, որ «­Զան­գե­զու­րի ճա­կա­տա­մար­տը» ճա­կա­տագ­րա­կան էր ­Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան հա­մար։ Ակ­նար­կով մը քար­տէ­սին վրայ, կա­րե­լի է հասկ­նալ, թէ ին­չու թուր­քե­րուն նպա­տա­կը միշտ ե­ղած է ­Սիւ­նի­քի գրա­ւու­մը. պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէր բան­թու­րա­նա­կան ծրա­գի­րը, իսկ ­Հա­յաս­տա­նը պի­տի մնար «խեղ­դո­ւած», Ար­ցախն ալ մէ­կու­սա­ցած։
­Սիւ­նի­քի ռազ­մա­կան դիր­քը ակն­յայ­տօ­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյն է, իսկ շրջա­նը կը ներգ­րա­ւէ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ, ինչ­պէս ­Տա­թե­ւի վան­քը, ­Նո­րա­վան­քը, ­Զօ­րաց քա­րե­րը (­Քա­րա­հունջ) եւ այլն։
44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին ա­ւար­տէն ետք, Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, զերծ չմնա­լով ռազ­մա­տենչ յայ­տա­րա­րութ­յուն­նե­րէ, չի թաքց­ներ, որ իր յա­ջորդ թի­րախն է ­Սիւ­նի­քը, ա­պա ­Սե­ւա­նը եւ Ե­րե­ւա­նը։ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնն ալ, ու­ժաս­պառ, կար­ծես թէ են­թար­կուսծ ճա­կա­տագ­րի բախ­տին, իբ­րեւ հան­դի­սա­տես կը դի­տէ նոր սահ­մա­նագ­ծու­մը, ո­րով՝ ո­սո­խին հսկո­ղու­թեան տակ կ­՚անց­նին ռազ­մա­կան նշա­նա­կու­թեան բար­ձունք­ներ, լեռ­ներ եւ տա­րածք­ներ։