­Յու­նաս­տա­նի հա­զա­րա­ւոր կղզի­նե­րէն ­Սի­րո­սը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ մեր՝ յու­նա­հա­յե­րուս սրտե­րուն մէջ: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­ժան ու ա­րիւ­նա­լի եա­թա­ղա­նէն մա­զա­պուրծ հա­յու­թիւ­նը, եւ մաս­նա­ւո­րա­բար որբ ե­րա­խա­նե­րը, ա­պա­հով ա­պաս­տան մը գտան այն­տեղ: Ա­ռիւ­ծա­սիրտ ար­ցա­խա­հայ հե­րոս­նե­րու լոյս շա­ռա­ւիղ­նե­րը ե­րա­նու­թեան պա­հեր ապ­րած են այն­տեղ: ­Մարդ­կա­յին բարձր ար­ժա­նիք­նե­րով խո­նարհ ու հա­մեստ սի­րոս­ցի­ներ, քա­ղա­քա­պետ­ներ, հայ եւ յոյն քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ ա­մե­րի­կեան «­Նիըր Իսթ ­Ռի­լիֆ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ի­րենց ան­վե­րա­պահ ու ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեամբ, կեանք եւ յոյս ըն­ծա­յած են հայ մա­նուկ­նե­րու՝ հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին:
­Սի­րո­սի հա­մար բա­ցա­ռիկ յու­զում­նա­լից ե­ռօ­րեայ մը ան­ցաւ ­Սեպ­տեմ­բեր ամ­սու վեր­ջին շա­բա­թա­վեր­ջի ըն­թաց­քին, երբ «­Նիըր Իսթ ­Ռի­լիֆ» կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­րիւ­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ձօ­նո­ւած շարք մը ձեռ­նարկ­ներ, հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, յի­շա­տակ­նե­րով եւ պատ­մա­կան գի­տե­լիք­նե­րով ո­ղո­ղե­ցին ­Կիկ­լա­դէ­սի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Էր­մու­պո­լի­սը:
Ուր­բաթ, 22 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ «They shall not perish» վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ ­Նիըր Իսթ ­Ռի­լիֆ կազ­մա­կեր­պու­թեան պատ­մու­թիւնն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:
­Մէկ ժա­մո­ւան տե­ւո­ղու­թեամբ վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն մէջ սփռո­ւած է հան­րա­ծա­նօթ հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեանց ցան­ցե­րու կող­մէ եւ ցու­ցադ­րո­ւած է բազ­մա­թիւ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ, ա­մե­րի­կա­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին վրայ գի­տե­լիք­ներ փո­խան­ցե­լու նպա­տա­կով (ծա­նօթ՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մէն ետք, իբ­րեւ պատ­մու­թեան նիւթ կը դա­սա­ւան­դո­ւի Ա.Մ.Ն.-ի դպրոց­նե­րէն ներս): ­Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Էր­մու­պո­լի­սի քա­ղա­քա­պե­տա­կան Մ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի բեր­նէ բե­րան լե­ցուն կեդ­րո­նա­կան սրա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ հա­մա­կազ­մա­կեր­պող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ­Միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, կղզիի ա­կա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թեանց, պատ­մա­բան­նե­րու, հնէա­բան­նե­րու եւ շար­ժան­կա­րի ստեղ­ծա­գործ խմբա­կի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու: ­Ցու­ցադ­րու­թեան յա­ջոր­դեց զրոյց ներ­կա­նե­րու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցող ար­տադ­րող­նե­րուն մի­ջեւ: ­Պա­րոն ­Շանթ ­Մար­տի­րո­սեան, որ նաեւ ներ­կա­յի ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահն է, պա­րոն ­Ճորճ ­Պիլ­լարտ եւ տի­կին ­Գառ­լա ­Կա­րա­պե­տեան առ­ցանց՝ լու­սա­բա­նե­ցին ներ­կա­նե­րը: ­Հե­տաքրք­րա­կան զրոյ­ցը վա­րեց հնէա­գէտ, հե­տա­զօ­տող պա­րոն ­Լեֆ­թե­րիս ­Զոր­զոս: Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ Մ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի մուտ­քը, ուր ներ­կա­ներս տե­ղա­կան գի­նիով ու խոր­տիկ­նե­րով ի­րա­րու ծա­նօ­թա­ցանք ու կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցինք:
­Շա­բաթ, 23 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ ուղ­ղուե­ցանք ­Քի­նի ծո­վե­զե­րեայ գիւ­ղը, ուր ա­ւե­լի քան քսան­հինգ տա­րի կը ժա­մա­նէին Ար­ցա­խէն զո­հո­ւած հե­րոս­նե­րու կո­րիւն­ներ եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի, Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան, ­Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ ­Խա­ծի­քի­րիա­քօ հաս­տա­տու­թեան հա­մա­տեղ ջան­քե­րով, ար­ցախ­ցի լոյս ե­րա­խա­ներ մօտ տասն­հինգ օր կը վա­յե­լէին ­Յու­նաս­տա­նի ա­րեւն ու ծո­վը: Այն­տեղ տե­ղի ու­նե­ցաւ յի­շա­տակ­նե­րով լի հան­դի­պում մը պա­տաս­խա­նա­տու տի­կին ­Թե­րե­զա ­Տա­լե­զիո­ւի հետ եւ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի կա­թո­ղի­կէ ֆրէ­րե­րուն պատ­կա­նող ա­պա­րան­քը, ուր կը հիւ­րըն­կա­լո­ւէին ա­պա­գայ հե­րոս­նե­րը, ո­րոնց­մէ շա­տեր ար­դէն զո­հո­ւած կամ ան­հետ կո­րած են քա­ռա­սուն­չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն: Այդ քսան­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հա­յեր եւ յոյ­ներ միաս­նա­բար ի­րենց կա­րե­լին ը­րին, որ­պէս­զի ժպիտ մը գո­յաց­նեն պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քը ապ­րած այդ մա­նուկ­նե­րուն դէմ­քին: ­Ճա­շա­րան­նե­րու տէ­րեր, վա­ճա­ռա­կան­ներ, ար­հես­տա­ւոր­ներ եւ ան­շուշտ կա­մա­ւոր­ներ, ո­րոնք ի­րենց թան­կա­գին հանգս­տեան քա­նի մը օ­րե­րը մեծ սի­րով տրա­մադ­րե­ցին ու ի­րենց լա­ւա­գոյ­նը նո­ւի­րա­բե­րե­ցին այդ վսեմ աշ­խա­տան­քին:
Ե­րե­կո­յեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցանք ­Կիկ­լա­դա­կան պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղադ­րո­ւած բա­ցա­ռիկ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման: ­Ցու­ցա­հան­դէ­սը չորս ըն­դար­ձակ սրահ­նե­րու մէջ կը ներ­կա­յաց­նէր ­Նիար Իսթ ­Ռի­լիֆ կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ի մաս­նա­ւո­րի ­Սի­րո­սի որ­բա­նո­ցէն գտա­ծո­ներ:
Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով յու­նա­կան հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան Ա.Մ.Ն.-էն բե­րո­ւած կազ­մա­կեր­պու­թեան ար­խիւ­նե­րէն բա­ցա­ռիկ վա­ւե­րագ­րեր:
­Պատ­կե­րաս­րա­հի մէկ սրա­հին մէջ, կրկին ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, կը ցու­ցադ­րո­ւէր տոք­թէօր Եօ­հան­նէս ­Լեփ­սիու­սի նկա­րա­հա­նած փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րը, որ նկա­րա­հա­նո­ւած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին եւ ան­մի­ջա­պէս ետք, եւ ցոյց կու տայ ­Հայ Ազ­գի ող­բեր­գու­թիւ­նը: ­Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց էր մին­չեւ 17 ­Հոկ­տեմ­բեր:
‘­Կի­րա­կի, 24 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան բախ­տը ու­նե­ցանք այ­ցե­լե­լու եր­բեմ­նի որ­բա­նո­ցը, որ 1930-էն ետք վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ան­չա­փա­հաս­նե­րու ար­գե­լա­նո­ցի եւ ա­պա տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ յու­նա­կան բա­նա­կին: Այժմ շէն­քե­րուն մէկ մա­սը կը գոր­ծէ իբ­րեւ զօ­րա­նոց: Այն­տեղ, հնէա­գէտ­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ եւ զօ­րա­նո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու սպա­յի յա­տուկ ար­տօ­նու­թեամբ, շրջե­ցանք շի­նու­թեանց նոյ­նիսկ ա­մե­նավ­տան­գա­ւոր եւ հան­րու­թեան ար­գի­լո­ւած հա­տո­ւած­նե­րը: ­Շէն­քեր, ո­րոնց մէկ մա­սը որբ ե­րա­խա­նե­րը կա­ռու­ցած ու տախ­տա­կա­մա­ծին տակ ի­րենց գաղտ­նիք­նե­րը պա­հած են: Ա­մա­յա­ցած շէն­քեր, ո­րոնց մէջ ա­պաս­տան գտած ու ապ­րե­լու տար­րա­կան նա­խա­պայ­ման­նե­րը ստա­ցած են հա­զա­րա­ւոր հայ եւ յոյն մա­նուկ­ներ: Այն­տեղ բու­ժո­ւած ու կազ­դու­րո­ւած, այն­տեղ խա­ղա­ցած, մար­զո­ւած, ու­րա­խա­ցած ու տխրած, այն­տեղ ար­հեստ սոր­ված ու նոր յոյ­սով նե­տո­ւած են կեան­քի աս­պա­րէզ:
Ա­պա ուղ­ղո­ւե­ցանք դէ­պի ­Զի­սի­մա­թոս հին ջուլ­հա­կա­գոր­ծա­րա­նը, որ գոր­ծած է մին­չեւ 1986 թուա­կան եւ ա­պա, վե­րա­նո­րո­գո­ւած, կը գոր­ծէ իբ­րեւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն: Այն­տեղ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր լոյս տե­սած ­Սի­րո­սի որ­բա­նո­ցին նո­ւի­րո­ւած ծա­ւա­լուն պատ­կե­րա­տետ­րի շնոր­հա­հան­դէ­սը: ­Պատ­կե­րա­տետ­րի լոյս ըն­ծա­յու­մը ի­րա­կա­նա­ցաւ ­Նիըր Իսթ ­Ռի­լի­ֆի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կա­րե­ւոր ներդ­րու­մով: ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու հա­րիւր էջ կազ­մող պատ­կե­րա­տետ­րին մէջ ող­ջոյ­նի խօսք ու­նին հնէա­գէտ՝ ­Լեֆ­թե­րիս ­Զոր­զոս, ­Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պետ՝ ­Նի­կո­լաոս ­Լի­ւա­տա­րաս, ­Նիար Իսթ ­Ռի­լի­ֆի պատ­մա­կան բաժ­նի վա­րիչ՝ ­Սո­նա ­Վա­յո­լա, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ եւ այլք: Այս երկ­լե­զու՝ անգ­լե­րէն եւ յու­նա­րէն աշ­խա­տու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցուած են որ­բա­նո­ցին մէջ պե­ղում­նե­րու գտա­ծո­ներ, ան­տիպ ար­խիւ­ներ, փաս­տա­թուղ­թեր, վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ եւ ­Սի­րո­սի մէջ 1923-էն մինչ օրս կազ­մա­կեր­պու­թեան մար­դա­սի­րա­կան հսկա­յա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Աշ­խա­տու­թեան մէջ յա­տուկ տեղ ու­նի 2014-ին շէն­քե­րու տախ­տա­կա­մած­նե­րուն տակ պա­հո­ւած ման­կա­կան «գան­ձե­րու» յայտ­նա­բե­րու­մը եւ ա­նոնց ու­սում­նա­սի­րու­թեան ըն­թաց­քը, ինչ­պէս նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու բա­նա­ւոր վկա­յու­թիւն­նե­րու գրա­ռումն ու զա­նոնք պատ­մա­կան աղ­բիւր­նե­րու կար­գին դա­սե­լու կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քը:
Այս բո­լոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան մեր պատ­մու­թեան յո­ռի օ­րե­րուն, երբ փաս­տօ­րէն մենք կը գտնո­ւինք կրկին այս­պի­սի ի­րա­վի­ճա­կի մը առ­ջեւ. կրկին կի­ներ ու մա­նուկ­ներ խնա­մե­լու, հո­գե­կան վէր­քեր դար­մա­նե­լու, կրկին նոր կեանք ստեղ­ծե­լու: ­Սա­կայն ան­ցեա­լին օ­րի­նակ­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լով մենք ա­ւե­լի լաւ կը հասկ­նանք, թէ ի՛նչ­պէս կրնանք կրկին ոտ­քի կանգ­նիլ: ­Նիար Իսթ ­Ռի­լի­ֆի օ­րի­նա­կը բա­րե­գոր­ծու­թեան եւ մարդ­կա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան փայ­լուն օ­րի­նակ մըն է: Եւ ի վեր­ջոյ յի­շենք ­Սա­րո­յեա­նի խօս­քե­րը՝ «Կ’ու­զէի տես­նել այս աշ­խար­հին վրայ ո­րե­ւէ ուժ, որ բնաջն­ջէ այս ցե­ղը, այս փոքր ցե­ղա­խում­բի ան­կա­րե­ւոր ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը կռուած եւ պար­տո­ւած են, կա­ռոյց­նե­րը` փշրո­ւած, գրա­կա­նու­թիւ­նը չէ կար­դա­ցո­ւած, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը չէ լսո­ւած եւ ա­ղօթք­ներն ալ չեն պա­տաս­խա­նո­ւած: ­Հա­մար­ձա­կե­ցէ՛ք բնաջն­ջել ­Հա­յաս­տա­նը: ­Տե­սէք, թէ կրնա՞ք: Աք­սո­րե­ցէ՛ք դէ­պի ա­նա­պատ­նե­րը ա­ռանց հա­ցի եւ ջու­րի, այ­րե­ցէ՛ք ա­նոնց տու­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: ­Յե­տոյ տե­սէ՛ք, թէ ա­նոնք ար­դեօք կրկին չե՞ն խնդար, եր­գեր կամ ա­ղօ­թեր: Ո­րով­հե­տեւ, երբ ա­նոնց­մէ եր­կու­քը աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մա­սին մէջ հան­դի­պին, տե­սէ՛ք, թէ ա­նոնք ար­դեօք նոր ­Հա­յաս­տան մը չե՞ն ստեղ­ծեր:»

ԹՂԹԱԿԻՑ