Շաբաթ՝ 27 Նոյեմբերէն մինչեւ Կիրակի՝ 5 Դեկտեմբեր 2021, առաջին անգամ ըլլալով, Թեսաղոնիկէի համերգասրահին մէջ պիտի ներկայացուի Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի «Տօն Ճովանի» հանրայայտ օփերան։
Սոյն ներկայացումին, յունահայ հանրածանօթ օփերայի երգչուհի Սիրանուշ Չալըքեան պիտի մարմնաւորէ «Տօնա Աննա»-ի գլխաւոր դերերէն մէկը:
Ելոյթը տեղի կ՚ունենայ «2021-2024 Յունաստան-Պուլկարիա» քաղաքապետական գործակցութեան հիման վրայ, որուն կը մասնակցին յոյն եւ պուլկար օփերայի երգիչներ։
Մոցարթի ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ բեմ երեւցաւ 1787-ին եւ այնուհետեւ դարձաւ համաշխարհային օփերայի ամէնէն սիրուած եւ փնտռուած բաժիններէն մէկը, որ կը հանդիսանայ անոր հեղինակին՝ գլուխ գործոց յօրինումներէն մէկը։
Հայազգի Սիրանուշ Չալըքեան, որու համբաւը տարածուած է արդէն աշխարհի զանազան կողմերը, հանդիսատեսը պիտի հմայէ իր քաղցր ձայնով ու բեմական արհեստավարժ ներկայութեամբ։
Չորս շարունական ներկայացումներու շարքի մուտքը ազատ է։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԱՅԼԱԶԱՆ Դէմքեր Սիրանուշ Չալըքեան պիտի մասնակցի Մոցարթի «Տօն Ճովանի» օփերային Թեսաղոնիկէի մէջ