­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 5 Ապ­րիլ 2017ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը բազ­մա­մարդ հա­ւա­քա­վայ­րը դար­ձաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին, յատ­կա­պէս նո­րա­հաս սե­րուն­դի պա­հան­ջա­տէր ու յանձ­նա­ռու զա­ւակ­նե­րուն։
­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. «­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեան» ­Կո­մի­տէին եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «­Փո­թո­րիկ» խում­բին՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի դա­տը» նիւ­թով ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րա­զեկ­ման ժո­ղովր­դա­յին հա­ւաք-բա­նա­խօ­սա­կան ձեռ­նարկ մը։
Ապ­րի­լեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս, հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն վե­րա­տի­րա­նա­լու ի­րա­ւա­կան մեր պայ­քա­րին ա­մէ­նէն այժ­մէա­կան այս օ­րա­կար­գը ներ­կա­յաց­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նած էր ընկ. Ա­րա ­Ման­կո­յեան։
­Հա­ւա­քին ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ հան­դի­սա­ւոր շուք տո­ւին ­Յու­նա­հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան, ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Հա­մայն­քի ­Վի­ճա­կա­ւոր ­Յով­սէփ ­Ծայ­րա­գոյն ­Վար­դա­պետ ­Պե­զա­զեան, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ եւ ­Ֆիք­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւ­ներ՝ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան եւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր պր. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­ներ, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շրջ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկհ. ­Լի­զէթ ­Քի­րա­զեան եւ ան­դամ­ներ։
­Ձեռ­նար­կին հան­դի­սա­վա­րու­թիւ­նը կա­տա­րեց եւ բաց­ման խօս­քով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «­Փո­թո­րիկ» խում­բի ան­դամ ընկհ. Ա­նա­յիս Խտ­րեան, որ յա­տուկ շեշտ դրաւ ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղիո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման դա­տին ու­նե­ցած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տին ու կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Ան վե­րա­նո­րո­գեց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ուխտն ու վճռա­կա­նու­թիւ­նը՝ ան­խոնջ շա­րու­նա­կե­լու ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը, մին­չեւ ի­րա­կա­նա­ցու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մին եւ հա­մազ­գա­յին մեր պայ­քա­րին յաղ­թա­նա­կին։
­Յայ­տագ­րի ա­ռա­ջին բաժ­նով` խմբա­յին աս­մուն­քով, եր­գով եւ պա­րով ե­լոյթ ու­նե­ցան Ազգ. «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի Դ., Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը։ Ա­նոնք աս­մուն­քե­ցին ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի «Ան­դաս­տան» եւ «­Դե­րե­նի­կը» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։ Եր­գե­ցին «­Հունձք կը ժող­վեմ» եւ ­Կի­լի­կիա եր­գե­րը։ ­Նաեւ ա­նոնք եր­գե­ցին ու Զ. դա­սա­րա­նի աղ­ջիկ­նե­րը պա­րե­ցին ­Ղա­զա­րոս Ա­ղա­յեա­նի «­Ծի­ծեռ­նակ»ը՝ ­Կո­մի­տա­սի ե­րաժշ­տա­ւո­րու­մով։ ­Յայտ­նա­պէս վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րը բծախն­դիր աշ­խա­տանք տա­րած էին եւ ա­շա­կերտ­նե­րու յա­ջող կա­տա­րո­ղու­թեամբ լա­ւա­գոյնս տպա­ւո­րե­ցին ներ­կա­նե­րը՝ ձեռ­նար­կին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շունչ փո­խան­ցե­լով։
Այ­նու­հե­տեւ՝ հան­դի­սա­վա­րը հրա­ւի­րեց օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նէ «­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի դա­տը»։
Ընկ. Ա­րա ­Ման­կո­յեան հա­մա­պար­փակ ակ­նար­կով եւ սպա­ռիչ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց իր նիւ­թը՝ լայն պաս­տա­ռի վրայ լու­սար­ձա­կո­ւած վա­ւե­րագ­րա­կան տե­սաե­րիզ­նե­րէ ճոխ քա­ղո­ւած­քով։
­Բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը հիմ­նո­ւե­ցաւ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան այն պատ­գա­մին վրայ, որ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը կը հռչա­կէ «պատ­մա­կան դատ մը, զոր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի­ներ ետք ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը կը բա­նայ թուրք պե­տու­թեան դէմ՝ պա­հան­ջե­լով իր պատ­մա­կան նստա­վայ­րին վե­րա­դար­ձը»։
­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի տա­րեգ­րու­թեան մէջ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս սկիզ­բը դրաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն դա­տա­կան՝ ի­րա­ւա­կան հե­տապնդ­ման զօ­րա­շար­ժին 2011 թո­ւա­կա­նին, երբ հրա­պա­րա­կեց եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց, թէ վճռած է ա­ռա­ջին հաս­տա­տա­կամ քայ­լը նե­տել մեր հո­ղե­րուն, ինչ­քին եւ ի­րա­ւունք­նե­րուն վե­րա­տի­րա­նա­լու ի­րա­ւա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ։
Ընկ. Ա­րա ­Ման­կո­յեան ման­րա­մասն զե­կու­ցեց եւ ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րեց ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման դա­տի նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան՝ այդ նպա­տա­կով ձեռ­նար­կո­ւած մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գէտ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին եւ ա­նոր եզ­րա­յան­գում­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով։ ­Յի­շա­տա­կեց կազ­մու­թիւ­նը հայ, օ­տար եւ թուրք ի­րա­ւա­գէտ­նե­րու եւ փաս­տա­բան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մո­ւած դա­տա­կան յանձ­նա­խում­բին, ներ­կա­յա­ցուց ա­նոր ի­րա­ւա­բա­նա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը եւ կա­տա­րած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ ­Նոյն­պէս՝ անդ­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ նոյն օ­րա­կար­գով գու­մա­րո­ւած մի­ջազ­գա­յին երկ­րորդ խորհր­դա­ժո­ղո­վին, ինչ­պէս եւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հետ միաս­նա­բար դա­տա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հրա­պա­րա­կա­յին կո­չին՝ թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ բռնագ­րա­ւեալ ազ­գա­յին-հո­գե­ւո­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մեր բո­լոր հարս­տու­թունը ի­րա­ւա­տէր ներ­կա­յա­նա­լու։
­Բա­նա­խօ­սը, այդ բո­լո­րէն մեկ­նե­լով, հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ դա­տա­կան բուն գոր­ծու­նէու­թեան՝ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ բա­ցո­ւած դա­տէն մին­չեւ Եւ­րո­պա­կան ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ կա­տա­րո­ւած ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դի­մու­մին։ ­Տե­սաե­րիզ­նե­րէ քա­ղո­ւածք­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ ըն­կե­րա­ցած զե­կոյ­ցին հե­տե­ւե­լով՝ ներ­կա­նե­րը տե­ղեակ պա­հո­ւե­ցան, թէ ինչ­պի­սի՛ կա­մա­յա­կան մեր­ժում­նե­րով եւ ան­հիմն մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մեր­ժե­ցին ստանձ­նել ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման պա­հան­ջով բա­ցո­ւած ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դա­տը։ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ դա­տա­պաշտ­պան յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու դոկտ. ­Նո­րա ­Պայ­րագ­տա­րեա­նի ե­լոյթ­նե­րու տե­սաե­րիզ­նե­րէն ներ­կա­յա­ցո­ւած քա­ղո­ւածք­նե­րով՝ դա­տա­կան-ի­րա­ւա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ փու­լե­րուն գնա­հա­տու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ։ ­Մատ­նան­շո­ւե­ցան թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց յա­րու­ցած քա­ղա­քա­կան խո­չըն­դոտ­նե­րը եւ ա­նոնց հե­տե­ւած դա­տա­կան ձգձգում­նե­րը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ՝ Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նին կող­մէ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տը ետ թրքա­կան դա­տա­րան­նե­րուն յղե­լու ուղ­ղու­թեամբ ճնշում­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հայ­կա­կան կող­մին թա­փած ճի­գե­րը։
Իր բա­նա­խօ­սու­թեան ա­ւար­տին, ընկ. Ա­րա ­Ման­կո­յեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ ի­րա­ւա­կան ու դա­տա­կան աշ­խար­հի մէջ ա­րագ լու­ծում­ներ չկան, այլ անհ­րա­ժեշտ է դի­մա­նալ եւ անհ­րա­ժեշտ ա­մէն զո­հո­ղու­թեան գնով շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը, մին­չեւ որ ար­դա­րու­թեան դու­ռը վեր­ջա­պէս բա­ցո­ւի։ ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի դա­տը այդ­պի­սի՛ն է, թրքա­կան պե­տու­թեան օ­րի­նա­կով բռնա­կալ եւ յան­ցա­գործ պե­տու­թեան մը դէմ ի­րա­ւա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան յաղ­թա­նա­կը եր­կա­րա­շունչ պայ­քար կ­՚են­թադ­րէ, իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր յան­դուգն ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ վճռած է իր ի­րա­ւունք­նե­րուն վե­րա­տի­րաց­ման ի խնդիր ո­չինչ խնա­յել եւ հաս­նիլ ամ­բող­ջա­կան ու վերջ­նա­կան ար­դա­րու­թեան։
­Բա­նա­խօ­սու­թե­նէն ետք օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը հրա­ւի­րեց ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նը, որ­պէս­զի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նոր­դի իր խօսքն ու պատ­գա­մը փո­խան­ցէ ներ­կա­նե­րուն՝ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը յու­զող ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի դա­տին շուրջ։
­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, որ­պէս­զի ներ­կա­նե­րը մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ շա­րու­նա­կեն ի­րենց մտքե­րը փո­խա­նա­կել օ­րո­ւան կա­րե­ւոր նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ։