Փետրուար 6ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը Արցախեան Ազատամարտի անձնուէր հերոսներէն Սիմոն Աչիկգէօզեանի, որ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ իր անմոռանալի տեղը գրաւեց իբրեւ Մարտունաշէնի ինքնապաշտպանութեան անզուգական հրամանատարը։
Ինչպէս որ վկայութիւնները կ’ընդգծեն՝ «զոհուելուց չեմ վախենում, միայն թուրքի ձեռքը մարմնիս չդիպչի»` սա «Արաբօ» ջոկատի Մարտունաշէնի գործողութիւնների հրամանատար, առաջին աստիճանի «Մարտական Խաչ»ի շքանշանակիր, ազատամարտիկ Սիմոն Աչիկգէօզեանի` «Դեդ»ի միակ մտավախութիւնն էր պատերազմի օրերին:
Սիմոն Աչիկգէօզեանի անունը, միաժամանակ, անջնջելիօրէն կապուած է Հ.Յ.Դ. հայաստանեան կազմակերպութեան վերածնունդին եւ նորօրեայ վերաշխուժացման հետ։
Գաղափարապաշտ իր վարքով, անբասիր նկարագրով եւ մարտական խիզախութեամբ, այլապէս գիտական աշխատանքի վաստակաւոր գործիչը՝ Սիմոն Աչիկգէօզեան հանդիսացաւ յառաջապահ դրօշակիրներէն մէկը Դաշնակցութեան հայրենական վերընձիւղումին ու, Արցախեան ազատագրական պայքարի հունով, կրակի նորովի մկրտութեան։
Աւազանի անունով Աչիկգէօզեան Սիմոն Յովհաննէսի՝ ան ծնած է 1939ի Փետրուար 6ին, Ռումանիոյ Գալաց քաղաքը։ Աչիկգէօզեաններու տոհմական բնօրրանը եղած է Արեւմտեան Հայաստանը: Հայրը՝ Յովհաննէսը, Մեծ Եղեռնէն հրաշքով փրկուած է, Ռումանիա պանդուխտ գտնուելու բերումով։ Աչըկգէօզեաններու 86 հոգինոց գերդաստանէն 78ը զոհուած են Տէր-Զօրի անապատին մէջ։ 1946ի հայրենադարձութեան օրերուն, Յովհաննէս Աչիկգէօզեանի ընտանիքն ալ Ռումանիայէն ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։
Սիմոն նախնական իր ուսումը ստացած է Երեւանի թիւ 24 միջնակարգ դպրոցին մէջ։ 1955ին ընդունուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Երկրաբանական Ֆակուլտետը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1960ին՝ ինժեներ-երկրաբանի որակաւորմամբ։ Ս. Աչիկգէօզեան 1970 թուին Մոսկուայի մէջ պաշտպանած է իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը։ 1984ին արժանացած է աւագ գիտաշխատողի կոչումին։
1960էն 1991, աւելի քան 30 տարի, Սիմոն Աչիկգէօզեան աշխատած է Հ.Խ.Ս.Հ. Գ.Ա. Երկրաբանական Գիտութիւնների Ինստիտուտին մէջ, հեղինակած է 70է աւելի գիտական աշխատութիւններ, զբաղած է թարգմանութիւններով։ Շուրջ 11 տարի դասախօսի պաշտօն կատարած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։ Զբաղած է Հայաստանի գունաւոր եւ ազնիւ մետաղներու հանքավայրերու հեռանկարային ուսումնասիրութեամբ։
1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ, ան Աղէտի Գօտիին մէջ ղեկավարած է երկրաշարժաբանների միջազգային ջոկատը։ Գիտութեան անխոնջ մշակ ըլլալու կողքին՝ Սիմոն Աչիկգէօզեան զբաղած է արուեստով եւ մարզանքով։ Երկար տարիներ երգած է «Նարեկ» արական երգչախումբին մէջ՝ Խոր Վիրապի վանքը։
1988ի Արցախեան Շարժման սկզբնական փուլին իսկ, գիտական իր աշխատանքը մէկդի ձգած՝ Ս. Աչիկգէօզեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ ազգային-ազատագրական պայքարի վերածնունդին։ «Դէպի Երկիր» զօրաշարժի ձեռնարկած Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամագրուած առաջին ուխտեալներէն եղաւ Սիմոն։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ 1990ի Նոյեմբերին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի անդրանիկ՝ հիմնադիր Շրջանային Ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ։ Իր գաղափարապաշտութեամբ եւ բարոյականութեամբ՝ վճռորոշ դեր ունեցաւ հայրենի երիտասարդ-ուսանող սերունդը Դաշնակցութեան կապելու եւ դէպի Արցախեան Ազատամարտ մղելու պատմակերտ գործին մէջ։
1989 թուականի Հ.Հ.Շ. առաջին համագումարին, Ս. Աչիկգէօզեան ընտրուեցաւ Հ.Հ.Շ. արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի անդամ։ 1990ին ընտրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի պատգամաւոր, մասնակցեցաւ Խ.Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի աշխատանքներուն՝ կենսոլորտի պաշտպանութեան յանձնաժողովի կազմէն ներս։
1989ին Սիմոն Աչիկգէօզեան անդամագրուեցաւ հանրածանօթ «Արաբօ» կամաւորական ջոկատին եւ մասնակցեցաւ Եղէգնաձորի շրջանի Գնիշիկ, Երասխ, Արենի, Խաչիկ, ապա՝ Նոյեմբերեանի մէջ Ոսկեպար եւ սահմանամերձ այլ գիւղերու ինքնապաշտպանական մարտերուն։ Այնուհետեւ մեկնեցաւ Արցախ (Շահումեանի շրջան), ուր 1991ի Ապրիլ 19էն սկսեալ ստանձնեց Մարտունաշէնի «Արաբօ» ջոկատի հրամանատարութիւնը։
Ս. Աչիկգէօզեան զոհուեցաւ 1991ի Ապրիլի 30ին՝ Մարտունաշէնի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ, Խ.Ս.Հ.Մ. ներքին գործերու նախարարութեան ուժերու աջակցութեամբ ատրպէյճանական յատուկ նշանակութեան զինեալ ջոկատներու (ՕՄՕՆ) կողմէ իրագործուած՝ Արցախը հայաթափելու «Օղակ» գործողութիւնը կանխելու կռուին։
Վկաները կը շեշտեն, թէ Մարտունաշէնի մէջ մղուած պայքարը ճակատագրական եղաւ հերոսին համար: Անհաւասար եւ խելագարութեան հասած կռիւը, մարտական ընկերներուն սպառնացող մահաբեր իրավիճակը ստիպեցին հրամանատարին, որպէսզի ծայրայեղ քայլերու դիմէ: Մարտունաշէնի ժողովուրդին կազմակերպուած նահանջը իրականացնող իր ջոկատի ընկերներուն կողմէ իրեն ուղղուած նահանջին միանալու բազում խնդրանքներուն՝ Սիմոն Աչիկգէօզեան կտրականապէս մերժումով պատասխանեց։
Այդպէ՛ս, թշնամին յետ մղելու առաջին դիրքերուն վրայ անյողդողդ կանգնած եւ կռիւը մինչեւ վերջին շունչ մղելու վճռականութեամբ լեցուած՝ նահատակուեցաւ գիտնական Սիմոն Աչիկգէօզեան՝ իր հարազատ կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գրեթէ քայլերգը դարձած «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգելով։
Այս առումով խօսուն է վկայութիւնը Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան «Հայ Զինուոր» պաշտօնաթերթին.-
«Մարտունաշէնում կռիւն անխուսափելի դարձաւ. 1991թ.ի խորհրդային բանակը, ադրբեջանական ՕՄՕՆի հետ միասին, յարձակուել էր Մարտունաշէնի եւ Գետաշէնի վրա` նպատակադրուած ոչնչացնելու ոչ միայն գիւղերը, այլեւ՝ ժողովրդին: Արցախը հայաթափելու «Օղակ» գործողութիւնը կանխելիս՝ Սիմոն Աչիկգէօզեանը զոհուեց:
Ազատամարտի վետերանների «Արաբօ» Հ.Կ.ի խորհրդի նախագահ, «Արաբօ» ջոկատի ենթահրամանատար Կարէն Ղազարեանն ասում է` վիրաւոր հրամանատարը կը փրկուէր, եթէ համաձայնէր, որ իրեն էլ միւս վիրաւորի հետ հանէինք կրակի տակից:
«Ես թշնամուն կը պահեմ, մինչեւ վիրաւորին հանէք»,- ասել է Սիմոնը ու շարունակել կրակելն ու երգել «Վաղուց եմ ուխտել կռուել ու մեռնել» երգը: «Քիչ քաջեր կան, որ իրենց կեանքը զոհելու ժամանակ երգել են հայրենասիրական երգեր, դրանցից էր Սիմոն Աչիկգէօզեանը»,- նշում է Կարէն Ղազարեանը, ապա՝ աւելացնում, որ մինչ մահը՝ Սիմոնը հասցրել էր գիւղի բնակչութեանը հեռացնել մօտակայ անտառներ. «Միայն չհասցրեց իմանալ, որ փրկուած վիրաւոր զինուորը իր սանն էր` արթիկցի Մկրտիչը»:
Սիմոն Աչիկգէօզեանի աճիւնը ամփոփուած է Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական տարածքի գերեզմնատան մէջ։
Հ.Հ. նախագահի 1996 թուականի Սեպտեմբեր 20ի ՆՀ-640 հրամանագրով՝ Ս. Աչիկգէօզեան յետ-մահու պարգեւատրուած է «Մարտական Խաչ» Ա. կարգ աստիճանի շքանշանով։
Ամուսնացած էր եւ երկու զաւակի հայր։
2011ի Ապրիլ 29ին Ե.Պ.Հ. Աշխարհագրութեան եւ Երկրաբանութեան Ֆակուլտետի Միներալոգիայի եւ Պետրոգրաֆիայի Կաբինետը անուանակոչուած է Սիմոն Աչիկգէօզեանի անունով։
Սիմոն Աչիկգէօզեանին Դեդ (Dad) կը կոչէին իր ընկեր-զինուորները, որովհետեւ ջոկատին ամենատարեցն էր, բոլորին համար հեղինակութիւն էր, անոր խօսքը վիճելի չէր։ Իսկ Դեդի զոհուելէն յետոյ, ինչպէս որ վկայութիւնները կը նշեն, մինչեւ մէկ շաբաթ ատրպէյճանցիները իրենց վախէն չեն համարձակած Մարտունաշէն մտնել… Սիմոնի մարտական ընկերները իրենց ղեկավարին մասին շատ բան ունին պատմելու, բայց կը ցանկանան, որ յիշողութիւնները երկար ապրին՝ նոյնինքն հրամանատարի գործին շարունակութեամբ:
Սիմոն Աչիկգէօզեան ընդհանրապէս հայրական գուրգուրանքով վարուած է երիտասարդ սերունդի իր ընկերներուն հետ, որոնց միշտ յետ պահած է կռուի առաջին գիծերէն՝ ըսելով, որ «Ես ոչ մէկիդ մահը չեմ ուզում տեսնել, ինչ լինում է, թող ինձ լինի»…:
Սիմոն Աչիկգէօզեան (ԴԵԴ-DAD, 1939-1991)
Սիմոն Աչիկգէօզեան (ԴԵԴ-DAD, 1939-1991). Արցախեան Ազատամարտի դաշնակցական հերոսն ու Մարտունաշէնի հրամանատարը Ն.