ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Ծո­վափ­նեայ սրճա­րա­նի մը մէկ ան­կիւ­նը նստած եմ սուր­ճի ու խո­կու­մի եւ կը մտմտամ: Ար­ցա­խը հայ­րե­նա­կան հող ու տա­րածք եւ հա­յոց հե­րո­սա­կան ան­ցեալ ու ներ­կայ պատ­մու­թիւն ըլ­լա­լէ ետք, յատ­կա­պէս վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն ե­ղաւ նաեւ այն մի­ջօ­րէա­կա­նը,(meridian?) որ ի­րա­րու կա­պեց աշ­խար­հի բո­լոր հայ մար­դոց միտքն ու հո­գին եւ կազ­մեց ա­նոնց ա­պա­գա­յի ե­րա­զը…:
­Հի­մա ի՞նչ: Ար­ցա­խը ին­կաւ: Ի՞նչ բան պի­տի փո­խա­րի­նէ զայն: Իշ­խա­նու­թեան հա­մար մղո­ւած պայ­քա՞­րը: «­Ֆաշ­շար…», պի­տի ը­սէր լի­բա­նան­ցին: ­Մին­չեւ հի­մա չե­ղաւ, աս­կէ յե­տո՞յ պի­տի ըլ­լայ…:
­Գորշ ամ­պե­րը անձ­րե­ւի սպառ­նա­լի­քով ի­ջած են ցած եւ ի­րենց մռայ­լու­թիւ­նը տա­րա­ծած ծո­վու ըն­դար­ձակ գե­ղեց­կու­թեան վրայ: Տ­խուր հա­մայ­նա­պատ­կեր մը, որ կա­պա­րի ծան­րու­թեամբ կը ճնշէ ար­դէն իսկ ճնշուած էու­թիւնս: Իսկ ես կա­րի­քը կը զգամ խօ­սա­կի­ցի մը, որ­պէս­զի զրու­ցեմ հե­տը ու թե­թեւց­նեմ պա­հին ծան­րու­թիւ­նը: ­Սե­ղան­նե­րու շուրջ ծա­նօթ դէմ­քեր կան, ին­ծի պէս մնա­յուն յա­ճա­խորդ միեւ­նոյն սրճա­րա­նին, բայց ա­նոնց բո­լորն ալ օ­տար են, օ­տար՝ ի­րենց հե­տաքրքրու­թիւններով, ապ­րում­նե­րով, ա­ռօ­րեայ հո­գե­րով, մինչ ես տար­բեր հո­գեր ու­նիմ, խօ­սակ­ցու­թեան տար­բեր նիւթ կը հե­տաքրք­րէ զիս: ­Հայ եմ չէ՞…: Ու­րեմն, միակ մխի­թա­րու­թիւնս հոս սուրճն է ու ա­նոր շաղ­կա­պո­ւած սի­կա­րէ­թը, ինչ­պէս եւ ինք­զին­քիս հետ զրու­ցե­լու ել­քը:
­Յի­շո­ղու­թիւնս կը ճմլո­ւի, երբ կը մտա­բե­րեմ յո­խոր­տան­քը քա­ղա­քա­կան այ­րի մը, որ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թեանց բան­բե­րի դե­րին մէջ եւ իբ­րեւ պա­տաս­խան քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն, կը բարձ­րա­ձայ­նէր. «Այ­սօ­րո­ւան հրա­մա­յա­կա­նը «խա­ղա­ղու­թեան» մեր օ­րա­կարգն է, որ­պէս­զի փրկենք-ու­ժե­ղաց­նենք ­Հա­յաս­տա­նը եւ կա­րե­նանք օգ­նել Ար­ցա­խին ու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան…»:
Ու­ֆօ՜. ա­յո՛, օգ­նե­ցինք Ար­ցա­խին, եւ այն ալ ի՜նչ օգ­նու­թիւն…:
Ար­ցախն ու ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը:
Ա­նոնք պի­տի շա­րու­նա­կե՞ն վաղն ալ ապ­րիլ մեր շրթնե­րուն վրայ, թէ պի­տի անց­նին պատ­մա­կան յու­շե­րու ցան­կին: ­Խո­շո՜ր ու տան­ջող հար­ցա­կան մը: ­Թե­րեւս ո­րոշ ժա­մա­նակ մը յա­մե­նան բե­մա­սաց­նե­րու ճա­ռե­րուն մէջ: ­Յե­տո՞յ…:
­Պաշտ­պան փաս­տա­բա­նի պէս ներ­սէս ձայն մը կ­՚ար­ձա­գան­գէ. Ի՞նչ կրնա­յինք ը­նել ու չը­րինք: ­Պա­տե­րազ­մե­ցանք, բազ­մա­հա­զար զո­հեր տուինք, ա­մէն տա­րի ­Հա­յաս­տա­նի ճղճիմ պիւտ­ճէէն տո­լա­րի հա­րիւ­րա­ւոր մի­լիոն­նե­րով հսկա­յա­կան յատ­կա­ցում­ներ կա­տա­րե­ցինք. անց­նող ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն դի­ւա­նա­գի­տա­կան մեր ամ­բողջ կարո­ղա­կա­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի դա­տին տրա­մադ­րե­ցինք եւ…
-­Մի՛ շա­րու­նա­կեր չքմե­ղանք­ներդ,- կ­՚ընդ­մի­ջեմ,- այդ ը­սած­ներդ կը վի­րա­ւո­րեն գի­տակ­ցու­թիւնս ու մտա­ծող ա­մէն հայ ան­հատ: ­Յա­նուն Ար­ցա­խի իշ­խա­նա­կան դիր­քե­րու հաս­նե­լէ ետք եւ ի խնդիր այդ դիր­քե­րու պահ­պա­նու­մին՝ մեր­ժե­ցինք Ար­ցա­խը մեր գրկին առ­նե­լու, կար­ծես թէ խորթ միա­ւոր մը ըլ­լար ան: ­Զայն հա­մա­րե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նէն ան­ջատ տա­րածք եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը՝ ան­հա­րա­զատ հա­սա­րա­կու­թիւն, ո­րու կա­րիք­նե­րուն հա­մար դրա­մա­կան օգ­նու­թիւն պարտք էինք կա­տա­րել: ­Դա­ւա­ճա­նե­ցինք նաեւ պա­տե­րազմ­նե­րու զոհ բազ­մա­հա­զար հա­յոր­դի­նե­րու, ո­րոնք հե­րո­սա­բար ի­րենց կեան­քը մա­տաղ ը­րին յա­նուն ՄԻԱՑՈՒՄԻ, որ կար­գա­խօսն էր ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մին եւ որ հե­տա­գա­յին նոյ­նիսկ պե­տա­կան ո­րո­շու­մի վե­րա­ծո­ւած էր ան: ­Հա­ճո­յա­ցանք դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղե­րու մէջ, ա­պա՝ ա­ւե­լի վերջ, երբ կը տրո­ւէր օր­հա­սա­կան կա­ցու­թեան ա­հա­զան­գը եւ մեր ա­ռա­ջին յաղ­թա­նա­կի նա­խօ­րե­րուն պէս հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին պայ­քա­րի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը, չլսե­լու տո­ւինք ա­հա­զան­գը եւ Ար­ցա­խը դար­ձու­ցինք կու­սակ­ցա­խա­ղե­րու եւ ե­սա­պաշտ հա­շիւ­նե­րու ա­ռար­կայ:
­Դար­ձեալ ներ­քին ձայնս է, որ կ­՚ա­ռար­կէ. թէ դա­տում­ներս ու հե­տե­ւու­թիւն­ներս կը յե­նուն ող­բեր­գա­կան ար­դիւն­քին վրայ եւ կ­՚ան­տե­սեն նպա­տա­կաս­լաց այն մղու­մը, որ­մէ զսպա­նա­կո­ւած ազ­գը չվա­րա­նե­ցաւ պա­տե­րազ­մի մէջ մտնե­լու ան­հա­ւա­սար ուժ ամ­բա­րած թշնա­մի­նե­րու դէմ: ­Ներ­քին այդ ձայնս կը շեշ­տէ, թէ չվա­րա­նինք ըն­դու­նե­լու, որ ամ­բողջ ազ­գը պա­տե­րազ­մե­ցաւ եւ ամ­բողջ ազգն է, որ խայ­տա­ռակ պար­տու­թիւն կրեց:
­Գի­տակ­ցու­թիւնս կը պոռթ­կայ. ո՛չ. ազ­գը չպար­տո­ւե­ցաւ, չխայ­տա­ռա­կուե­ցաւ: Վ­կայ՝ ե­ռաբ­լու­րը եւ տար­բեր վայ­րե­րու մէջ հո­ղին տակ հանգչող հե­րոս­նե­րը: Ա­նոնք են եւ ա­նոնց նպա­տա­կին հա­ւա­տա­ցող­ներն են, որ կը կազ­մեն ազ­գը: ­Պար­տո­ւե­ցան ու խայ­տա­ռա­կո­ւե­ցան ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, կու­սակցու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը, թե­րեւս բո­լորս: Ազ­գը կը պար­տո­ւի այն ա­տեն, երբ կը հա­մա­կեր­պի պար­տու­թեան գա­ղա­փա­րին, կ­՚ըն­դու­նի չքմե­ղանք­նե­րը եւ կը շա­րու­նա­կէ հան­դի­սա­տե­սը դառ­նալ զի­րար հրմշտկող քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու քմայք­նե­րուն…:
­Կը սթա­փիմ, ինք­զին­քիս կու գամ: ­Կը մտա­ծեմ, թէ այս ինք­նազ­րոյցս պա­տա­հէր, որ բարձ­րա­ձայ­նէի, շուր­ջին­ներս պի­տի հա­մա­րէին, որ խե­լա­գա­րած եմ…: ­Թե­րեւս այդ կար­ծի­քին ըլ­լան նաեւ կարգ մը ըն­թեր­ցող­ներ:
­Ներ­սէս ե­կող ձայ­նը կը զգաս­տաց­նէ. «­Վերջ տո՛ւր այ­լեւս այս ան­շահ զրոյ­ցին: Ինք­զինքդ եր­կու­քի բաժ­նած ես եւ մէկ կէսդ կը հա­նես միւ­սին դէմ: ­Մար­դիկ ու մար­դոց վա­րած կեան­քը եր­բեք կա­տա­րեալ չեն ե­ղած աս­կէ ա­ռաջ, պի­տի չըլ­լան նաեւ այ­սու­հե­տեւ: Ի՞նչ է, ազ­գին ամ­բողջ հո­գը ու­սե­րուդ ա­ռած ինք­զի՞նքդ կը տան­ջես: «­Սիկ­տիր» մը ը­սէ բո­լո­րին՝ տան­ջող մտա­ծում­նե­րուդ եւ վե­րա­դար­ձիր ա­ռօ­րեա­յիդ ու ա­ռօ­րեայ խնդիր­նե­րուդ»:
­Չէք պատ­կե­րաց­ներ, թէ ձեր վրա­յէն ի՜նչ մեծ բար­կու­թիւն կը թօ­թա­փէ ներշնչու­մով բա­ցա­կան­չո­ւած եւ վեց գի­րե­րէ բաղ­կա­ցած թրքե­րէն այս բա­ռը՝ «­Սիկ­տի՜ր», ո­րու հա­յա­ցո­ւած տար­բե­րա­կը ա­ւե­լի նրբա­ճա­շակ է. «­Վեց գիր մը տո՛ւր եր­թայ»…:

­Յետ գրու­թեան.- Այս վեր­նա­գի­րը դնե­լու վա­րան­քի մը (քիչ մնաց պի­տի ը­սէի յանդգ­նու­թիւն չու­նե­նա­լու) պա­րա­գա­յին, կը դրո­ւի հե­տե­ւեալ տար­բե­րա­կը «ՎԵՑ ԳԻՐԸ ՏՈՒՐ ԵՐԹԱՅ»