Շ. ԷԼՄԱՍԵԱՆ
«…Պիտի մնայ լոկ անոր այն մեծ մխիթարանք,
Թէ իր կեանքը իր սաներուն մէջ կ՚ապրի դեռ»
Սիրելի Սթաւրօ. Մայիսեան արեւոտ պայծառ օր մըն էր. երկինքը յանկարծ մթնեց կարծես, երբ մահուանդ գոյժը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ բերնէ- բերան մեր շրջանակներէն ներս: Մարդիկ լուրը դժուարութեամբ, վերապահութեամբ կը փոխանցէին իրարու. քանի որ ոչ մէկը կ՚ուզէր կամ կրնար հաւատալ եղելութեան իրականութեան… այնքա ՜ն անակնկալ էր, այնքա՜ն անսպասելի, այնքա՜ն ցաւագին…:
Սիրելի Սթաւրօ. դուն հեռացար այս փուճ աշխարհէն, ա՜յնքան վաղաժամ, կեանքիդ ամենէն գործօն, ամենէն ծաղկուն մէկ ժամանակաշրջանին. կիսաւարտ թողուցիր երազներդ, իղձերդ, ծրագիրներդ. սուգով պատեցիր քու հարազատներդ, կեանքիդ ընկերուհին՝ Ռեկինան, հոգեհատոր դուստրերդ, առանց կարենալ վայելելու զանոնք լիովին եւ փոխադարձաբար անոնք քեզ: Քու կորուստդ կը սգան քեզ սիրողները, յարգողները, քեզ այնքա՜ն սիրած ու քեզմէ կաթոգին սիրուած հին ու նոր աշակերտներդ: Իսկ ես՝ ի՜նչ ցաւ ինծի համար, իրաւ որ չկարողացայ դէպի անծանօթը քու երկար ճանապահորդութեանդ բարի երթ մաղթել , աղօթք մը, Տէր Ողորմեա մը մրմնջել…
Հետագայ տողերս, թող փունջ մը սպիտակ, բուրաւէտ, անթառամ ծաղիկներ ըլլան շիրիմնաքարիդ վրան եւ վկաները՝ մեր երկարամեայ սիրալիր գործակցութեան :
1986-ի Սեպտեմբերի Կիրակի մըն էր. Ուրախ օր մը մեր գաղութին համար. Որովհետեւ այդ օր, հայրենիքէն մասնաւոր բերուած, Խաչքարի մը օծման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենար, Աթէնքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն մէջ, ի յիշատակ՝ 1915-ի Ապրիլեան զոհերուն: Մեծ էր թիւը ներկաներուն:
Արարողութեան ընթացքին, պարոն մը, Խաչիկ Ապարեան, մօտեցաւ ինծի եւ երիտասարդ մը ներկայացնելով ըսաւ. «Սթաւրոս-Խաչիկ Ապարեանն է. (հօրեղբօրորդիներ էին) յունարէն լեզուի դասատու, որ Գոքինիոյ «Ազգային-Զաւարեան» վարժարանին մէջ պիտի պաշտօնավարէ. ձեր պաշտօնակիցը պիտի ըլլայ…»:
Արտաքին երեւոյթով համակրելի, քաղաքավար, ժպտերես երիտասարդ մըն էր Սթաւրոն, որ շուտով պաշտօնի կոչուեցաւ, շուտով շաղախուեցաւ իր պաշտօնակիցներուն եւ աշակերտներուն հետ եւ նոյնքան շուտով մուտք գործեց մեր գաղութային կեանքի գործընթացի ծիրէն ներս եւ եղաւ մեր բոլորին սիրելի Սթաւրոն. անքակտելի մէկ օղակը մեր գաղութի հայօրէն գոյատեւման, ազգապահպանման, մեր պահանջատիրութեան, նորանկախ հայրենիքի վերակերտման, զօրակցութեան եւ բարգաւաճման ուղղութեամբ տարուող ճիգերուն:
Սթաւրոն մեր գաղութի գործօն կառոյցներուն բովէն, իր ներդրումներուն մեծ բաժինը ունէր գլխաւորաբար, Համազգայինի եւ Հայ դատի յանձնախումբին վարիչ մարմիններուն մասնակցութեան ճամբով, սակայն իրականութիւն է եւ կը շեշտենք որ իր ձայնը, իր յանձնառու մեծ բաժինը ունէր մեր գաղութային կեանքի, կրնանք ըսել, բոլոր մարզերէն ներս…:
Սթաւրոն գիտակից էր մեր դպրոցի երկլեզու դրութեան. կը դասաւանդէր յունարէն լեզուով ,սակայն խորքին մէջ հայ ուսուցիչ մըն էր. սիրուեցաւ իր պաշտօնակիցներէն, սիրուեցաւ իր շրջապատէն, իր հեզաբարոյ, ուրախ, անմիջական բնաւորութեամբ: Կաթոգին սիրեց իր բոլոր աշակերտները եւ սիրուեցաւ անոնցմէ, թէ՛ որպէս ուսուցիչ եւ թէ՛ որպէս բարեկամ: Զբօսանքներուն, տղաքը՝ «Κύριε Σταύρο-Κύριε Σταύρο» կանչելով, ետեւէն կը վազէին, հետը խօսելու, դասերու վերաբերեալ հարցումներ ընելու , կամ պարզապէս հետը գտնուելու եւ ինչո՞ւ չէ կատակելու համար…: Աշակերտներուն հետ աշակերտ կ՚ըլլար… կ՚ուրախանար անոնց յաջողութեամբը: Անոնց յաջողութիւնը, յառաջդիմութիւնը, միաժամանակ իրն ալ էր եւ իրաւամբ. աշակերտին ուսումնական վիճակը, կամ պատկերը իր ուսուցչին ալ պատկերը կ՚արտացոլացնէ:
Ինչ որ կ՚ընէր լաւ կ՚ընէր. Լուռ, անաղմուկ, առանց թմբկահարութեան. կ՚ընէր կամովին. սիրով, անձնուիրութեամբ. Կարծես ներքին ուժ մը կը մղէր զայն օգտակար ըլլալու. Տալու, տրուելու, իր շրջապատին, գաղութին, ազգին: Աշխատասէր էր. արագաշարժ, պարտաճանաչ: Իր ստանձնած որեւէ պարտականութիւն, իր ատենին լրումին կը հասցնէր: Չէր անոնցմէ, օրինակ, որոնք արձակուելու զանգը հնչելուն պէս, (արդէն պատրաստ) կ՚առնեն իրենց պայուսակը եւ կը մեկնին:Ուսուցչութիւնը, առաքելութիւն մըն էր իրեն համար, որուն կոչումը ունէր: Տղու մը դաստիարակութեան հիմնաքարը արդէն, սէրն է. ուսուցչութիւնը արհեստ մը չէ. այլ սիրոյ գործ է. եւ Սթաւրոն լաւ գիտէր այդ պարագան եւ այդ հիմամբ կը գործէր: Պարզ է. կը սիրէր այն ինչ որ կ՚ընէր. Կը սիրէր տղաքը։
Սթաւրոյին հետ գործակցութիւնը հաճոյք էր. ան ամէն տեղ էր. դպրոցին տէրն էր ու ծառան…:
Սթաւրօ. Կեանքէն քու հրաժեշտդ (այնքան աճապարանքով) ոչ միայն ցաւով յորդեցուց հարազատներուդ եւ շրջապատիդ սրտերը, այլ հսկայ բաց մը թողուց մեր գաղութային կեանքի յառաջխաղացման ուղղութեամբ տարուող գործընթացին: Այդ պարապը արդէն զգալի է եւ երկար ժամանակի կը կարօտի բացը գոցելու համար. բան մը որ շատ դժուար է. (կարկտաններով գործ չ՚ըլլար) մանաւանդ ներկայիս , մեր գաղութէն ներս տիրող անբարեյոյս, անմխիթար պայմաններուն մէջ: Թէեւ այդ պայմանները մեր գաղութինը չեն լոկ. այլ համագաղութային. չըսելու համար համազգային…:
Գաղութս աղքատ է այսօր. որովհետեւ ոչ միայն կորսնցուց արժանաւոր դաստիարակ մը, այլ նաեւ մեր գաղութային կառոյցի կեդրոնական սիւներէն մէկը:
Սթաւրօ գիտես. Կեանքը անցողական է. ոչ մէկ բան մնայուն է. կեանքը պտոյտ մըն է պարզապէս. Մարդիկ կեանքէն իրենց պտոյտը կ՚ընեն, կ՚անցնին ու կ՚երթան: Սակայն Սթաւրօ, ափսո՜ս. կեանքի ճանապարհէն քու պտոյտդ կարճ եղաւ. կեանքը ժլատ եղաւ քու հանդէպ. դուն ունէիր նպատակներ,տեսլականներ, արժէքներ, որոնց կը հաւատայիր եւ կը ծառայէիր եւ ի՜նչ հեգնանք. կեանքիդ ուղին կասեցաւ ընդոստ, սրտէդ զարնուած ինկար, անէացար. կիսաւարտ թողլով ամէն ինչ… ունայնութիւն…
Բայց դուն Սթաւրօ-Խաչիկ Ապարեան, (չեմ ըսեր որպէս այրած սրտի մխիթարանք այլ իրականութին) դուն քիչ ապրեցար, բայց շատ բան տուիր. քու անձնական դրոշմդ թողուցիր. քու գործդ թողուցիր. կեանքիդ պատմութիւնը թողուցիր անջնջելի քաղցր յիշատակներով. վստահ եղիր որ քու հին ու նոր աշակերտներդ, տակաւին ուրիշներ, որոնք յարգեցին ու սիրեցին քեզ, իրենց սրտերուն տաքուկ մէկ անկիւնը տեղ մը ունին ընդմիշտ քեզ համար պահուած. քու յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ բոլոր անոնց մտքին ու հոգիին մէջ…
Ձօն
Ιδανικές φωνές κι αγαπημένες
εκείνων που πέθαναν η εκείνων που είναι
για μας χαμένοι σαν τους πεθαμένους.
Κάποτε μες στα όνειρά μας ομιλούνε
Κάποτε μες στην σκέψι τες ακούει το μυαλό.
Και με τον ήχο των για μια στιγμή επιστρέφουν
ήχοι από την πρώτη ποίηση της ζωής μας-
σα μουσική, την νύχτα μακρύνη που σβύνει.
Κ. Π. Κάβαφης