­Շա­բաթ՝ 27 ­Յու­նո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։30ին, հրա­ւէ­րո­վը՝ ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին, «Ս. ­Սար­գիս»ի տօ­նին ա­ռի­թով, ­Սէր­րէ­սի «Ս. ­Սար­գիս» մկրտո­ւած Ս. ­Սե­ղա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ­Կի­րակ­նա­մուտ­քի ժա­մեր­գու­թիւն, մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ծա­ռա­յող սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի Ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն, ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նաց ­Միու­թեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն, ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ծնող­նե­րուն եւ սէր­րէ­սա­հայ ա­ւե­լի քան 50 հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի տիկ. ­Վե­րա Պ­լէ­ճեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։ Իր քա­րո­զին մէջ, ­Հայր ­Սուր­բը ա­ռա­ջին հեր­թին փո­խան­ցեց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի ­Հայ­րա­կան ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը։ Ա­պա՝ օ­րո­ւան ­Սուր­բին՝ Ս. ­Սար­գի­սի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով՝ խրա­խու­սեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ա­մուր հա­ւատ­քով շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց եր­թը, խի­զախ ու քաջ մար­տիկ­նե­րու նման դի­մագ­րա­ւե­լու բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ ­Սուր­բին սրբա­կեն­ցաղ օ­րի­նա­կով ապ­րե­լու ի­րենց կեան­քը։ Ան բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը բո­լո­րին կող­մէ եւ մաղ­թեց ա­ռա­ւել հա­մախմբո­ւա­ծու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ի սպաս գա­ղու­թի վե­րել­քին։ ­Հայր ­Սուր­բը յայտ­նեց, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կէն մշտա­պէս իր զօ­րակ­ցու­թիւնն ու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ ­Սէր­րէ­սի մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ կը յու­սայ, որ բո­լոր սէր­րէս­ցի­նե­րը հանգս­տա­ւէտ պայ­ման­նե­րու մէջ գտնո­ւին։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, նոյն վայ­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի գա­թա­յի կտրու­մը եւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։ ­Հայր ­Սուրբն ու ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան ներ­կա­նե­րուն մաղ­թե­ցին յա­ջո­ղու­թիւն, ա­ռող­ջու­թիւն, լաւ տա­րի եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։ Ս­րա­հէն ներս տի­րեց մեծ ու­րա­խու­թիւն ու լաւ տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թիւն։ Ա­պա՝ ­Հայր ­Սուր­բը այս առ­թիւ փոք­րե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն բաշ­խեց փոք­րիկ ա­ղօթք­ներ եւ յու­շա­նո­ւէր­ներ։
­Յայտ­նենք, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դը կա­տա­րեց պատ­շաճ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին եւ նոյն օ­րը, ե­րե­կո­յեան, ­Հայր ­Սուր­բը եւ իր շուրջ գտնո­ւող ժո­ղո­վա­կան­նե­րը վե­րա­դար­ձան ­Թե­սա­ղո­նի­կէ։
­Բո­լո­րին վարձ­քը կա­տար եւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ։