Կիրակի՝ 12 Յունուար 2020ի երեկոյեան, Սէրրէսի հայ համայնքը, իրենց կեդրոնէն ներս, հաւաքաբար դիմաւորեց 2020 Նոր Տարին եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան զոյգ տօները, սիրոյ սեղանի շուրջ, ներկայութեամբ աւելի քան 50 հայորդիներու։ Սոյն ձեռնարկին հրաւիրուած եւ ներկայ էր նաեւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։
Սէրրէսի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Յարութիւնեան, ողջունեց հայր սուրբի ներկայութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց յատկապէս իր ներկայութեան համար եւ մասնաւորաբար իր տարած աշխատանքին համար՝ Սէրրէսի հայութեան մօտ։ Ապա, հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով աշխարհի խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ փափաքներու իրականացում, ինչպէս նաեւ առիթը օգտագործելով Սէրրէսի մէջ գտնուող բոլոր հայորդիներուն կոչ ուղղեց, միշտ զօրավիգ կանգնիլ համայնքի գործունէութիւններուն եւ մասնակցութիւն բերելու՝ անոր վերելքին ու կազմակերպուածութեան համար։
Սոյն ուրախ ելոյթին ընթացքին, ներկաներու կողմէ տեղի ունեցան աւանդական-հայկական պարեր, մեներգներ, արտասանութիւններ, ողջոյն սիրոյ խօսքեր, ինչպէս նաեւ վիճակահանութիւն՝ որուն ընդմէջէն շատեր բախտաւորուեցան գեղեցիկ նուէրներով։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ Սէրրէսի Հայ համայնքի Թաղային խորհուրդի գաթայի կտրումը, ուր մետաղադրամը յայտնուեցաւ համայնքի ծխայիններէն՝ տիկ. Սվեթա Գոթանիտույի մօտ եւ ան ստացաւ իր գեղեցիկ նուէրը։
ԹՂԹԱԿԻՑ