«Ազդակ»
Օտարերկրացի դէմքերու Արցախ այցելութիւններէն մինչ այժմ ամէնէն հզօր հարուածը Պաքուին` Թուրքիոյ քաղաքացի մտաւորականներու ներկայութիւնն էր Ստեփանակերտ:
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով Արցախ այցելած գրող Սայիթ Չեթինօղլուի, քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրասի, լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուի եւ Էրոլ Քաթըրճըօղլուի քայլը «դաւաճանութիւն է ո՛չ միայն եղբայրական Ատրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ նկատմամբ»: Նման յայտարարութիւն կատարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Այտըն Հուսէյնով:
Հուսէյնով ցանկութիւն յայտնած է, որ թուրք մտաւորականները արտայանձնեն Պաքուին.- «Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը եղբայրական պետութիւններ են: Վստահ եմ` շուտով անոնք կ՛արտայանձնուին»:
Այս մտածողութիւնը կը խօսի այն մասին, որ խորհրդարանական մակարդակով արդէն խնդրոյ առարկայ կը դառնան թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները: Թէ` «վստահ եմ շուտով կ՛արտայանձնուին Ատրպէյճանին» յայտարարութիւնը եւ անոր յաջորդած միտքը, թէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը եղբայրական պետութիւններ են, կը նշանակէ, որ արտայանձնումը չիրականանալու պարագային կրնան վտանգուիլ Անգարայի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները:
Մինչ այժմ պաշտօնական Անգարայի կողմէ որեւէ համարժէք արձագանգ չկայ. Թուրքիոյ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան երեսփոխաններէն Աթիլլա Քայանը եւս դատապարտած է թուրք մտաւորականներու այցելութիւնը Արցախ եւ զանոնք անուանած ծպտեալ հայեր: Ըստ անոր, անոնք դաւաճանած են Թուրքիոյ` Արցախի մէջ՝ կատարելով հայամէտ յայտարարութիւններ, որոնք կ՛աջակցին «Ատրպէյճանի 20 տոկոսը գրաւած Հայաստանին»: Եթէ մանրադիտակով քննենք այս մէջբերումը, կ՛եզրակացնենք, որ այցելութիւնը պարզապէս դատապարտելի է, մինչ դաւաճանութիւնը այնտեղ յայտարարութիւն կատարելն է:
Պաշտօնական առումով Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը «Ատրպէյճանի պետական սահմանը անօրինական կերպով հատելու» մեղադրանքով հետաքննութեան սկսած է 22 Սեպտեմբերին ճանաչողական նպատակով Արցախ այցելած 4 թուրք հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային գործիչներու նկատմամբ:
Ի հարկէ Ատրպէյճանի դատախազութիւնը չէր կրնար ինքնուրոյն շարժիլ. այս քայլը բնականաբար թելադրուած է վերեւներէն, ուղղակի Ալիեւ ընտանիքէն: Ատոր համար ալ տակաւին նոյն մակարդակով արձագանգ չէ հնչած գործընկեր Անգարայէն:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնած է, որ «ասիկա որոշ թուրք քաղաքացիներու անձնական սադրիչ գործողութիւնն էր` Թուրքիոյ հայկական լոպիին հովանաւորութեամբ, եւ անոնք բոլորը արդէն մտած են արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցուցակ»ին մէջ: Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ թուրք քաղաքացիներու Արցախ այցելութեան կապակցութեամբ արդէն քննութիւնը սկսած է:
Թէ՛ ընդհանուր դատախազութեան եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակներով ուրեմն թրքական հարթութեան վրայ համարժէք արձագանգներ չեն հնչած:
Այս իրադարձութիւնները կ՛արձանագրուին ուղիղ Լափշինի նկատմամբ շնորհուած ներումէն ետք: Ինչ որ նաեւ կը խօսի այն փաստին մասին, որ արտայանձնումները, հետախուզում յայտարարելը, նոյնիսկ իբրեւ պատժամիջոց կալանքը իրենց ազդեցութիւնը չեն կրնար ունենալ Արցախ այցելութիւններու հոսքին վրայ: «Սեւ ցուցակ»ի իմաստազրկումը հեղինակազրկումն է Պաքուին:
Այս նախադէպը կրնայ դուռ բանալ Թուրքիոյ այլ քաղաքացիներու այցելութիւններուն: Թուրքիոյ համապատասխան մարմինները նեղ ընտրութիւն կատարելու առջեւ կանգնած են` իրենց քաղաքացիները արտայանձնելու առումով:
Չէ բացառուած, որ այցելութիւններու բաղադրութիւնը որոշակի փոփոխութեան ենթարկուի եւ Արցախ յայտնուին նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ: «Սեւ ցուցակ»ը արդէն ներառած է թուրքերը: Գուցէ ներառէ նաեւ ատրպէյճանցիներ: