Սեւան Նշանեան կը ստանայ Հ.Հ. անցագիր

Սեւան Նշանեան կը ստանայ Հ.Հ. անցագիր

0
10372

Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած ­­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ, մտա­ւո­րա­կա­ն­ եւ լե­զո­ւա­բան ­­Սե­ւան Ն­շա­նեա­ն ս­տա­ցաւ Հ.Հ. ան­ցա­գիր։ Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Մա­յիս 2019ին, Հ.Հ. Ա­թէն­քի դես­պա­նա­տան մէջ։ ­Հա­յազ­գի մտա­ւո­րա­կա­նը յու­զու­մով յայտ­նեց թէ, — «Ան­գամ մը եւս հպար­տու­թիւն զգա­ցի մաս կազ­մե­լուս համար աշ­խա­տա­սէր եւ խա­ղա­ղա­սէր ազ­գի մը, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին կան­գուն մնա­ցած է լոկ իր աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ»։ Ան նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին, Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մօտ դես­պան ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեա­նին եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք օգ­տա­կար ե­ղան իր այս պա­տի­ւին ար­ժա­նա­նա­լուն հա­մար։