Պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կան, լե­զո­ւա­բան ­Սե­ւան Ն­շա­նեան պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րո­ւած է փա­խուս­տի մէջ գտնո­ւող, զայն կա­լա­նա­ւո­րե­լու մա­սին ո­րո­շում կայ,- կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»: Ն­շա­նեան, որ 2014 թո­ւա­կա­նէն բանտ կը գտնո­ւէր եւ 17 տա­րո­ւան ա­զա­տազրկ­ման դա­տա­պար­տո­ւած էր, ­Յու­լիս 14ին օգ­տո­ւած էր բան­տէն դուրս գա­լու թոյլ­տո­ւու­թե­նէն, սա­կայն ետ չէր վե­րա­դար­ձած բանտ: ­Քա­նի որ լե­զո­ւա­բա­նը 48 ժա­մո­ւան ըն­թաց­քին հրա­ժա­րած էր յանձ­նո­ւե­լէ, զայն ­Յու­լիս 16ի ա­ռա­ւօ­տէն յայ­տա­րա­րած են փա­խուս­տի մէջ գտնո­ւող: Ն­շա­նեա­նը փա­խուս­տի մա­սին յայտ­նած էր թո­ւի­թը­րեան իր է­ջին մէջ ը­սե­լով՝ «Թռ­չու­նը թռաւ. տա­րո­սը մնա­ցած ութ­սուն մի­լիո­նին»:
Թր­քա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կան Ն­շա­նեան խոս­տա­ցած էր, որ երբ ժա­մա­նա­կը գայ, ման­րա­մաս­նօ­րէն պի­տի պատ­մէ, թէ ինչ­պէ՛ս փա­խած է բան­տէն: ­Խօ­սե­լով այն մա­սին, թէ ին­չո՛ւ նման ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է` 2014 թո­ւա­կա­նէն ա­զա­տազրկ­ման մէջ գտնո­ւող լե­զուա­բա­նը ը­սած է.- «Մ­տա­ծե­ցի, որ 3,5 տա­րին ար­դէն բա­ւա­կան է, ե­կած է ժա­մա­նա­կը, երբ պէտք է շունչ քա­շել: ­Սա է ա­մէ­նը: Ն­ման պայ­ման­նե­րու մէջ ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցի ­Թուր­քիոյ թե­րու­թիւն­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով դուրս գա­լու պե­տու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թեան տա­րած­քէն»: «­Թուր­քիա­յէն փախ­չի­լը շատ հեշտ է: Ինչ­պէս կը տես­նէք, լաւ գու­մա­րի առ­կա­յու­թեան պա­րա­գա­յին բո­լորն ալ կրնան փախ­չիլ: ­Կա­ռոյց­նե­րու մէջ ե­թէ գու­մա­րը տաս անվ­տան­գու­թեան՝ շատ հան­գիստ կրնաս փախ­չիլ»,- ը­սած է ան: