Մարտ 10ին ­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ըն­դու­նած է պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Հա­յաս­տան գտնո­ւող ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Քո­ծիա­սը:
Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը` ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ընդգծած է, որ հայ-յու­նա­կան առն­չու­թիւն­նե­րը հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նին, եւ այդ պատ­մու­թիւ­նը լի է բա­րե­կա­մու­թեան բազ­մա­թիւ դրսե­ւո­րում­նե­րով, ո­րուն հի­ման վրայ` ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ի վեր ան­ցած 25 տա­րի­նե­րուն եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րը ձե­ւա­ւո­րած են սերտ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ:
­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան նշած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի ցան­կու­թիւնն է` ա­ւե­լի խո­րաց­նել ու ընդ­լայ­նել առ­կայ փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի հետ, աշ­խու­ժաց­նել քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, նոր թափ հա­ղոր­դել տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն` զա­նոնք հասց­նե­լով քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կի:
­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Քո­ծիաս նշած է, որ այդ հար­ցով բո­լո­րո­վին հա­մա­ձայն է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հետ եւ կը կար­ծէ, որ բա­րե­կա­մա­կան այդ խոր զգա­ցում­նե­րը, ո­րոնք հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րա­րու նկատ­մամբ կը տա­ծեն, անհ­րա­ժեշտ է ամ­րապն­դել բո­լոր մար­զե­րուն մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն զար­գաց­նե­լով: Ան վստա­հե­ցու­ցած է, որ ­Յու­նաս­տա­նը ու­նի ա­տի­կա ի­րա­կա­նաց­նե­լու քա­ղա­քա­կան կամ­քը, ո­րուն հա­մար կայ է նաեւ ի­րա­ւա­կան հիմք` ստո­րագ­րո­ւած ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նեակ հա­մա­ձայ­նա­գիր­ներ: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը եր­կուս­տեք կա­րե­ւոր նկա­տած են կրթու­թեան, նե­րա­ռեալ զի­նուո­րա­կան կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի, տնտե­սու­թեան, փո­խադ­րու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ շարք մը այլ մար­զե­րու մէջ  հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի ի­րա­կա­նա­ցու­մը:
­Նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Քո­ծիաս ընդգ­ծած է, որ առ­կայ են բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ գոր­ծըն­կե­րու­թիւն հաս­տա­տե­լու հա­մար: