­Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով ­Քա­թար գտնո­ւող նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան Եր­կու­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Քա­թա­րի հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: Հ.Հ. նա­խա­գա­հը հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով՝ նշե­լով, որ ու­րախ է ­Քա­թա­րի նո­րա­կազմ, փոք­րա­թիւ, բայց ու­ժեղ հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար: ­Սերժ ­Սարգ­սեան ող­ջու­նե­լի հա­մա­րեց, որ ապ­րե­լով եւ ա­րա­րե­լով ­Քա­թա­րի մէջ, հայ հա­մայն­քը իր ներդ­րու­մը կը բե­րէ այդ երկ­րի զար­գաց­ման գոր­ծին՝ փոր­ձե­լով պահ­պա­նել հայ­կա­կա­նու­թիւնն ու հայ ո­գին: Այս գոր­ծին մէջ, նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան կա­րե­ւոր հա­մա­րեց ­Մես­րո­պեան միօ­րեայ վար­ժա­րա­նին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը:
Ն­ման պայ­ման­նե­րու մէջ, ըստ նա­խա­գա­հին, նո­րո­վի կ­՛ար­ժե­ւո­րո­ւին ­Ծո­ցի ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րուն մէջ հայ գա­ղութ­նե­րու գո­յու­թիւնն: ­Սերժ ­Սարգ­սեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ­Հա­յաս­տան-­Քա­թար երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կայ չօգ­տա­գոր­ծո­ւած մեծ նե­րուժ, եւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի ա­ջակ­ցու­թեամբ պէտք է ջան­քեր գոր­ծադ­րել՝ նոր բո­վան­դա­կու­թիւն հա­ղոր­դե­լու այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: Հ.Հ. նա­խա­գա­հը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Լ.Ղ. հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան կող­մի դիր­քո­րո­շում­նե­րը եւ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ներ­կա­յիս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը: «Այ­սօր ալ կը յայ­տա­րա­րեմ, որ գնա­հա­տե­լով խա­ղա­ղու­թեան ար­ժէ­քը՝ մենք եր­բեք չենք երկնչիր միաս­նա­կան բռունցք դառ­նա­լու եւ տէր կանգ­նե­լու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ար­դա­րա­ցի պա­հան­ջին, ինչ­պէս այդ մէ­կը ը­րած ենք քա­ռորդ դար ա­ռաջ, այն­պէս ալ ան­ցեալ տա­րուան Ապ­րի­լին»,- ընդգ­ծեց նա­խա­գա­հը: