Հայաստանի Ազգային ժողովը բաց քուէարկութեամբ Հայաստանի վարչապետ ընտրեց Սերժ Սարգսեանը: Անոր օգտին քուէարկեցին 77 պատգամաւորներ, դէմ՝ 17: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին Ազգային ժողովի «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն» եւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները: Ըստ սահմանադրութեան՝ Հանրապետութեան նախագահը անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած թեկնածուն:
Առնուազն 100 հազարներու կրնանք համոզել Հայաստան ներգաղթել.
Այդ առումով կ՛ապաւինիմ նաեւ Հ.Յ.Դ.ի աջակցութեան
Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի հաստատենք Հայաստանի զարգացման մինչեւ 2030 թուական ռազմավարութիւնը, ուր ներառուած պիտի ըլլան բազմաթիւ դրոյթներ նաեւ մինչեւ 2040 թուականը մեր անցնելիք ճանապարհը:
Ան յայտնեց, որ այդ ծրագիրը ներկայացնելէ ետք, բոլորին համար հասկնալի պիտի ըլլայ, որ մինչեւ 2040 թուականը 4 միլիոն քաղաքացի ունենալու յայտարարութիւնը ո՛չ միայն յայտարարութիւն էր, այլ իրատեսական էր եւ անպայման պիտի իրականացուի:
«Այդ առումով կ՛ապաւինիմ նաեւ Հ.Յ.Դ.ի աջակցութեան, որ այդ հարցով լաւագոյն օժանդակութիւնը կրնայ ապահովել», ըսաւ Սարգսեան:
«Անշուշտ, հասկնալի է, որ չենք կրնար միլիոնաւոր մարդոց համոզել Հայաստան գալ, բայց առնուազն 100 հազարներու կրնանք, որովհետեւ բոլորը չեն որ Հայաստանէն արտագաղթելով՝ հասած են իրենց երազանքի իրականացման եւ որոշ տնտեսական պայմաններ ապահովելու պարագային, անոնք գոնէ պիտի սկսին այդ ուղղութեամբ մտածելու: Իսկ եթէ յաջողինք խաղաղ ճանապարհով լուծելու նաեւ մեր անվտանգութեան հարցերը, կը կարծեմ, որ ներգաղթը շատ էական պիտի ըլլայ»,- յայտարարեց Սարգսեան:
Սարգսեան յայտնեց, որ ինք չի կրնար յայտարարել, որ տեսանելի ապագային մեր երկիրը դրախտի պիտի նմանի՝ աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է ըլլալու կառավարութեան եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան միջեւ հակասութեան բացառման երաշխաւորը։
«Այսօր այս ամպիոնին կանգնած է ոչ թէ անհատ քաղաքական, պետական գործիչ Սերժ Սարգսեանը, ոչ հանրապետութեան երրորդ նախագահը, անոնցմէ ոչ մէկը այստեղ գործ ունի ընելու»,- ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին, Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, իր ելոյթին մէջ ըսաւ Սարգսեան:
«Այսօրուան քուէարկութեամբ դրուած չէ մէկուն կամ միւսին հաւանութիւն տալու կամ չտալու հարցը, այսօր այս ամպիոնէն ելոյթ կ՛ունենայ խորհրդարանի քաղաքական մեծամասնութիւնը կազմող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահը: Ես այստեղ եմ նախ եւ առաջ իբրեւ իշխող կուսակցութեան ղեկավար՝ յօգուտ իմ թեկնածութեան ըսելու, որ ունիմ բաւարար ազդեցութիւն եւ հնարաւորութիւններ ստանձնած քաղաքական պատասխանատուութեան ծիրին մէջ ապահովելու խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժի ներդաշնակ աշխատանքը իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր թեւերուն մէջ»,- յայտարարեց Սարգսեան՝ շարունակելով.- «Կառավարման խորհրդարանական համակարգը կը բացառէ հակասութիւնը կառավարութեան եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան միջեւ՝ ես պատրաստ եմ ըլլալու այդպիսի հակասութեան բացառման երաշխաւորը»: