Սերժ Ա­ւե­տի­քեա­նի «Celui qu’on attendait» նոր ժա­պա­ւէ­նին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը

0
1219

Յու­նիս 9ին, Կ­րը­նոպ­լի «­Մե­լի­յէս» շար­ժան­կա­րի սրա­հին մէջ, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ դե­րա­սան եւ բե­մադ­րիչ ­Սերժ Ա­ւե­տի­քեա­նի «Celui qu’on attendait» նոր ժա­պա­ւէ­նը, վեր­ջի­նիս ներ­կա­յու­թեամբ։ 90 վայր­կեան­նոց ժա­պա­ւէ­նին գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­ներն են ­Փաթ­րիք ­Շէ­նէ եւ Ար­սի­նէ ­Խան­ճեան։

Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած էին «­Մե­լի­յէս»ի տնօ­րէ­նը եւ ­Հայ Մ­շա­կոյ­թի ­Տու­նը, յան­ձին՝ նա­խա­գա­հու­հի ­Սի­րա­նոյշ ­Խա­չատ­րեա­նի, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Աստ­ղիկ ­Պա­լո­յեա­նի։ ­Ժա­պա­ւէ­նի նիւ­թը յղա­ցած են ­Ժան-Ֆ­րան­սո­ւա Տէ­րէք (դե­րա­սան) եւ ­Լօ­ռան ­Ֆի­րօտ, ո­րոնց­մէ ներշն­չո­ւե­լով Ա­ւե­տի­քեան ա­լե­կոծ կեան­քի պատ­մու­թեան մը վե­րա­ծած է զայն։
Ժա­պա­ւէ­նը նկա­րա­հա­նո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րուն մէջ, ուր գիւ­ղե­րու բնակ­չու­թիւ­նը դա­ժան կեանք կ­՚ապ­րի։ ­Ժա­պա­ւէ­նին հե­րո­սը՝ դե­րա­սան ­Ժան-­Փօլ ­Պոլ­զէք կը ճամ­բոր­դէ Ատր­պէյ­ճան՝ հոն հաս­տա­տո­ւած ֆրան­սա­կան ըն­կե­րու­թեան մը ներ­կա­յաց­նե­լու իր թա­տե­րա­կան ձեռ­նար­կը։ ­Դէ­պի ­Պա­քո­ւի օ­դա­կա­յան վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ, իր վար­ձա­կառ­քը (taxi) կը խան­գա­րո­ւի եւ ան ինք­զինք լքո­ւած կը գտնէ ա­մա­յի ճամ­բու մը վրայ։ Ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու՝ քա­լե­լով մուտք կը գոր­ծէ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նը, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր չյայ­տա­րա­րո­ւած պա­տե­րազ­մի մէջ է իր դրա­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի հետ։ ­Սահ­մա­նա­մերձ ­Խա­չիկ գիւ­ղի հո­վի­տի բնա­կիչ­նե­րը, զինք լրտես կար­ծե­լով, հարց ու փոր­ձի կ­՚են­թար­կեն…։ Ի վեր­ջոյ իբ­րեւ սպա­սո­ւած «մե­սիա» ըն­դու­նո­ւե­լով՝ դե­րա­սա­նը սի­րով կը հիւ­րըն­կա­լո­ւի ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։ (Ա­ւան­դու­թիւ­նը կ­՚ը­սէ, թէ իւ­րա­քան­չիւր հայ կը սպա­սէ, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­տեն Երկ­րէն փա­խուստ տո­ւած իր նա­խա­հայ­րե­րէն մէ­կը օր մը պի­տի գայ ու պի­տի փրկէ զինք)։ Զ­գա­լով, որ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մըն է ե­ղա­ծը, ­Պոլ­զէք կը հա­մա­կեր­պի եւ ըն­կե­րա­նա­լով ե­րի­տա­սարդ այ­րե­րուն կը զբա­ղի բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծե­րով։
Զո­ւար­ճա­խո­հու­թեամբ հա­մե­մո­ւած այս խո­րի­մաստ ֆիլ­մին ցու­ցադ­րու­թեան ա­ւար­տին, ­Սերժ Ա­ւե­տի­քեան հա­ղոր­դակ­ցե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն հետ եւ լու­սա­բա­նեց զա­նոնք։