Նախարարներու հասարակաց որոշումին հիման վրայ, խանութները պիտի շարունակեն փակ մնալ մինչեւ 7 Ապրիլ։ Միաժամանակ, դպրոցները փակ պիտի մնան մինչեւ 27 Ապրիլ, երբ այլեւս աւելի յստակ պիտի դառնայ, եթէ այն թուականէն ետք հնարաւոր պիտի ըլլայ անոնց վերաբացումը։ Առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրները կը շարունակեն շեշտել տուն մնալու անհրաժեշտութիւնը, նշելով թէ Յունաստան լաւ ճամբու մէջ կը գտնուի։ Այսուհանդերձ, մասնագէտներ կը պնդեն, որ 6-8 շաբաթներ անհրաժեշտ են ժահրի տարածման կասեցման համար, ժամանակաշրջան մը՝ որուն ընթացքին հարկ է շարունակել շրջագայութեան սեղմումներու գործադրութիւնը։
Կիրակի երեկոյեան, առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները զեկուցեցին «Քորոնա» ժահրին պատճառով վարակուածներու վերջին տուեալներուն մասին։ Ըստ անոնց տուած տեղեկութիւններուն վարակուածներու թիւը 1156 է, մահացած են 38 անձեր եւ ապաքինած են 52։