Թուր­քիոյ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ­Ժո­ղովր­դա­կան-­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան (CHP-Ժ.Հ.Կ.) պոլ­սա­հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Սե­լի­նա ­Տո­ղան երկ­լե­զու «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թը կա­լա­նա­վայր­նե­րու մէջ ար­գի­լե­լու հար­ցը բարձ­րա­ցու­ցած է ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի կայ­քը: ­Սե­լի­նա ­Տո­ղան ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Աբպտւլ­հա­միտ ­Կիւ­լի ուղ­ղո­ւած հար­ցապն­դում ներ­կա­յա­ցու­ցած է` պա­հան­ջա­լով պար­զա­բա­նել ձեր­բա­կա­լո­ւած ի­րա­ւա­պա­պաշտ­պան­նե­րուն սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րը, ո­րոնք կը կա­տա­րո­ւին ­Թուր­քիոյ մէջ շա­րու­նա­կո­ւող ար­տա­կարգ դրու­թեան պատ­րո­ւա­կով:
­Տո­ղա­նը հար­ցապնդ­ման մէջ հե­տե­ւեալ հար­ցում­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է.
1.- Ի՞նչ հիմ­նա­ւո­րու­մով «Ա­կօս» թեր­թը չեն տո­ւած ­Սի­լիվ­րի բան­տին մէջ պա­տիժ կրող Օզ­լեմ ­Տալ­քը­րա­նին:
2.- Ո՞ր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը ար­գի­լո­ւած են կա­լա­նա­ւոր­նե­րուն հա­մար:
3.- ­Կա՞ն գործ­նա­կա­նօ­րէն կի­րա­ռո­ւող չա­փո­րո­շիչ­ներ, ո­րոնք կար­գա­ւո­րո­ւած չեն ի­րա­ւա­կան սահ­մա­նա­փա­կու­մով, եւ ո­րոնց մա­սին հա­սա­րա­կու­թիւ­նը տե­ղեակ չէ:
­Յի­շեց­նենք, որ Ժ.Հ.Կ. պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Շէ­նալ ­Սա­րը­հան ու ­Ջան­տան Եու­ջէեր այ­ցե­լած էին կա­լա­նա­ւո­րո­ւած ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րուն: ­Կա­լա­նա­ւո­րո­ւած ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րը պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն յայտ­նած են, որ ­Թուր­քիոյ մէջ շա­րու­նա­կո­ւող ար­տա­կարգ դրու­թեան պատ­րո­ւա­կով՝ կա­լա­նա­վայ­րին մէջ կ­՛ոտ­նա­հա­րո­ւին ի­րենց շարք մը ի­րա­ւունք­նե­րը (տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն ստա­նա­լու, ըն­կե­րա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու, փաս­տա­բան­նե­րու հետ հան­դի­պե­լու եւ այլն):
­Թուր­քիոյ մէջ գոր­ծող «­Հայ­րե­նակ­ցու­թիւն» միու­թեան հիմ­նա­դիր ան­դամ, ի­րա­ւա­պաշտ­պան Օզ­լեմ ­Տալ­քը­րա յայտ­նած է, որ կա­լա­նա­վայ­րի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ի­րեն թոյլ չի տար կար­դա­լու «Ա­կօս» թեր­թը` ակն­յայ­տօ­րէն խախ­տե­լով տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն ստա­նա­լու իր սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւուն­քը: