Կազմակերպութեամբ Ազգային Դրամատան Կրթական Հիմնադրամին (Το Μορφωτικό Ίδρυμα Εθνικής Τραπέζης), Ուրբաթ՝ 16 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Ազգային Դրամատան Կրթական Հիմնադրամի գրատան մէջ բացումը կատարուեցաւ Սերօ Աբրահամեանի՝ յունական նորաձեւութեան աշխարհահռչակ յառաջատարին նուիրուած ցուցահանդէսին, ներկայութեամբ յոյն, օտար եւ հայ մշակութասէրներու։
Խօսք առաւ Ազգային Դրամատան Կրթական Հիմնադրամի Թեսաղոնիկէի մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Եաննիս Էբամինոնտաս եւ ներկայացուց Սերօ Աբրահամեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ցուցահանդէսին մասին փոխանցեց տեղեկութիւններ։ Ապա՝ Սերօ Աբրահամեանի եղբայրը եւ միաժամանակ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Արթին Աբրահամեան իր շնորհակալական ու երախտագիտական խօսքը արտասանեց։
Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, ազգգային կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի մշակութասէրներ։
Աւարտին, ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին եւ գնահատանքով արտայայտուեցան ցուցահանդէսի կազմակերպուածութեան համար։
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի
Βιβλιοπωλείο Θεσσαλονίκης, Τσιμισκή 11 հասցէին
մինչեւ Կիրակի՝ 30 Դեկտեմբեր 2018, հետեւեալ ժամերուն.-
Երկուշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերը՝ առաւօտեան ժամը 9։00-15։30։
Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 9։00-20։00։
Իսկ Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 9։30-16։00։