Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական-Ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան խորհրդարանին մէջ բարձրացուցած է թրքական մամուլին մէջ դրսեւորուած հայերու հանդէպ ատելութեան հարցին մասին նիւթերու մտահոգիչ վիճակագրութիւնը: Այս մասին «Թերթ»ին յայտնած են Տողանի մամլոյ ծառայութենէն:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը հրապարակած էր թրքական մամուլին մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու հանդէպ ատելութեան դրսեւորումներու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն մը, ըստ որուն՝ 2017ի Յունուարէն Ապրիլ ժամանակահատուածին, թրքական մամուլին մէջ ազգայնական ձեւակերպումներուն եւ ատելութեան այլ դրսեւորումներու առաւելաբար թիրախ դարձած են հայերը:
Տարուան առաջին 4 ամիսներու ընթացքին, թրքական 70 լրատուամիջոցներու մէջ տեղ գտած են ազգայնական բնոյթ ունեցող 1876 յօդուածներ կամ լուրեր, որոնց մէջ 58 տարբեր ցեղային եւ կրօնական խումբերու հասցէին հնչած են 2335 ցեղապաշտական ձեւակերպումներ:
Ատելութեան դրդող ազգայնական ձեւակերպումներէն 439ը վերաբերած են հայերուն, 433ը՝ սուրիացիներուն, 298ը՝ հրեաներուն, 2010ը՝ ընդհանուր քրիստոնեաներուն, 198ը՝ Յունաստանի յոյներուն, 166ը՝ Թուրքիոյ յոյներուն:
Սելինա Տողան ներկայացուցած է այս մտահոգիչ թիւերը թուրք պատգամաւորներուն եւ կոչ ըրած՝ խորհելու այս իրավիճակին մասին:
Հայ պատգամաւորը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ ժողովուրդին մօտ ատելութիւն սերմանելու հարցին մէջ մեծ դեր ունի քաղաքական գործիչներու ընտրած հռետորաբանութիւնը։ Տողան կոչ ըրած է պատգամաւորներուն՝ այսուհետեւ աւելի ուշադիր եւ նրբանկատ գտնուելու իրենց կիրարկած բառերուն եւ արտայայտութիւններուն նկատմամբ:
Սելինա Տողան
Սելինա Տողան մամուլին մէջ դրսեւորուած հայերու հանդէպ ատելութեան հարցը ներկայացուցած է խորհրդարանին