Թիֆլիսի մէջ 19րդ դարու հայկական՝ Շամխորեցիներու կամ Կարմիր Աւետարանի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին կը համարուի Թիֆլիսի 6, այսպէս կոչուած, «վիճելի» եկեղեցիներէն մէկը: Երբեմնի հայաշատ Հաւլաբարի ժամանակին ամենաբարձր գագաթով խոնարհուած եկեղեցին, կամ՝ այն, ինչ մնացած է անկէ, ներկայիս կը պատկանի Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան նախարարութեան:
Ըստ Aliq.geի՝ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 5էն եկեղեցւոյ յարակից տարածքին շինարարութիւն սկսած է: Շինարարական աշխատանքները իրականացնող «Հորիզոն» Ս.Պ.Ը.ին տրուած են բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը:
Շինարարութիւնը կ՝ընթանայ եկեղեցիէն ընդամէնը 5 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Լրատուամիջոցի նկարահանող խումբը եկեղեցւոյ տարածքին հանդիպած է յուշարձաններու պաշտպանութեան գործակալութեան աշխատակիցներէն մէկուն, սակայն անոր հետ չէ յաջողած խօսիլ, քանի որ վերջինս տեսախցիկը տեսնելուն պէս լքած է տարածքը:
Վիրահայոց թեմի մամուլի եւ լրատուութեան հարցերով պատասխանատու Սուսաննա Խաչատրեանի խօսքերով՝ դեռ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 8ին թեմին կողմէ նամակ ներկայացուած է Վրաստանի յուշարձաններու պաշտպանութեան ազգային գործակալութեան, որ սակայն մնացած է անպատասխան: «Երկու օր առաջ, «Թիֆլիսի համքարներ» հասարակական կազմակերպութիւնը կրկին բարձրացուցած է այդ հարցը, արդէն շեշտադրումը դնելով այն բանի վրայ, որ ընդամէնը 5-6 մեթր հեռաւորութեան վրայ ընթացող շինարարութիւնը կրնայ վնաս պատճառել եկեղեցիին եւ նպաստել անոր ոչնչացման: Վտանգ կը սպառնայ արեւելեան պատին՝ այդ կանգուն մնացած միակ պատին փլուզման:
Վիրահայոց թեմի իրաւաբանական բաժինը նամակ գրած է քաղաքապետարանին եւ նախարարութեան, որպէսզի միջոցներ ձեռնարկուին եկեղեցւոյ փլատակները պահպանելու համար, ինչպէս նաեւ դադրեցուին շինարարական աշխատանքները»,- ըսած է Սուսաննա Խաչատրեան:
Վերջինս նաեւ աւելցուցած է, որ հայաստանեան առաքելական եկեղեցւոյ համար Շամխորեցիներու Սբ. Աստուածածինը վիճելի չի դիտարկուիր, հաւանաբար վրաց ուղղափառ եկեղեցին զայն վիճելի կը համարէ, անոր համար ալ սառեցուած է եկեղեցւոյ հարցին լուծումը: «Սակայն ամէն ինչէ զատ անիկա մշակութային կոթող է` կը գտնուի Վրաստանի մէջ եւ անոր անվտանգութեան հարցով պատասխանատու է Վրաստանի յուշարձաններու նախարարութիւնը: Մենք կ՝ահազանգենք եւ յոյս ունինք, որ Վրաստանի իշխանութիւնները պատշաճ մօտեցում պիտի ցուցաբերեն»:
Նշենք, որ շինարարական արտօնութեան փաստաթուղթէն կարելի է ենթադրել, որ կառուցուող շինութիւնը բնակելի շէնք պիտի ըլլայ, կամ` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ շինարարութիւնը կ՝ընթանայ վայրի մը մէջ, ուր կը գործեն շարք մը հիւրանոցներ, շինութիւնը կրնայ նախատեսուած ըլլալ ծառայութեան ոլորտի համար: Շինարարութեան համար պատասխանատու անձ կը հանդիսանայ Իրագլի Գէսելիան, որուն հեռախօսահամարը նոյնպէս նշուած է:
Սբ. Աստուածածինը վտանգի տակ է
Թիֆլիսի մէջ Շամխորեցիներու Սբ. Աստուածածինը վտանգի տակ է