­Շա­բաթ՝ 12 ­Սեպ­տեմ­բեր 2020-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ­Գո­մո­թի­նիի «­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի։
Օ­րո­ւան պա­տա­րա­գիչն էր ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան։
­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ սար­կա­ւա­գա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն ձե­ռամբ Սր­բա­զան հօր եւ խար­տա­ւի­լա­կու­թեամբ Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի։ ­Սար­կա­ւա­գա­կան կարգ ստա­ցան կի­սա­սար­կա­ւագ­ներ ­Մար­կոս ­Պար­տագ­ճեան եւ ­Գէորգ ­Քի­լին­կա­րի­տիս։
­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նաեւ շրջա­նի ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
­Ձեռ­նադ­րու­թեան ա­ւար­տին, Սր­բա­զան հայ­րը իր սրտի խօս­քին մէջ, նո­րոգ ձեռ­նադ­րեալ սար­կա­ւագ­նե­րուն պատ­գա­մեց ը­սե­լով՝ «Ոե­ւէ մէ­կը զԱս­տո­ւած չէ տե­սած բա­ցի Աս­տու­ծոյ Որ­դիէն, բայց դուք ձեր ծա­ռա­յու­թեամբ եւ նո­ւի­րուա­ծու­թեամբ պի­տի փոր­ձէք ձեր կա­րե­լին ը­նել, որ­պէս­զի ձեր հո­գիի աչ­քե­րով տես­նել զԱս­տուած։ ­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի տես­նէք, որ ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ բան չկայ քան ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռայ ըլ­լա­լը։ ­Հե­տե­ւա­բար, ու­րա­խու­թիւնս կ­՚ու­զեմ յայտ­նել ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ եր­կու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն, ո­րոնք ան­սա­կարկ կեր­պով եւ ա­ռանց ո­րե­ւէ մէկ ճիգ խնա­յե­լով, կարճ շրջա­նի ըն­թաց­քին ծաղ­կե­ցու­ցին ե­կե­ղե­ցի­նե­րը՝ ա­նոնց սպա­սա­ւոր­ներ տրա­մադ­րե­լով»։
Սր­բա­զա­նը հայ­րը, իր հայ­րա­կան պատ­գա­մի ա­ւար­տին, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի խօս­քը մէջ­բե­րե­լով ը­սաւ, թէ ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն պէտք է ըն­ծա­յո­ւի այ­սօր մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տեց­նե­լու եւ ե­կե­ղե­ցին դէ­պի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դե­լու աշ­խա­տան­քին։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը այ­սօր տար­բեր մտա­ծում­ներ, մտա­հո­գու­թիւն­ներ ու մօ­տե­ցում­ներ ու­նի, ո­րով­հե­տեւ տար­բեր աշ­խար­հի մէջ կ­՚ապ­րի։ Ե­կե­ղե­ցին պէտք է հա­մա­պա­տաս­խան մօ­տե­ցում որ­դեգ­րէ։ ­Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ է, որ մեր ե­կե­ղե­ցին լուրջ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը իր բո­լոր ե­րես­նե­րով։ Այս է ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ո­գին, շունչն ու ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Սր­բա­զան հայ­րը, շնոր­հա­ւո­րե­լով նո­րոգ ձեռ­նադ­րեալ սար­կա­ւագ­նե­րը, գնա­հա­տեց ի­րենց լուրջ մօ­տե­ցու­մը ե­կե­ղե­ցա­կան այս աս­տի­ճա­նի ստանձ­ման նկատ­մամբ, ո­րուն հի­ման վրայ ը­սաւ, որ վստա­հօ­րէն միշտ պատ­րաստ պի­տի ըլ­լան ան­սա­կարկ կեր­պով ծա­ռա­յե­լու Աս­տու­ծոյ Ս. ­Սե­ղա­նին։
Անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նին մէջ յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տին հաս­նե­լուն, գնա­հա­տեց ­Հայր սուր­բի կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը շրջա­նէն ներս՝ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան մար­դուժ պատ­րաս­տե­լու գծով, ո­րուն ա­պա­ցոյցն է եր­կու սար­կա­ւագ­նե­րու ձեռ­նադ­րու­թի­ւը եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. ­Պա­տա­րագ­նե­րուն հա­մար երգ­չա­խում­բի կազ­մու­թիւ­նը, զոր «­Մե­ղե­դի» կո­չեց։ Ա­ւար­տին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղո­կո­սին կող­մէ լան­ջա­խաչ կրե­լու շնոր­հած ի­րա­ւուն­քին հա­մա­ձայն, ­Հայր սուր­բին վի­զէն կա­խեց վար­դա­պե­տա­կան լան­ջա­խաչ, ո­րուն կնքա­հայ­րը ե­ղաւ Ա­լեք­սանտրու­պոլ­սոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պ. Գ­րի­գոր ­Գուր­պա­նեան։

Այ­ցե­լու­թիւն ­Գո­մո­թի­նիի մետ­րո­պո­լի­տին

­Հինգ­շաբ­թի՝ 10 ­Սեպ­տեմ­բեր 2020-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի, այ­ցե­լեց ­Մա­րո­նիա­սի եւ ­Գո­մո­թի­նիի մետ­րո­պո­լիտ ­Փան­տե­լէի­մո­նին, հա­մա­ձայն Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր որ­դեգ­րած գոր­ծե­լա­ձե­ւին՝ ա­մէն ան­գամ հա­յաբ­նակ քա­ղաք մը այ­ցե­լե­լու առ­թիւ հան­դի­պիլ շրջա­նի մետ­րո­պո­լի­տին։
Եղ­բայ­րա­կան սի­րոյ ող­ջոյ­նի փո­խա­նա­կու­մէն ետք, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց դար­ձեալ ­Գո­մո­թի­նիի շրջա­նը այ­ցե­լե­լուն հա­մար, պար­զե­լով, որ ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով, քա­նի մը ան­գամ յե­տաձ­գո­ւե­լէ ետք, շրջա­նը կ­՚այ­ցե­լէ օգ­նա­կան հո­գե­ւոր հո­վի­ւին` Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի յանձ­նուած ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տին, ­Հայր սուր­բի աշ­խա­տան­քը գնա­հա­տե­լու եւ նոր ա­ռա­քե­լու­թեան ող­ջերթ մաղ­թե­լու հա­մար:
­Մետ­րո­պո­լի­տը նաեւ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց Սր­բա­զան հօր հետ հան­դիպ­ման հա­մար եւ յա­ջո­ղու­թիւ­նը մաղ­թեց այս այ­ցե­լու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

ԹՂԹԱԿԻՑ