Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով աշխատանքային այցով ժամանած է Մոսկուա: Առաւօտեան Հանրապետութեան նախագահը այցելած է հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան եւ «Սուրբ Պայծառակերպութիւն» Մայր տաճար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հ.Հ. նախագահի կապի վարչութիւնը:
Մոմավառութենէ եւ գովաբանական աղօթքին մասնակցելէ ետք, նախագահ Սարգսեան՝ թեմի առաջնորդ Եզրաս Արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի, համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանէն ժամանած մշակութային գործիչներու ուղեկցութեամբ՝ դիտած է եկեղեցական համալիրի տարածքին ներկայացուած ժամանակակից հայկական խաչքարերու ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած են քանդակագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հեղինակած շուրջ երկու տասնեակ խաչքարեր:
Այնուհետեւ, նախագահը եկեղեցական համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ դիտած է «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»ու ծիրէն ներս բացուած հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի հիմնադրման 300ամեակին նուիրուած «Բիբլիական երկիր Հայաստան» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ ունի երկու մեծ բովանդակային բաժիններ. Հայաստանի պատմութիւնը ա.) պրոնզէ դարէն մինչեւ Ուրարտու եւ բ.) քրիստոնէութեան ընդունումէն մինչեւ մեր օրերը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են եկեղեցական իրեղէններ, հնագոյն ձեռագիրներ, հին դրամներ եւ յուշաշքանշաններ, եզակի գտածոներ, հայ նշանաւոր նկարիչներու կտաւներ։
Նախագահ Սարգսեան, 15 Նոյեմբերին, Քրեմլինի պալատին մէջ հանդիպած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Բանակցութիւններու ընթացքին, ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու օրակարգը եւ երկկողմ միջ-պետական կապերու հետագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերեալ հարցեր:
Նախագահները անդրադարձած են բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան՝ քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Լ.Ղ. հիմնահարցի կարգաւորման գործի ընթացքին: Նախագահ Փութին հանդիպման առիթով յայտարարած է, որ Հայաստանին կը վերադարձնէ գողցուած Վրուպելի նկարը:
Սարգսեան — Փութին
Սարգսեան եւ Փութին անդրադարձան Արցախի հարցի կարգաւորման գործի ընթացքին