Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մօտ Պապական Նուիրակ Մարեք Սոլչինսքի Արքեպիսկոպոսը (նստավայրը Թիֆլիս)` դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Պապական Նուիրակին վերջին հինգ տարիներուն անոր աշխատանքին, Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն եւ անձնական մեծ ներդրումին համար:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ վերջին հինգ տարիները նոր հնչեղութիւն հաղորդեցին Հայաստան-Վատիկան միջ-պետական յարաբերութիւններուն` ամրապնդելով բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ առկայ փոխ-ըմբռնումը: Նախագահ Սարգսեանի համոզումով, այդ ժամանակաշրջանին մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները` Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հիմնումը, բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց կարգին` Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի «Այցելութիւնը առաջին քրիստոնեայ երկիր»` Հայաստան, Պապին կողմէ ի լուր աշխարհի միջ-եկեղեցական պատարագի մատուցումը հայ ժողովուրդի ցեղասպանուած որդիներու յաւերժ յիշատակին, աստուածաշնորհ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի շնորհումը, նոր բովանդակութեամբ հարստացուցին միջ-պետական օրակարգն ու լրացուցիչ կարելիութիւններ բացին համագործակցութեան հետագայ խորացման համար:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Մարեք Սոլչինսքի Արքեպիսկոպոսը իր հետագայ առաքելութեան իրականացման ժամանակ ալ յիշէ Հայաստանը եւ շարունակէ մնալ մեր երկրին եւ ժողովուրդին լաւ բարեկամը:
Սարգսեան ընդունեց Պապական Նուիրակը
Նախագահ Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Պապական Նուիրակը