Օղակ մը եւս պակսեցաւ յունահայ գաղութի երէց սերունդի շղթայէն։ Մօտ ամիս մը առաջ, 10 Մայիսին, իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց հիւսիսային Յունաստանի մէջ վաստակ ու ազգանուէր գործունէութիւն թողած Սարգիս Աշրեանը, կսկիծ ու ցաւ պատճառելով բոլոր անոնց, որոնք մօտէն կը ճանչնային հանգուցեալը եւ անոր անձնաւորութեան մէջ տեսած էին օրինակելի հայրենակիցը, հայոց լեզուի ու գիրի ժիր սիրահարը, ազգային կեանքի ջերմ ջատագովն ու սպասարկողը։
Սարգիս Աշրեան ծնած էր 1932-ին, հիւսիսային Յունաստանի Գավալա քաղաքին մէջ: Հայրը՝ Յակոբ Աշրեան Պրուսացի էր, իսկ մայրը՝ Շնորհիկ Աշրեան Քեմախցի, արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի գիւղէն: Սարգիս յաճախած էր հայկական նախակրթարան եւ եղած էր անուանի գրագէտ ու ուսուցիչ Սօս Վանիի աշակերտը: Ապա շարունակած էր իր ուսումը վաճառականական վարժարանին մէջ եւ աշխատած էր իրենց ընտանեկան սրճագործի խանութը, իր հօր ապա եղբօր՝ Աբրահամին հետ: Ամուսնացած էր 1966-ին Աթէնքէն ընկ. Մաննիկ Պէօրէքճեանին հետ եւ ունեցած են երկու զաւակներ՝ Յակոբը եւ Տիրուհին, իսկ կեանքի ուրախութիւնը ամբողջացած էր իր զաւակներու եւ թոռնիկներու յաջողութիւնները վայելելով, որոնց մղեց գործնական ներկայութիւն ունենալու գաղութային կեանքէն ներս։ Թէ՛ իր զաւակներուն՝ նախ հեռաւոր Գավալայի մէջ, ապա նա՛եւ իր թոռներուն՝ Աթէնքի մէջ, հաւատարմութեամբ փոխանցեց հայ լեզուի ու գիրի սէրը, յորդորելով միշտ մնալ հայախօս ու ծառայասէր։ Ինք եւ իր կողակիցը եղան հիւսիսային Յունաստանի հայ համայնքներու ազգային գործունէութեան տենդագին աշխատողները, ծառայասիրութեան օրինակը դառնալով իրենց շուրջիններուն համար։ Հայեցի կրթութիւնն ու օտար միջավայրերուն մէջ հայու ինքնութիւնը պահելու իրենց ջանքերը դարձան կեանքի նպատակ եւ իրագործում։
Սարգիս երիտասարդ տարիքէն ցոյց տուաւ այն անդիմադրելի սէրը դէպի ամէն ինչ հայկական ու ազգային։ Գավալայի հայ կեանքէն ներս ունեցաւ երկարամեայ եւ օրինակելի ծառայութիւն: 1950-էն մինչեւ 1980, Հ.Գ.Խաչի Գավալայի մասնաճիւղի վարչութեան մէջ վարեց գանձապահի եւ ատենադպիրի պաշտօնները: Իսկ 25 տարիներէ աւելի ծառայեց իբրեւ ատենադպիր Գավալայի թաղային մարմնոյ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ միջթաղային խորհուրդին մէջ: Ունեցած է նաեւ 40 երկար տարիներու մասնակցութիւն միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան մը մէջ իբրեւ գանձապահ, քարտուղար եւ ատենապետ: Կ՚արժէ նշել, որ իր պաշտօններուն շնորհիւ յաջողած էր օտարներուն ծանօթացնել մեր ազգի պատմական ու մշակութային գանձարանը, ինչպէս նաեւ Հայ դատի ազգային պահանջատիրութեան երկարամեայ պայքարը:
Բնատուր հանդարտութիւն մը, ինքնավստահ նկարագիր մը ունէր ան, որ պարուրուած էր խոր համեստութեամբ։ Ազնուական յարգանքի ոչ կեղծ՝ այլ հարազատ բնաւորութեամբ կը վարուէր բոլորին՝ մեծ ու փոքր, իսկ իր հարուստ գիտելիքներու պաշարը ան երբեք չպահեց ինքզինքին համար։ Իր սիրտն ու հոգին բաց էին բոլոր անոնց համար, որոնք փնտռեցին ազնիւ ու սրամիտ զրուցող մը, որ իր միտքի ու սիրտի պահեստը առատօրէն բաժնեց, առանց սակարկութեան։
Զաւակներուն եւ թոռներուն մօտ ըլլալու ջանասիրութեամբ, իր կեանքէն մաս մը անցուց նաեւ Աթէնք եւ ներկայութիւն ունեցաւ գաղութի հրապարակային գործունէութեան մէջ։ Քաջալերեց բոլոր ելոյթները, գնահատանքի խօսքերով խրախուսեց վարչական միաւորները, բոլոր սպասարկուներուն դիմեց ազնիւ յորդորներով, յարգանքով ու պատկարանքով։ Իր կեանքի ամբողջ ընթացքին օրինակելի կանոնաւորութեամբ եղաւ «Ազատ Օր»ի ընթերցողը, թերթին մէջ որոնելով յունահայ կեանքի նուաճումները եւ հայրենիքէն եկող շունչը։
2012-ին, Սարգիս տասնամեակներու վրայ երկարած իր ծառայութեան գնահատանքը ստացաւ Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ 80-ամեակին եւ պարգեւատրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով։ Իր ազգանուէր ծառայութեան համար յուշատախտակով պարգեւատրուեցաւ նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի հարիւրամեակին առիթով, 2010-ին: Վերջին տարիներուն հեռացած էր պաշտօններէ, սակայն մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց հաւատարիմ ազգային ու կրօնական գոյապայքարին:
Թագավարակի արգիլումներուն պատճառով, Սարգիս Աշրեանի թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ուրբաթ՝ 14 Մայիսին, իր ծննդավայրի՝ Գավալայի գերեզմանատան մէջ։ Դագաղը ծածկուած էր Եռագոյն եւ Հ.Օ.Մ.-ի դրօշակներով։ Շրջանի հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան իր քարոզին մէջ վեր առաւ հանգուցեալի ծառայական արժանիքները եւ յանուն Առաջնորդ Սրբազան հօր ու ազգային իշխանութեանց ցաւակցութիւններ փոխանցեց ընտանիքին, հարազատներուն եւ ներկայ եղող բարեկամներուն։ Գավալայի թաղային խորհուրդի անունով յունարէն լեզուով դամբանախօսեց պ. Մարքոս Պարտաքճեան։ Ապա, մարմինը ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Հողը թեթեւ ըլլայ ազնուասիրտ ու տիպար հայրենակիցին վրայ։
Ք.Է.