ՍԱՐԳԻՍ ԱՇՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ « …Այս­պէս սոր­ված ենք»

0
536

Այս տա­րո­ւան Ս. ­Յա­րու­թեան տօ­նին, դար­ձեալ` բայց դժբախ­տա­բար, վեր­ջին ան­գամ հան­դի­պե­ցանք։ ­Քա­նի մը օր ետք, ի­մա­ցայ իր ա­նակն­կալ մա­հո­ւան գոյ­ժը։
­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ սուրբ պա­տա­րա­գին ներ­կայ էր իր ազ­նո­ւա­փայլ ­Տիկ­նոջ՝ ­Ման­նիկ Աշ­րեա­նին հետ։ ­Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն, պար­բե­րա­կան ա­ռիթ­նե­րու Ա­թէն­քի մէջ հան­դի­պե­լով, նոյն կայ­տառ, ա­ռոյգ եւ պիրկ Պրն. ­Սար­գի­սը չէր, ո­րուն ճանչ­ցած էի տա­րի­ներ ա­ռաջ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վո­ւու­թեանս օ­րե­րէն ի վեր։ ­Ներ­կա­յա­նա­լի եւ միշտ կո­կիկ ար­տա­քի­նով, յար­գա­մե­ծար, ազ­նիւ, հան­գա­մանք­նե­րը պա­հող եւ յար­գող, ժպտե­րես, քա­ղա­քա­վար եւ յար­գա­լիր, կշռո­ւած խօս­քե­րով, հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած մարդ, ո­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը հա­ճե­լի է եւ օգ­տա­կար. միշտ գոր­ծու­նեայ, պար­տա­ճա­նաչ եւ նա­խան­ձախն­դիր։
Իր ու­նե­ցած մարդ­կա­յին թէ ազ­գա­յին բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի բազ­մա­բե­ղուն եւ եր­կա­րա­մեայ ե­ղան, շնոր­հիւ սի­րոյ հրաշ­քին, որ իր սիրտն ու կեան­քը կա­պեց նոյն­պի­սի ըն­տա­նե­կան եւ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­ցած յար­գար­ժան ըն­տա­նի­քի դուստր՝ դաս­տիա­րակ ­Ման­նիկ ­Պէօ­րէք­ճեա­նին հետ, ո­րուն ա­ջակ­ցու­թեամբ, դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, բա­նիւ եւ գոր­ծով գոր­ծու­նէու­թեամբ, ­Սար­գիս եւ ­Ման­նիկ Աշ­րեան ա­մո­լը պա­տո­ւա­բեր հայ ըն­տա­նիք կազ­մե­լու կող­քին ե­ղան յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին կեան­քի ան­խա­փան ծա­ռա­յու­թեան օ­րի­նա­կե­լի պատ­կեր։
Որ­քան որ գի­տէի զինք, եր­կար տա­րի­ներ ար­տա­քին կեր­պա­րան­քը նոյ­նը մնա­ցած էր, կար­ծես ժա­մա­նա­կը իր վրայ ազ­դե­ցու­թիւն չէր ու­նե­ցած։ ­Տա­րի­ներ ետք, որ Ա­թէն­քի մէջ զինք տե­սայ, նոյն ներ­կա­յա­նա­լի ար­տա­քի­նը պա­հած, բայց յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի բե­րու­մով ու­նե­ցած ան­հանգս­տու­թիւն­նե­րը պար­տա­ւո­րած էին զինք, որ ձեռ­նա­փայ­տի օգ­նու­թեամբ ըլ­լար, քիչ մը կքած՝ բայց ինք­զինք կա­ռա­վա­րող եւ միշտ ինք­նավս­տահ ու բարձ­րա­ճա­կատ։ Ալ տա­րի­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը նկա­տե­լի էր վրան։
Ինչ­պէս միշտ, սուրբ պա­տա­րա­գին կը հե­տե­ւէր ա­մե­նայն եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ եւ գի­տա­կից հա­ւա­տա­ցեա­լի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին հոն ուր որ ոտ­քի պէտք է կե­նալ, միշտ ոտ­քի էր, թէ­կուզ քիչ մը դէ­պի առ­ջեւ կքած եւ առ­ջե­ւի նստա­րա­նի կռնա­կին յե­նած։ Ս. ­Հա­ղոդ­րու­թեան պա­հուն, խոր­հե­լով որ պի­տի ու­զէր հա­ղոր­դո­ւիլ, իր տիկ­նոջ նշա­նով մը ը­սել ու­զե­ցի, որ ե­թէ կը փա­փա­քի ես կը մօ­տե­նամ ի­րեն, զինք չյոգ­նեց­նե­լու հա­մար։ ­Հասկ­ցայ, որ ճրա­գա­լոյ­ցի սուրբ պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին հա­ղոր­դո­ւած էր։
­Սուրբ պա­տա­րա­գի ա­ւար­տէն ետք, մօ­տե­ցայ, բա­րե­ւե­ցի եւ ու­րա­խու­թիւնս յայտ­նե­ցի, որ հա­կա­ռակ իր ֆի­զի­քա­կան վի­ճա­կին, տօ­նա­կան այս մեծ օ­րին ե­կե­ղե­ցի ե­կած է։ Եւ տա­րի­նե­րու ծա­նօ­թու­թեանս եւ իր ան­ձին նկատ­մամբ ու­նե­ցած հա­մակրան­քէս ու յար­գան­քէս մեկ­նած, ի­րեն ը­սի, «Պրն. Աշ­րեան, վնաս չու­նի, ոտ­քի կե­նա­լու պա­հե­րուն, ­Ձեր պա­րա­գա­յին հասկ­նա­լի է, որ կրնաք նստած մնալ։» ­Քա­նի որ, տա­կա­ւին մտքիս մէջ ալ թարմ էր պատ­կե­րը, Ա­ւագ ­Շաբ­թո­ւան սուրբ ա­րա­րո­ղու­թեանց պա­հե­րուն, իր­մէ ա­ւե­լի փոքր տա­րի­քով ան­ձե­րու ան­տար­բեր նստած մնա­լը, երբ բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ոտ­քի կե­ցած կ­՚ըլ­լան։ Ազ­նո­ւօ­րէն գնա­հա­տե­լով հո­գա­տար հե­տաքրք­րու­թիւնս, գո­հու­նակ շեշ­տով մը իր պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ, ԱՅՍՊԷՍ ՍՈՐՎԱԾ ԵՆՔ։
Ո՞վ պի­տի մե­ղադ­րէր զինք, ե­թէ ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին պէտք ե­ղած ա­տեն ոտ­քի կե­նա­լու փո­խա­րէն նստած մնար։ Բ­նա­կա­նա­բար, հաս­կա­ցո­ղու­թիւն պի­տի ցու­ցա­բե­րէինք, որ ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով եւ տա­րի­քի բե­րու­մով դժո­ւար է եր­կար ոտ­քի մնալ։
Ա­ռաջ­նոր­դի հան­գա­ման­քով եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ, նո­ւի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն կը զգամ դամ­բա­նա­կան խօսք ար­տա­սա­նե­լու իր մա­հո­ւան առ­թիւ, որ, դժբախ­դա­բար քո­րո­նա­յի պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով չկա­րո­ղա­ցանք ներ­կայ ըլ­լալ իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան եւ հարկ ե­ղած յար­գանքն ու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը մա­տու­ցել տի­պար մար­դուն, գի­տա­կից հա­յուն եւ պար­տա­ճա­նաչ ազ­գա­յի­նին եր­կա­րա­մեայ վաս­տա­կին նկատ­մամբ։
Իր մա­հո­ւան գու­ժը առ­նե­լէ ետք, կը ջա­նա­յի մտա­բե­րել, թէ ինչ­պէս ար­ժե­ւո­րել ու ներ­կա­յաց­նել ազ­գա­յին մը, որ իր կեան­քին ըն­թաց­քին մա­տու­ցած էր եր­կա­րա­մեայ ան­դուլ եւ ան­դա­դար ար­գա­սա­բեր ծա­ռա­յու­թիւն, ըլ­լա­լով միշտ օգ­տա­կար ներ­կա­յու­թիւն, ստանձ­նած պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց մէջ ջա­նա­դիր ըլ­լա­լու ան­թե­րի եւ դրա­կան՝ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րու մէջ։ ­Պէտք չկար եր­կար մտա­ծե­լու։ ­Սուրբ պա­տա­րա­գին իր ներ­կա­յու­թեան պատ­կե­րը եւ իր վեր­ջին խօս­քը, թէ ԱՅՍՊԷՍ ՍՈՐՎԱԾ ԵՆՔ, ինք­նին բա­ւա­րար էին ե՛ւ ըմբռ­նե­լու ե՛ւ բա­ցատ­րե­լու, որ ե­թէ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի ֆի­զի­քա­կան եւ ա­ռող­ջա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու եւ ան­հան­գիստ վի­ճակ­նե­րու մէջ կը մնար ան­թե­րի եւ միշտ գի­տա­կից, ու­րեմն ա­ւե­լի ա­ռողջ եւ աշ­խոյժ տա­րի­նե­րուն բնա­կան էր, որ նման դաս­տիա­րա­կու­թեան տէր անձ մը եր­կա­րա­մեայ բծախն­դիր եւ նա­խան­ձախնդիր ազ­գօ­գուտ ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցէր։
Ծ­նած ըլ­լա­լով ­Գա­վա­լա, իր ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը բե­րաւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մեր հա­մայնք­նե­րէն ներս, ստանձ­նե­լով պա­տաս­խա­նա­տու պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ։
­Մեծ յար­գանք եւ գնա­հա­տանք ու­նե­ցաւ նաեւ յու­նա­կան ըն­կե­րա­յին եւ գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րէն ներս, ըլ­լա­լով յար­գո­ւած եւ միշտ փնտռո­ւած յար­գար­ժան անձ, որ գե­ղեց­կօ­րէն եւ պա­տո­ւա­բե­րօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց հա­յու տի­պա­րը յու­նա­կան բո­լոր մա­կար­դա­կի շրջա­նակ­նե­րուն։ ­Գա­վա­լա­յի մէջ իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­ռի­թով, հա­կա­ռակ քո­րո­նա­յի սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն, յոյն հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­նե­րու բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թիւ­նը ցոյց տո­ւաւ նաեւ իր վա­յե­լած մեծ սէրն ու յար­գան­քը։
­Կաս­կած չկայ, որ նման անձ մը նաեւ ե­ղած ըլ­լայ սի­րե­լի ա­մու­սին, գուր­գու­րոտ հայր եւ խան­դա­կաթ մեծ­հայր։
­Հի­մա կը մտա­ծեմ, թէ ­Սար­գիս Աշ­րեան ան­ձը կազ­մա­ւո­րո­ղը ի՞նչն էր, որ զինք պա­հեց ան­շեղ եւ անա­յլայլ իր պար­տա­կա­նու­թեանց ու աշ­խա­տանք­նե­րուն բծախնդ­րու­թեան ու պար­տա­ճա­նա­չու­թեան մէջ. Ի­րեն տրո­ւած ըն­տա­նե­կան եւ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւ՞­նը, իր ապ­րած տա­րի­նե­րուն պայ­ման­ներն ու պա­րա­գա­նե՞­րը, թէ՞ իր ան­ձին նկա­րա­գիրն ու ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Վս­տա­հա­բար՝ իր նոյն­քան յար­գար­ժան ծնո­ղաց ըն­տա­նե­կան յարկն ու մթնո­լոր­տը, հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, եւ այն ժա­մա­նակ­նե­րու պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք ­Սար­գիս Աշ­րեա­նին նման հա­յու նոր սե­րուն­դի զա­ւակ­ներ պատ­րաս­տե­ցին։
Անձ­նա­կան կեան­քի ու մա­նա­ւանդ ազ­գա­յին կեան­քի մէջ սի­րե­լի եւ ար­ժա­նա­ւոր մար­դոց մա­հուան կո­րուս­տի վիշ­տը մխի­թա­րա­կան ու դար­մա­նե­լի կ­՚ըլ­լայ, ե­թէ զա­ւակ­նե­րը ի­րենց մեկ­նած ծնո­ղաց ազ­գա­յին, մարդ­կա­յին, ըն­տա­նե­կան սկզբունք­նե­րէն եւ դաս­տիա­րա­կու­թե­նէն ան­շեղ մնան ու ի­րենք ալ ի­րենց կար­գին նոյն­պէս զա­ւակ­ներ դաս­տիա­րա­կեն. եւ ազ­գա­յին կեան­քէն ան­դարձ մեկ­նող­նե­րուն տե­ղը գան նոր սե­րուն­դի զա­ւակ­ներ, ո­րոնք թէեւ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու ու պայ­ման­նե­րու մէջ, բայց ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան նոյն գի­տակ­ցու­թեամբ, ապ­րում­նե­րով եւ ո­գիով ու սկզբունք­նե­րով ծա­ռա­յա­կան կեան­քի նոյն նո­ւի­րու­մով փո­խա­րի­նեն զա­նոնք։
­Թէ այ­սօր, ներ­կայ պա­տաս­խա­նա­տու­ներս, կը յա­ջո­ղի՞նք նախ­կին­նե­րուն նման նոր ­Սար­գիս Աշրեան­ներ դաս­տիա­րա­կել կամ ոչ, ինք­նաքն­նու­թեան հրա­մա­յա­կան խնդիր է։ ­Սա­կայն մէկ բան յստակ է, որ ­Սար­գիս Աշ­րեանն ու իր սերն­դա­կից­նե­րը, հա­կա­ռակ ի­րենց ապ­րած տա­րի­նե­րու նեղ եւ ան­ձուկ պայ­ման­նե­րուն եւ ըն­կե­րա­յին դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, ազ­գա­յին կեան­քի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեանց գի­տա­կից յանձ­նա­ռու սե­րունդ ե­ղան եւ ի­րենց ստանձ­նած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ, անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րու­մով եւ ա­նայ­լայլ ու անտր­տունջ ծա­ռա­յա­սի­րու­թեամբ կա­տա­րե­ցին։
­Մենք, ազ­գա­յին կեան­քի պար­տաս­խա­նա­տուու­թեան կո­չո­ւած­նե­րը, իր մա­հո­ւան տխուր առ­թիւ, բաժ­նե­լով Աշ­րեան ըն­տա­նի­քին բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն սու­գի վիշ­տը, նո­ւի­րա­կան պարտք կը հա­մա­րենք մեր բարձր գնա­հա­տանքն ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­լու ­Սար­գիս Աշ­րեա­նին ու իր ե­րախ­տա­շատ սերն­դա­կից­նե­րուն. յար­գա­նօք կը խո­նար­հինք ի­րենց խնկե­լի վաս­տա­կին եւ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, ա­նոնց՝ ո­րոնք ամ­բողջ կեանք մը ան­պա­կաս նո­ւի­րու­մով ար­ժե­ւո­րե­ցին ը­սե­լով՝ ԱՅՍՊԷՍ ՍՈՐՎԱԾ ԵՆՔ, եւ ա­նոնց ը­սել՝

ՅԱՐԳԱՆՔ ՁԵԶ։

 

Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին