ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Եր­կու­շաբ­թի, 19 ­Փետ­րո­ւա­րին, «­Գիրք նո­ւի­րե­լու օր»ուան եւ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի ծննդեան 155-ա­նեա­կին ա­ռի­թով, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «­Թագ­ւոր եւ ­Ռո­զա Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան նոր տա­րեշր­ջա­նի ա­ռա­ջին ե­լոյ­թը՝ ընկ. ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նի գիր­քե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը։
Շ­նոր­հան­դէ­սը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան տա­րի­նե­րու նախ­կին ա­տե­նա­պետ ընկ. Մկր­տիչ Մկ­տի­չեան, Կ.Կ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցի ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Գերպ. ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. ­Պէ­զա­զեան, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ շարք մը գրա­սէր­ներ։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ, Հ.Կ.­­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ ազգ. վար­ժա­րա­նի նախ­կին տնօ­րէն եւ «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազգ. նա­խակրթա­րա­նի տնօ­րէն, սի­րո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն, ընկ. ­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեա­նի կո­րուս­տի ծանր ստուե­րին տակ։ ­Հան­գու­ցեա­լին յի­շա­տա­կը յար­գո­ւե­ցաւ մէկ վայր­կեա­նի յոտն­կայս լռու­թեամբ։
Ընկ. ­Ժագ ­Տա­մա­տեան, ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րուն, հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցուց եր­կու գիր­քե­րը.
«Μνήμες μιας ζωής (­Կեան­քի մը յու­շեր)», ոը չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր հե­ղի­նա­կի կեն­սագ­րա­կան դրո­ւագ­նե­րով, այլ ըն­թեր­ցո­ղը կը ստա­նայ հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ՝ թէ՛ կրե­տա­հայ կեան­քէն թէ՛ ­Հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ:
­Յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած «­Սի­լիհ­դա­րի պար­տէզ­նե­րը», ո­րուն հե­ղի­նա­կը՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան, «ֆե­մի­նիստ հա­յու­հի մըն է, միակ կի­նը որ նե­րա­ռո­ւած է Ապ­րիլ 24-ի ­Պո­լի­սի հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ցան­կին մէջ»։ Փր­կո­ւե­ցաւ ­ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, բայց զոհ գնաց սթա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն։
­Հա­մադ­րո­ղը, ամ­բող­ջաց­նե­լով իր խօս­քը, տե­ղե­կա­ցուց, որ 2018-ին, «­Կի­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան» ա­ռի­թով, ­Փա­րի­զի մէջ ծա­ռու­ղի մը կ­՚ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւի` «Ա­նո­ւա­նի հայ կին գրող, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ագ­տի­վիստ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի» ա­նու­նով:  2021-ին, իր երկ­նա­յին տա­րե­դար­ձին` 4 ­Փետ­րո­ւա­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ իր ա­նու­նը կրող փո­ղո­ցին պա­տի մը վրայ, յայտ­նո­ւե­ցաւ իր դի­ման­կա­րը եւ յա­ջորդ տա­րին Պ­ռո­շեան գիւ­ղին մէջ տե­ղադ­րո­ւե­ցաւ իր ար­ձա­նը։
Ա­պա «­Սի­լիհ­դա­րի պար­տէզ­նե­րը» գիր­քին հա­մար խօ­սե­ցաւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան։ Իր հա­կիրճ ու գե­ղե­ցիկ խօս­քով ընդգծեց յա­տուկ ար­ժէք­նե­րը, որ կ­՚ար­տա­ցո­լէ այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, կա­պուած նաեւ հայ կնոջ դիր­քին հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ եւ իր պայ­քա­րին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան վեր­ջին ժա­մա­նա­կին։
­Յա­ջոր­դա­բար` յու­նա­հայ բա­նաստեղծ, թարգ­մա­նիչ եւ ման­րան­կա­րիչ Եոր­ղոս ­Խա­վու­ցաս ներ­կա­յա­ցուց իր լայ­նա­ծա­ւալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գիր­քին մա­սին։ «­Զա­պէլ Ե­սա­յեան կը գրէ իր յու­շե­րուն հա­մար, որ ու­նե­ցած է իբ­րեւ ե­րե­խայ Ս­գու­թա­րիին, մենք ալ կրնանք միայն մտա­ծել որ, իս­կա­պէս, մեր կեան­քին միակ ու ի­րա­կան Դ­րախ­տը կը գտնո­ւի մեր ման­կու­թեան մէջ»։
Իր կեան­քին մէջ` գլխա­ւոր դեր խա­ղա­ցած էր հայ­րը. սրտա­բաց, շռայ­լու­թեան աս­տի­ճա­նի հիւ­րա­սի­րող, մար­դա­մօտ ա­ռանց ազ­գու­թեան ու կրօն­քի խտրա­կա­նու­թեան, խրա­խու­սեց իր սի­րե­լի դուստ­րը, որ­պէս­զի զար­գա­նայ, նե­ցուկ կանգ­նե­լով հան­դերձ իր ա­զա­տա­տենչ գա­ղա­փար­նե­րուն։ ­Կը  նկա­տէր որ «չկան լաւ եւ վատ ժո­ղո­վուրդ­ներ, այլ լաւ եւ վատ մար­դեր»։
­Գիր­քին է­ջե­րուն ընդ­մէ­ջէն կ’ար­տա­ցո­լանն հե­տաքրք­րա­կան դրուագ­ներ պոլ­սա­հայ կեան­քէն, ուր ակն­յայտ են տար­բե­րու­թիւն­նե­րը վեր­նա­խա­ւի եւ ցած դա­սա­կար­գե­րու պատ­կա­նող ան­ձե­րուն մի­ջեւ։
«­Ներ­քին պա­ռակ­տու­մը շատ տխուր ե­րե­ւոյթ մըն է ին­ծի հա­մար։ Դժ­բախ­տա­բար, յոյ­նե­րը եւ հա­յե­րը շատ նման են այս կէ­տին», շա­րու­նա­կեց բա­նա­խօ­սը։ «­Վա­խով կը հան­գիմ դէ­պի այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ ինչ որ լաւ ու վատ ու­նին այս եր­կու եղ­բայ­րա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կը բխի միայն այս պա­ռակ­տու­մէն»։
­Յա­տուկ պահ մը` յի­շա­տա­կու­մը մեր բո­լո­րէն սի­րո­ւած ­Յով­սէփ Այ­վա­զեա­նին. «մեր մտե­րիմ ըն­տա­նե­կան ըն­կեր, որ իր մե­լա­նուշ ձայ­նով իւ­րա­յա­տուկ խորհր­դա­ւո­րու­թիւն կը ներշն­չէր ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։
Ին­ծի կը պատ­մէր թէ որ­քան խան­դա­վա­ռո­ւած էր ժա­մա­նե­լով ա­ռա­ջին ան­գամ ­Հա­յաս­տան. «բո­լո­րը կը խօ­սին հա­յե­րէն»։ ­Սա­կայն` մեր բա­րի ­Յով­սէ­փը կ’ը­սէր, որ կա­մաց կա­մաց սկսաւ պար­զել որ հոն ալ կան վատ մար­դիկ»։
­Զա­պէլ Ե­սա­յեան, որ ե­ղած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­կիր, գրեց «­Սի­լիհ­դա­րի պար­տէզ­նե­րը» ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տա­նին մէջ, կար­ծես ու­զե­լով կա­պել իր ան­ցեա­լը եւ ա­պա­գա­յի ե­րա­զանք­նե­րը։
Սա­կայն այն ա­տեն կը տի­րէր Ս­թա­լի­նի սար­սա­փի մթնո­լոր­տը, երբ որ հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ հա­լա­ծո­ւե­ցան եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը նկա­տո­ւե­ցան «ժո­ղո­վուր­դին
թշնա­մի­ներ»։
«Այս­պէս` 1937 թո­ւա­կա­նի ա­ռա­ւօտ մը, Ա­բո­վեան փող. թիւ 62 հաս­ցէին, ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեանն ալ։ ­Նա­խորդ օ­րը` «Գ­րող­նե­րու միու­թեան» ար­տա­սա­նած խօս­քը հա­ւա­նա­նա­բար հա­ճե­լի չէր խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թեան եւ հան­դի­սա­ցաւ ա­ռիթ ու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն կա­լա­նա­ւո­րե­լու հա­մար զինք։ Իր դուստ­րին վկա­յու­թեան հա­մա­ձայն` կ­՚ե­րե­ւի որ ինք հան­գիստ էր այդ պա­հուն, սա­կայն հե­ռա­նա­լով տու­նէն ֆրան­սե­րէ­նով թա­քուն ը­սաւ ի­րեն՝ «մեծ վտան­գի մէջ կը գտնուիմ»։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, չենք գի­տեր ու՞ր, ե՞րբ եւ ինչ­պէ՞ս մա­հա­ցաւ…»։
­Վա­խի պատ­ճա­ռով, ան­գամ թոռ­ներն ու ազ­գա­կան­նե­րը չէին կրնար խօ­սիլ իր մա­սին, իսկ Ե­րե­ւա­նի մէջ իր ա­նու­նը ան­ցաւ մո­րա­ցու­թեան։
Ա­ւար­տե­լով իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, բա­նա­խօ­սը մտա­բե­րեց ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի մէջ­բե­րում մը. «­Կը նկա­տեմ, որ գրա­կա­նու­թիւ­նը պար­զա­պէս գե­ղե­ցիկ զար­դա­րանք մը չէ, այլ մի հզօր զէնք կամ մի­ջոց պայ­քա­րե­լու հա­մար ա­մէն տե­սա­կի ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու դէմ»։
­Մի­ջո­ցառ­ման վեր­ջին խօս­քը կը պատ­կա­նա­կէր հե­ղի­նակ ու թարգմա­նիչ ընկ. ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նին, ո­րուն որ­ծու­նէու­թիւ­նը ծա­նօթ է բո­լո­րիս, թէ՛ միու­թե­նա­կան, թէ՛ գրա­կան գետ­նի վրայ` բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով, գիր­քե­րով ու թարգ­մա­նու­թիւ­նե­րով ­Հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ, ինչ­պէս նաեւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի է­ջե­րուն մէջ։
«­Գիր­քին ա­ռա­ջին է­ջե­րէն, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան պարզ ու սա­հուն լե­զուով մեզ կը տե­ղա­փո­խէ իր ման­կա­կան տա­րի­քին ապ­րած 19-րդ ­դա­րի Ս­գու­թա­րի, ուր­տեղ հա­յեր, յոյ­ներ եւ թուր­քեր կ­՚ապ­րէին կողք կող­քի», նշեց։ «­Բիւ­րեղ ու զգա­յուն աղջ­նա­կին մէ­ջէն, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը վե­րա­ծո­ւի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով լի պա­տա­նիի մը, մեր առ­ջե­ւէն մեծ մա­սամբ կ­՚անց­նի ­Պո­լի­սի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ա­ռօ­րեան եւ պատ­մու­թիւ­նը»։
Ապ­րե­լով հայ մշա­կոյ­թի վե­րածնուն­դին ա­տեն, կը հա­կա­ռա­կի ա­նար­դա­րու­թեան։ ­Վա­յե­լե­լով հօր մշտա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, կը յաղ­թա­հա­րէ պահ­պա­նո­ղա­կան մթնո­լոր­տի խո­չըն­դոտ­նե­րը։ 1895-ին, 17 տա­րե­կան հա­սա­կին, ե­ղած է ա­ռա­ջին հա­յու­հի­նե­րէն որ ու­սա­նե­ցաւ ար­տա­սահ­ման, գրա­կա­նու­թիւն եւ փի­լի­սո­փա­յու­թիւն ­Փա­րի­զի հռչա­կա­ւոր ­Սոր­պո­նիի ­Հա­մալ­սա­րա­նին։ 1915-ին կ­՚անց­նի ­Պուլ­կա­րիա, ա­պա ­Կով­կաս։ Այն­տեղ` կանգ­նե­լով ճո­ղոպ­րած հա­յե­րուն կող­քին, կ­՚ար­ձա­նագ­րէ ա­նոնց վկա­յու­թիւն­նե­րը թրքա­կան վա­րա­գու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։ 1918-ին կը գտնուի ­Մի­ջին Ա­րե­ւելք, մաս­նակ­ցե­լով որ­բե­րուն ու գաղ­թա­կան­նե­րուն հաս­տատ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Դառ­նա­լով ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի կողմ­նա­կից, 1933-ին կը տե­ղա­փո­խո­ւի Ե­րե­ւան։ Ս­թա­լի­նեա մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն ա­տեն են­թար­կո­ւե­լով չար­չա­րանք­նե­րու կը փո­խադ­րո­ւի բան­տէ բանտ, կ­՚աք­սո­րո­ւի ­Սի­պիր, ուր հա­ւա­նա­նա­բար կ­՚ըլ­լայ խեղ­դա­մահ։
Գ­րո­ղը խօ­սե­լով «Μνήμες μιας ζωής» գիր­քին մա­սին, ար­տա­սա­նեց հե­տե­ւալ տո­ղե­րը.
«Անձ­նա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը միշտ կը գտնո­ւին այդ նուրբ գի­ծին վրայ, յու­շի ու ա­ւան­դու­թեան մի­ջեւ։ Ա­մէն մի ան­մի­ջա­կան վկա­յու­թիւն որ չի ար­ձա­նագ­րո­ւիր, յա­ւերժ կը կոր­սո­ւի։ Ը­սո­ւած պատ­մու­թիւն մը կը հան­դի­սա­նայ ապ­րած կեանք մը»։
Շ­նոր­հան­դէ­սի վեր­ջին բա­ժի­նին, ընկ. ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նի հար­ցազ­րոյ­ցը TV100 յու­նա­կան հե­ռուս­տաա­լի­քին, Ս­թե­լիոս ­Լու­գաս լրագրո­ղին։ ­Յի­շեց, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 50-ա­մեա­կին, երբ որ 17 տա­րե­կան էր, դպրո­ցի տնօ­րէ­նին թոյլ­տո­ւու­թեամբ խօ­սե­ցաւ Ե­ղեռ­նի մա­սին մօտ 1000 ա­շա­կերտ­նե­րու առ­ջեւ։
Ա­պա խօսք ե­ղաւ թուրք-կիպ­րա­ցի լրագ­րող ­Շե­ներ ­Լե­վենթ, որ ը­սած է «մենք ա­ռաջ թուրք ենք, ա­պա մարդ» եւ փա­րի­զաբ­նակ թրքու­հի գրող «Ո­րով­հե­տեւ ­Հայ էին» գիր­քին հե­ղի­նակ ­Փի­նար ­Սե­լեք, ագ­տի­վիստ­նե­րուն մա­սին։
­Հա­ղոր­դու­մը փա­կո­ւե­ցաւ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի ա­մե­նա­ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան աս­մուն­քով, յու­նա­րէ­նով հա­ղոր­դա­վա­րէն եւ հա­յե­րե­նով ընկ. ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նի կող­մէն.
«­Մենք քիչ ենք, սա­կայն մեզ ­Հայ են ա­սում…»։
Իս­կա­պէս ներ­կա­ներս շատ բա­ներ ի­մա­ցանք, ստա­նա­լով հո­գե­կան գո­հու­նա­կու­թիւն։

­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից