Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ­Ժը­նե­ւի Մ.Ա.Կ.ի գրա­սե­նեա­կի եւ այլ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ­Զո­ւիր­ցե­րիոյ մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի նստա­վայ­րին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը:
­Հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ Է­դուարդ ­Նալ­բան­դեա­նի եւ Էլ­մար ­Մա­մե­տեա­րո­վի, ինչ­պէս նաեւ՝ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Ի­կոր ­Փո­փո­վի (­Ռու­սիա), Էնտ­րու ­Շո­ֆը­րի (­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ), Ս­թե­ֆան ­Վիս­քոն­թիի (Ֆ­րան­սա) եւ Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ ­Քասփր­չի­քի մաս­նակ­ցու­թեամբ:
­Հան­դի­պու­մէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ նա­խա­գահ­նե­րուն ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը:
Ե.Ա.Հ.Կ. մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թե­նէն կը տե­ղե­կաց­նեն, թէ հան­դի­պու­մէն ետք յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծած են Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը:
­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշուի.-
«­Հան­դի­պու­մը ­Ժը­նե­ւի մէջ ան­ցած է կա­ռու­ցո­ղա­կան մթնո­լոր­տի մէջ:
«­Նա­խա­գահ­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած են մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կե­լու՝ աշ­խու­ժաց­նե­լու բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թը, եւ յա­ւե­լեալ քայ­լե­րու նա­խա­ձեռ­նե­լու՝ թու­լաց­նե­լու հա­մար լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը շփման գի­ծին վրայ:
«­Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նած են ուղ­ղա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան եր­կար դա­դա­րէ ետք: ­Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը մնան պատ­րաստ՝ աշ­խա­տե­լու կող­մե­րուն հետ, հաս­նե­լու ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի խա­ղաղ, բա­նակ­ցո­ւած լուծ­ման: Իբ­րեւ յա­ջորդ քայլ` հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի կազ­մա­կեր­պեն աշ­խա­տան­քա­յին խորհրդակ­ցու­թիւն­ներ նա­խա­րար­նե­րուն հետ»:
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մին հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նի եւ Էլ­մար ­Մա­մե­տեա­րո­վի, ինչ­պէս նաեւ՝ ԵԱՀԿ ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն եւ Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին մաս­նակ­ցու­թեամբ:
­Հան­դի­պու­մէն ետք տե­ղի ու­նե­ցած է նա­խա­գահ­ներ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը:
Քն­նար­կո­ւած են ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի խա­ղաղ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: ­Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք` նա­խա­գահ­նե­րը հա­մա­ձայ­նած են մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կե­լու բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը աշ­խու­ժաց­նե­լու եւ յա­ւե­լեալ քայ­լեր կա­տա­րե­լու սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը նո­ւա­զեց­նե­լու նպա­տա­կով:
­Ժը­նե­ւի մէջ` ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ­Հա­մա­դաշ­նու­թեան մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տան յար­կին տակ, նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ զո­ւի­ցե­րա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին իր նե­րա­ծա­կան խօս­քին մէջ նաեւ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հին հետ բա­նակ­ցու­թեանց ար­դիւնք­նե­րը:
«­Քա­նի մը վայր­կեան ա­ռաջ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հին հետ հան­դի­պու­մը ա­ւար­տե­ցաւ. ո­րե­ւէ յստակ հա­մա­ձայ­նու­թիւն, այս­պէս ը­սած, չու­նինք խնդի­րի լուծ­ման տար­բե­րակ­նե­րուն մա­սին: ­Բայց հա­մա­ձայ­նած ենք, որ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կենք՝ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ալ ա­ւե­լի մեղ­մաց­նե­լու, որ­պէս­զի ա­ռաջ­նա­գի­ծին վրայ չու­նե­նանք զո­հեր: ­Պէտք է ը­սեմ` ե՛ւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը, ե՛ւ ես խո­րա­պէս շա­հագրգ­ռո­ւած ենք ա­տով:
«­Տա՜յ Աս­տո­ւած, որ միշտ այդ­պէս կար­ծէ: Ան ալ շատ լաւ կը հասկ­նայ խնդի­րին բար­դու­թիւ­նը, բնա­կա­նա­բար՝ ես ալ, բայց խնդի­րը այն­պի­սին է, որ դիւ­րին լու­ծում եր­բեք պի­տի չըլ­լայ:
­«Սա­կայն, մէկ հար­ցով ալ կ­՛ու­զեմ, որ բո­լորդ վստահ ըլ­լաք` մե­զի հա­մար չկայ լու­ծում, որ կրնայ ո­րե­ւէ ձե­ւով խա­թա­րել ­Ղա­րա­բա­ղի անվ­տան­գու­թիւ­նը: ­Մե­զի հա­մար միակ լու­ծու­մը այն է, որ ­Ղա­րա­բա­ղը ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նէն դուրս:
«Եր­բեւէ ոե­ւէ հայ ղե­կա­վար չի կրնար ըն­դու­նիլ այդ­պի­սի ո­րո­շում եւ ի­րա­կա­նաց­նել, եւ ա­տոր հա­մար մենք ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք` զու­գա­հեռ զար­գաց­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նը, տնտե­սա­պէս ամ­րապն­դե­լով մեր եր­կի­րը»,- ը­սած է հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը: